Mark 10

Յիսուս ապահարզանի դէմ կը խօսի
(Մտ 5.31-3219.1-9Ղկ 16.18)

1Յիսուս հոնկէ ելլելով՝ եկաւ Հրէաստանի սահմանները, Յորդանան գետին դիմացի կողմը, եւ դարձեալ ժողովուրդը խռնուեցաւ իր շուրջ, եւ ինք իր սովորութեան համաձայն նորէն անոնց կ՚ուսուցանէր։
2Փարիսեցիները Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.
– Մեր Օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու։
3Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի։
4Անոնք պատասխանեցին.
– Մովսէս մեզի արտօնութիւն տուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն։
5Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Մովսէս ձեր խստասրտութեա՛ն պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց։ 6Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. 7«Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, 8եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ 9Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց։
10Տան մէջ աշակերտները դարձեալ նոյն նիւթին շուրջ հարցուցին Յիսուսի։ 11Անիկա պատասխանեց.
– Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ առաջինին դէմ։ 12Կինն ալ, եթէ իր ամուսինէն արձակուելէն ետք ուրիշի մը հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ։

Յիսուս կ՚օրհնէ մանուկները
(Մտ 19.13-15Ղկ 18.15-17)

13Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռքը դնէ անոնց վրայ, բայց աշակերտները սաստեցին բերողները։ 14Երբ Յիսուս տեսաւ, բարկացաւ եւ սաստեց աշակերտները, ըսելով.
– Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը։ 15Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ արքայութիւնը չ՚ընդունիր փոքրիկ մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ։
16Ապա գրկեց զանոնք եւ ձեռքը դնելով անոնց վրայ՝ օրհնեց զանոնք։

Մեծահարուստ մարդը
(Մտ 19.16-3020.16Ղկ 13.3018.18-30)

17Հազիւ Յիսուս հոնկէ ճամբայ կ՚ելլէր, ահա մեծահարուստ մարդ մը վազելով եկաւ իր մօտ, ծունկի եկաւ եւ հարցուց.
– Բարի՛ Վարդապետ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։
18Յիսուս ըսաւ անոր. – Ինչո՞ւ զիս բարի կը կոչես։ Միայն Աստուածբարի է։ 19Պատուիրանները գիտես. «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, ուրիշին իրաւունքը մի՛ յափշտակեր, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ»։
20Անիկա պատասխանեց։
– Վարդապե՛տ, այդ բոլորը պատանութենէս ի վեր պահած եմ, հետեւաբար ալ ի՞նչ կը պակսի ինծի։
21Յիսուս սիրով աչքերը յառեց անոր եւ ըսաւ. – Մէկ բան տակաւին պէտք է ընես։ Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ՝ գնա՛, ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտիունենաս, եւ յետոյ ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ ինծի։
22Երիտասարդը երբ ասիկա լսեց, խոժոռեցաւ եւ տրտում–տխուր գնաց, որովհետեւ շատ հարուստ էր։ 23Յիսուս չորս կողմը նայելով՝ ըսաւ աշակերտներուն.
– Որքա՜ն դժուար է հարստութիւն ունեցողներուն համար՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։
24Աշակերտները այս խօսքերուն վրայ զարմացան, բայց Յիսուս շարունակեց եւ ըսաւ.
– Որդեակներ, որքա՜ն դժուար է հարստութեան վրայ յոյս դնողներուն համար՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ 25Շատ աւելի դիւրին է որ պարանը ասեղի ծակէն մտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը։
26Աշակերտները ա՛լ աւելի զարմացան եւ իրարու ըսին.
– Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ։
27Յիսուս նայեցաւ անոնց եւ ըսաւ.
– Մարդոց համար ատիկա անկարելի է, բայց ո՛չ Աստուծոյ համար. որովհետեւ ամէն ինչ կարելի է Աստուծոյ համար։
28Ասոր վրայ Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.
– Ահա մեր ամբողջ ունեցածը ձգեցինք եւ հետեւեցանք քեզի։
29Յիսուս անոր ըսաւ.
– Վստա՛հ եղէք, ով որ կը ձգէ տուն, եղբայրներ, քոյրեր, հայր, մայր, զաւակներ եւ ագարակներ՝ ինծի համար կամ Աւետարանին համար, 30ներկայ կեանքին մէջ հարիւրապատիկ տուներ, եղբայրներ, քոյրեր, մայրեր, զաւակներ եւ ագարակներ պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ հալածանքներ պիտի կրէ, եւ գալիք աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։ 31Շատեր որոնք հիմա առաջին են՝ վերջին պիտի ըլլան, եւ շատ մը վերջին եղողներ՝ առաջին։

