Mark 13
Տաճարի աւերումին մասին
(Մտ 24.1-2, Ղկ 21.5-6)
1Մինչ Յիսուս տաճարէն դուրս կ՚ելլէր, աշակերտներէն մէկը ըսաւ.
– Վարդապե՛տ, տե՛ս, ի՜նչ գեղեցիկ քարեր են եւ ի՜նչ հոյակապ շինութիւն։
2Յիսուս պատասխանեց.
– Կը տեսնե՞ս այս բոլոր շինութիւնները, կ՚ըսեմ ձեզի, որ ամէնքն ալ պիտի քանդուին, քար քարի վրայ պիտի չմնայ։
Խռովութիւններ, հալածանքներ եւ աւերումներ
(Մտ 10.17-22, 24.3-14, Ղկ 12.11-12, 21.7-24)
3Եւ մինչ Յիսուս նստած էր Ձիթենեաց լերան վրայ, տաճարին դիմաց, Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Անդրէաս առանձինն հարցուցին Յիսուսի.
– 4Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի պատահի ատիկա. ի՞նչ նշանով պիտի գիտնանք թէ ե՛րբ այդ բոլորը պիտի պատահին։
5Յիսուս պատասխանեց.
– Զգո՛յշ եղէք, չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը ձեզ խաբէ, 6որովհետեւ շատեր պիտի գան իմ անունովս եւ ըսեն՝ «Ես եմ Քրիստոսը» եւ պիտի մոլորեցնեն շատերը։ 7Մի՛ խռովիք, երբ լսէք պատերազմներու ձայները կամ պատերազմներու լուրերը, որովհետեւ պէտք է որ ատոնք պատահին։ Բայց ատիկա չի՛ նշանակեր թէ աշխարհի վախճանն է։ 8Ազգեր իրարու դէմ պիտի կռուին եւ թագաւորութիւններ՝ թագաւորութիւններու դէմ։ Զանազան տեղեր երկրաշարժներ տեղի պիտի ունենան, սով, համաճարակ եւ խռովութիւններ։ Բայց այս բոլորը դեռ երկունքին սկիզբն են։ 9Պատրա՛ստ եղէք դուք, որովհետեւ ձեզ իսկ դատարան պիտի տանին եւ ժողովարաններու մէջ ծեծեն ձեզ։ Իմ պատճառովս՝ կառավարիչներու եւ թագաւորներու դիմաց պիտի կանգնիք, իմ մասիս վկայութիւն տալու համար անոնց։ 10Բայց նախ պէտք է որ Աւետարանը բոլոր ազգերուն քարոզուի։
11Բայց երբ ձերբակալեն ձեզ եւ դատարան յանձնեն, սկիզբէն մի՛ մտահոգուիք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի ըսէք, այլ ինչ որ այդ ժամուն ձեզի տրուի՝ ատիկա՛ ըսէք, որովհետեւ խօսողը դուք պիտի չըլլաք, այլ՝ Սուրբ Հոգին։ 12Եղբայրը իր եղբայրը պիտի սպաննէ, հայրը՝ իր զաւակը։ Զաւակներ իրենց ծնողներուն դէմ պիտի ելլեն եւ սպաննեն զանոնք։ 13Ամէն մարդ ձեզ պիտի ատէ իմ պատճառովս։ Բայց ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ՝ անիկա պիտի փրկուի։
Մեծ նեղութիւնը
(Մտ 24.15-28, Ղկ 17.23-24, 21.20-24)
– 14Երբ տեսնէք «Աւերուածին սրբապղծութիւնը», կանգնած հոն՝ ուր պէտք չէր կանգնէր (կարդացողը թող հասկնա՛յ), այն ատեն անոնք որոնք Հրէաստանի մէջ են՝ թող լեռները փախչին, 15ան որ տանիքն է՝ վար իջնելէ ետք թող տուն չմտնէ բան մը առնելու համար, 16ան որ արտն է՝ թող ետ չդառնայ իր վերարկուն առնելու համար։ 17Այդ օրերուն՝ վա՛յ է եկեր յղիներուն եւ ստնտու կիներուն։ 18Աղօթեցէք որ ձեր փախուստը ձմեռ օրով չպատահի։ 19Այն օրերը այնպիսի՛ նեղութեան օրեր պիտի ըլլան, որոնց նմանը աշխարհի ստեղծագործութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր չէ պատահած եւ ոչ ալ պիտի պատահի։ 20Եւ եթէ Աստուած իր ընտրեալներուն համար այդ օրերուն թիւը նուազեցուցած չըլլար՝ ո՛չ մէկը պիտի փրկուէր։ Բայց իր ընտրեալներուն համար Աստուած այդ օրերը նուազեցուց։
21Այն ատեն, երբ մէկը ձեզի ըսէ՝ «Ահաւասիկ հոս է Քրիստոսը», կամ ըսէ՝ «Ահա հոն է», մի՛ հաւատաք, 22որովհետեւ սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի յայտնուին եւ նշաններ ու հրաշքներ կատարելով՝ պիտի մոլորեցնեն, եթէ կարենան, նոյնիսկ Աստուծոյ ընտրեալները։ 23Բայց դուք զգո՛յշ եղէք։ Ահաւասիկ ամէն ինչ սկիզբէն ըսի ձեզի։
Մարդու Որդիին գալուստը
(Մտ 24.29-35, Ղկ 21.25-36)
– 24Այդ օրերուն, այդ նեղութենէն ետք՝ արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. 25երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնայինմարմինները պիտի սասանին։ 26Այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերու վրայ՝ մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։ 27Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի աշխարհի չորս կողմերէն իր ընտրեալները հաւաքեն, աշխարհի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը։
28Թող թզենին ձեզի օրինակ ըլլայ։ Երբ անոր ճիւղերը հետզհետէ կը կակուղնան եւ տերեւ կ՚արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է։ 29Նոյնպէս ալ, երբ տեսնէք որ ըսածներս կը կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ։ 30Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին։ 31Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան։
Ոչ ոք գիտէ օրը կամ ժամը
(Մտ 24.36-44, Ղկ 12.36-38)
– 32Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ իսկ Որդին, բայց՝ միայն Հայրը։ 33Զգո՛յշ եղէք, արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ ժամանակը ե՛րբ է։ 34Անիկա կը նմանի այն մարդուն, որ իր տունը կը ձգէ եւ ուրիշ երկիր կ՚երթայ։ Չգացած՝ իր ծառաներէն իւրաքանչիւրին պարտականութիւն կու տայ եւ դռնապանին ալ կը պատուիրէ որ արթուն մնայ։ 35Ուրեմն, դուք ալ արթուն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ տանտէրը գիշերուան ո՛ր պահուն կու գայ, երեկոյեա՞ն, կէս–գիշերի՞ն, հաւախօսի՞ն թէ առաւօտուն։ 36Որպէսզի չըլլա՛յ որ յանկարծ գայ եւ ձեզ քնացած գտնէ։ 37Արդ, ինչ որ ձեզի կ՚ըսեմ, բոլորին կ՚ըսեմ.– Արթո՛ւն կեցէք։