Mark 12
Չար մշակներուն առակը
(Մտ 21.33-46, Ղկ 20.9-19)
1Յիսուս սկսաւ առակներով խօսիլ ժողովուրդինեւ ըսաւ.
– Մէկը այգի մը տնկեց, չորս կողմէն ցանկապատեց, հնձանի համար փոսը փորեց, աշտարակ մըն ալ շինեց եւ զայն վարձու տուաւ մշակներու, իսկ ինք ուրիշ երկիր գնաց։ 2Այգեկութքի ժամանակ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն մօտ, որպէսզի այգիի բերքէն իր բաժինը առնէ մշակներէն։ 3Մշակները ծառան բռնեցին, ծեծեցին եւ ձեռնունայն ետ ղրկեցին։ 4Ապա ուրիշ ծառայ մը ղրկեց. բայց մշակները անոր գլուխը վիրաւորեցին եւ անպատուելով ետ ղրկեցին։ 5Ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց, եւ այս անգամ մշակները սպաննեցին զայն։ Այգիին տէրը ուրիշ ծառաներ ալ ղրկեց, սակայն մշակները անոնցմէ ոմանք ծեծեցին եւ ոմանք ալ սպաննեցին։
6Այգիին տիրոջ համար միակ անձը որ կը մնար՝ իր սիրելի որդին էր։ Ամենէն վերջը զայն ղրկեց մշակներունմօտ, մտածելով. «Թերեւս իմ որդիէս պատկառին»։ 7Բայց մշակները երբ տեսան որդին, որ կու գայ, իրարու ըսին. «Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք սպաննենք զայն, որպէսզի ժառանգութիւնը մեզի մնայ»։ 8Ապա բռնեցին զայն, սպաննեցին եւ դիակը այգիէն դուրս նետեցին։ 9Հիմա, այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ մշակներուն։ Անշուշտ պիտի գայ, սպաննէ մշակները եւ այգին յանձնէ ուրիշներու։ 10Արդարեւ, Սուրբ գիրքերուն մէջ չէ՞ք կարդացած.–
«Այն քարը որ շինողները մերժեցին գործածել,
յետոյ անկիւնաքար եղաւ։
11Ասիկա Տէրը կատարեց,
ու մեր աչքերուն սքանչելի է»։
12Հրեայ ղեկավարները հասկնալով որ իրենց համար ըսաւ առակը, ուզեցին ձերբակալել Յիսուսը, բայց ժողովուրդէն վախնալով ձգեցին գացին։
Տուրք վճարելու հարցը
(Մտ 22.15-22, Ղկ 20.20-26)
13Ապա անոնք Յիսուսի ղրկեցին քանի մը Փարիսեցիներ եւ Հերովդէսի կողմնակիցներ, որպէսզի իրենց հարցումներով զայն ծուղակը ձգեն։ 14Անոնք նենգամըտաբար հարցուցին Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, գիտենք որ ճշմարտախօս մէկն ես եւ բնաւ հոգ չես ըներ թէ ուրիշներ ի՛նչ կ՚ըսեն, որովհետեւ աչառութիւն չես ըներ, այլ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ կամքը կ՚ուսուցանես։ Արդ, ըսէ՛ մեզի, մեր Օրէնքին համաձայն պէ՞տք է կայսրին տուրք տանք, թէ ոչ։ Տա՞նք թէ չտանք։
15Յիսուս հասկցաւ անոնց կեղծաւորութիւնը եւ ըսաւ.
– Կեղծաւորնե՛ր, ինչո՞ւ կը փորձէք զիս։ Բերէ՛ք ինծի արծաթ դրամ մը, որ տեսնեմ։
16Անոնք ալ բերին։ Ապա հարցուց.
– Ասիկա որո՞ւն նկարն ու արձանագրութիւնն է։
Անոնք պատասխանեցին.
– Կայսրին։
17Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Գացէք եւ ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք։
Եւ բոլորն ալ հիացան իր վրայ։
Յարութեան հարցը
(Մտ 22.23-33, Ղկ 20.27-40)
18Սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ։ Սադուկեցիները կ՚ըսեն՝ թէ մեռելներու յարութիւն չկայ։ Անոնք Յիսուսի ըսին.
– 19Վարդապե՛տ, Մովսէս հետեւեալ օրէնքը գրեց մեզի. «Եթէ ամուսնացած մէկը մեռնի առանց զաւակ ձգելու, թող մարդուն եղբայրը ամուսնանայ այրիին հետ, որպէսզի իր եղբօրը զաւակ տայ»։ 20Ժամանակին մեր մօտ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը ամուսնացաւ եւ մեռաւ առանց զաւակ ձգելու։ 21Երկրորդ եղբայրը ամուսնացաւ անոր կնոջ հետ եւ մեռաւ՝ առանց զաւակ ձգելու։ Երրորդն ալ, 22եւ մինչեւ եօթներորդ եղբայրը նոյնպէս ամուսնացան այդ կնոջ հետ եւ մեռան առանց զաւակ ձգելու։ Բոլորէն վերջ կինն ալ մեռաւ։ 23Արդ, մեռելներու յարութեան օրը, երբ անոնք յարութիւն առնեն, կինը անոնցմէ որո՞ւն պիտի պատկանի, քանի եօթն ալ ամուսնացան անոր հետ։
24Յիսուս պատասխանեց.