Յիսուս երրորդ անգամ կը խօսի իր մահուան եւ յարութեան մասին
(Մտ 20.17-19Ղկ 18.31-34)

32Յիսուս եւ իր աշակերտները ճամբայ ելած էին Երուսաղէմ երթալու համար։ Յիսուս անոնցմէ առաջ անցած կ՚երթար, եւ իր աշակերտները զարմացած էին, իսկ անոնց հետեւող մարդիկը կը վախնային։ Յիսուս տասներկու աշակերտները դարձեալ մէկ կողմ առնելով՝ սկսաւ անոնց ըսել ինչ որ իրեն պիտի պատահէր։
– 33Ահա Երուսաղէմ կ՚երթանք,– ըսաւ,– ուր Մարդու Որդին պիտի մատնուի աւագ քահանաներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ձեռքը, որոնք զինք մահուան պիտի դատապարտեն եւ ապա հեթանոսներուն ձեռքը յանձնեն։ 34Անոնք պիտի ծաղրեն զինք, ծեծեն, թքնեն վրան եւ սպաննեն, բայց երեք օր ետք անիկա յարութիւն պիտի առնէ։

Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի խնդրանքը
(Մտ 20.20-28Ղկ 22.25-27)

35Յակոբոսն ու Յովհաննէսը՝ Զեբեդէոսի որդիները, Յիսուսի մօտենալով՝ սկսան միասին քալել եւ ըսին Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, կ՚ուզենք որ մեր խնդրանքը կատարես։
36Յիսուս հարցուց.
– Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ ձեզի։
37Անոնք պատասխանեցին.
– Երբ թագաւորութեանդ փառքի գահին նստիս, շնորհէ՛ որ մենք քու աջ եւ ձախ կողմդ նստինք։
38Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ուզէք։ Կրնա՞ք խմել տառապանքի այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ, կամ կրնա՞ք յանձն առնել այն մկրտութիւնը, որով ես պիտի մկրտուիմ։
– 39Կրնա՛նք,– պատասխանեցին անոնք։
Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Արդարեւ դուք պիտի խմէք այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ եւ մկրտուիք այն մկրտութեամբ, որով ես պիտի մկրտուիմ, 40բայց իմ աջ եւ ձախ կողմս նստեցնելու իրաւունքը իմս չէ, այլ այդ տեղերը պիտի տրուին անոնց՝ որոնց համար պատրաստուած են։
41Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին ասիկա, սկսան բարկանալ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի վրայ։ 42Յիսուս զանոնք իր մօտ կանչեց եւ ըսաւ.
– Գիտէք որ ազգերու իշխան նկատուածները կը տիրեն իրենց հպատակներուն վրայ եւ ղեկավարները կ՚իշխեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ։ 43Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ՛ ըլլայ։ Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր բոլորին սպասաւորը ըլլայ, 44եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է բոլորին ծառան ըլլայ, 45որովհետեւ Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու։

Կոյր Բարտիմէոսի բժշկութիւնը
(Մտ 20.29-34Ղկ 18.35-43)

46Երիքով եկան։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն եւ մեծ բազմութեան մը հետ դուրս կու գար Երիքովէն, Տիմէի որդին՝ Բարտիմէոսը, որ կոյր մուրացկան մըն էր, ճամբու եզերքին նստած էր։ 47Երբ լսեց որ անցնողը Նազովրեցի Յիսուսն է, սկսաւ աղաղակել.
– Դաւիթի՛ Որդի, Յիսո՜ւս, ողորմէ՛ ինծի։
48Շատեր սաստեցին զայն որ լռէ, իսկ անիկա աւելի բարձր ձայնով կ՚աղաղակէր.
– Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՛ ինծի։
49Յիսուս կանգ առաւ եւ հրամայեց իրեն բերել կոյրը։ Անոնք կանչեցին կոյրը եւ ըսին.
– Քաջալերուէ՛, ե՛լ, քեզ կը կանչէ։
50Անիկա վերարկուն նետեց, ոտքի ցատկեց եւ Յիսուսի մօտ եկաւ։ 51Յիսուս հարցուց անոր.
– Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ քեզի։
Կոյրը պատասխանեց.
– Վարդապե՛տ, կ՚ուզեմ որ աչքերս բացուին։
52Յիսուս ըսաւ.
– Գնա՛, հաւատքդ քեզ բժշկեց։
Անմիջապէս անոր աչքերը բացուեցան եւ ճամբու ընթացքին Յիսուսի կը հետեւէր։