Mark 16

Յիսուսի յարութիւնը
(Մտ 28.1-8Ղկ 24.1-12Յհ 20.1-10)

1Շաբաթ օրը երբ անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, եւ Սողոմէն գացին խունկեր գնեցին եւ պատրաստեցին, որպէսզի երթան եւ օծեն Յիսուսի մարմինը։ 2Կիրակի առաւօտ կանուխ, արեւածագին, գերեզման եկան։
– 3Ո՞վ պիտի գլորէ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը,– կը հարցնէին իրարու, 4որովհետեւ քարը շատ մեծ էր։
Սակայն երբ նայեցան, տեսան որ քարը արդէն իսկ գլորուած էր։ 5Գերեզմանէն ներս մտան եւ ճերմակ զգեստ հագած երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստած էր, եւ սարսափեցան։ 6Երիտասարդը ըսաւ անոնց.
– Մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ։ Տեսէ՛ք, զինք հոս դրած էին։ 7Այժմ գացէք, ըսէք իր աշակերտներուն եւ Պետրոսի, որ ահա ինք ձեզմէ առաջ կ՚երթայ Գալիլեա. հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի։ 8Երբ ասիկա լսեցին, դուրս փախան գերեզմանէն, զարհուրած ու ապշահար, եւ ոչ մէկուն բան մը ըսին, որովհետեւ կը վախնային։

Յիսուս կ՚երեւի Մարիամ Մագդաղենացիին
(Մտ 28.9-10Յհ 20.11-18)

9Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, Կիրակի առաւօտ կանուխ, նախ երեւցաւ Մարիամ Մագդաղենացիին, որմէ եօթը չար ոգիներ դուրս հանած էր։ 10Մարիամ գնաց իր ընկերակիցներուն պատմեց ասիկա, մինչ անոնք կը սգային ու կու լային։ 11Սակայն անոնք չհաւատացին, երբ լսեցին թէ ողջ է եւ Մարիամ տեսեր է զայն։

Յիսուս կ՚երեւի երկու աշակերտներու
(Ղկ 24.13-35)

12Յետոյ Յիսուս ուրիշ կերպարանքով երեւցաւ անոնցմէ երկուքին, երբ անոնք գիւղ կ՚երթային։ 13Ասոնք եւս վերադարձան եւ միւսներուն պատմեցին, բայց ասոնց ալ չհաւատացին։

Յիսուս կ՚երեւի տասնըմէկ աշակերտներուն
(Մտ 28.16-20Ղկ 24.36-49Յհ 20.19-23Գրծ 1.6-8)

14Վերջը Յիսուս երեւցաւ տասնըմէկ աշակերտներուն, երբ անոնք սեղան բազմած էին։ Յանդիմանեց զիրենք իրենց անհաւատութեան եւ յամառութեան համար, քանի չէին հաւատացած անոնց՝ որոնց ինք երեւցած էր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք։ 15Եւ ըսաւ անոնց.
– Գացէք ամբողջ աշխարհը եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը։ 16Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի, իսկ ով որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։ 17Անոնք որոնք կը հաւատան՝ հետեւեալ նշաններով յայտնի պիտի ըլլան.– Իմ անունովս չար ոգիներ պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին, 18ձեռքով օձ պիտի բռնեն առանց խայթուելու եւ եթէ մահացու ոեւէ թոյն խմեն՝ պիտի չվնասուին, հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն եւ զանոնք բժշկեն։

Յիսուսի համբարձումը
(Ղկ 24.50-53Գրծ 1.9-11)

19Տէր Յիսուս աշակերտներուն հետ խօսելէ ետք երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ։ 20Իսկ անոնք աշխարհի բոլոր կողմերը երթալով՝ Տիրոջ գործակցութեամբ Աւետարանը կը քարոզէին, եւ իրենց քարոզութիւնը կը հաստատուէր իրենց տրուած բոլոր նշաններով։