– Գիտէ՞ք ինչու դուք մոլորած էք։ Մոլորած էք՝ որովհետեւ չէք հասկնար ո՛չ Սուրբ գիրքերը եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը։ 25Երբ մեռելները յարութիւն առնեն, մարդիկ եւ կիներ պիտի չամուսնանա՛ն, այլ երկինքի հրեշտակներուն նման պիտի ըլլան։ 26Իսկ մեռելներու յարութիւն առնելուն մասին Մովսէսի գիրքին մէջ չէ՞ք կարդացած այրող մորենիին դրուագը։ Հոն Աստուած Մովսէսի ըսաւ. «Ե՛ս եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը»։ 27Կը նշանակէ թէ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ՛, այլ ողջերուն։ Ուստի, դուք չափազանց մոլորած էք։
Կարեւորագոյն պատուիրանը
(Մտ 22.34-40, Ղկ 10.25-28)
28Օրէնքի ուսուցիչ մը լսելով անոնց վիճաբանութիւնը, մօտեցաւ եւ տեսնելով թէ ի՛նչպէս Յիսուս լաւ պատասխանեց անոնց, հարցուց Յիսուսի.
– Ո՞րն է կարեւորագոյն պատուիրանը։
29Յիսուս պատասխանեց.
– Կարեւորագոյն պատուիրանը հետեւեալն է. «Լսէ՛, Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը միակ Տէրն է»։ 30Եւ «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մտքովդ եւ ամբողջ զօրութեամբդ»։ 31Երկրորդը, որ ասոր նման է, ասիկա է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Այս երկուքէն աւելի մեծ պատուիրան չկայ։
32Օրէնքի ուսուցիչը ըսաւ.
– Ճի՛շդ է, Վարդապե՛տ, ուղիղ ըսիր՝ թէ Աստուած միակ Տէրն է եւ անկէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, 33եւ պէտք է սիրել զայն ամբողջ սրտով, ամբողջ զօրութեամբ եւ ամբողջ մտքով, ինչպէս նաեւ սիրել ընկերը՝ անձին պէս, որովհետեւ ասիկա շատ աւելի կ՚արժէ քան բոլոր ողջակէզներն ու զոհերը։
34Յիսուս տեսնելով անոր տուած խելացի պատասխանը, ըսաւ.
– Աստուծոյ արքայութենէն հեռու չե՛ս։
Եւ այլեւս ոչ ոք կը համարձակէր հարցում ընել Յիսուսի։
Որո՞ւն որդին է Քրիստոս
(Մտ 22.41-46, Ղկ 20.41-44)
35Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցանելու ընթացքին հարցուց ժողովուրդին.
– Օրէնքի ուսուցիչները ի՞նչպէս կ՚ըսեն՝ թէ Քրիստոս Դաւիթի Որդին է, 36երբ Դաւիթ ինք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ կ՚ըսէ.–
«Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս.– Աջ կողմս նստէ, մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։
37Եթէ Դաւիթ զայն տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս ուրեմն Քրիստոսը անոր որդին է։
Զգուշացէք Օրէնքի ուսուցիչներէն
(Մտ 23.1-12, Ղկ 11.43, 20.45-47)
Ժողովուրդը հաճոյքով մտիկ կ՚ընէր Յիսուսի, 38որ իր ուսուցումները շարունակելով՝ կ՚ըսէր. – Զգո՛յշ եղէք Օրէնքի ուսուցիչներէն, որոնք կը սիրեն փառաւոր զգեստներով շրջիլ, հրապարակներու վրայ մարդոցմէ յարգալիր բարեւներ ընդունիլ, 39ժողովարաններու մէջ առաջին աթոռները գրաւել եւ ընթրիքներու ընթացքին՝ պատուոյ տեղերը։ 40Մէկ կողմէ այրիներուն տուները անոնց ձեռքէն կը յափշտակեն, իսկ միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ իրենց աղօթքը կ՚երկարեն։ Ասոր համար աւելի՛ խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունին։
Այրի կնոջ լուման
(Ղկ 21.1-4)
41Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ։ Շատ մը հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին։ 42Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ, որ քանի մը դահեկան կ՚ընէ։ 43Յիսուս մօտը կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց. – Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, 44որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը։