Mark 3

Գօսացած ձեռքով մարդուն բժշկութիւնը
(Մտ 12.9-14Ղկ 6.6-11)

1Յիսուս դարձեալ ժողովարան մտաւ, ուր մարդ մը կար, որուն ձեռքը գօսացած էր։ 2Շատեր կը սպասէին՝ տեսնելու թէ Յիսուս Շաբաթ օրով պիտի բժշկէ՞ մարդը, որպէսզի ամբաստանեն զայն։ 3Յիսուս ըսաւ ձեռքը գօսացած մարդուն.
– Ոտքի՛ ել եւ մէջտեղ կեցիր։
4Ապա միւսներուն ըսաւ.
– Մեր Օրէնքը Շաբաթ օրով ի՞նչ ընել կը թոյլատրէ. բարի՞ք գործել, թէ չարիք, կեանք մը փրկե՞լ թէ կորսնցնել։
Եւ անոնք լուռ մնացին։ 5Ապա Յիսուս վրդոված նայուածք մը նետեց շուրջիններուն վրայ՝ ցաւելով անոնց մտքի կուրութեան վրայ եւ ըսաւ մարդուն.
– Ձե՛ռքդ երկարէ։
Անիկա ձեռքը երկարեց եւ ահա գօսացած ձեռքը առողջացաւ։
6Ասոր վրայ Փարիսեցիները եւ Հերովդէսի կողմնակիցները անմիջապէս դուրս ելան եւ կը խորհրդակցէին թէ ի՛նչպէս սպաննեն զայն։

Լիճին մօտ բազմութիւնը
(Մտ 4.2512.15-16Ղկ 6.17-19)

7Յիսուս իր աշակերտներուն հետ գնաց Գալիլեայի լիճին եզերքը։ Գալիլեայէն, Հրէաստանէն8Երուսաղէմէն, Եդոմէն, Անդր–Յորդանանէն, Տիւրոսէն եւ Սիդոնէն բազմաթիւ ժողովուրդ լսելով Յիսուսի ըրածներուն մասին, իրեն կու գային։ 9Ժողովուրդը ա՛յնքան շատ էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ նաւակ մը պատրաստեն, որպէսզի ժողովուրդը զինք չհրմշտկէ։ 10Որովհետեւ շատեր բժշկած ըլլալուն՝ բոլոր հիւանդները իր շուրջ կը խռնուէին, որպէսզի իրեն դպչին։ 11Իսկ չար ոգիները երբ զինք կը տեսնէին, կ՚իյնային իր առջեւ եւ կ՚աղաղակէին. «Դուն Աստուծոյ Որդին ես»։ 12Յիսուս խստիւ կը սաստէր զանոնք, որ իր ինքնութիւնը չյայտնեն։

Յիսուս կ՚ընտրէ տասներկու առաքեալները
(Մտ 10.1-4Ղկ 6.12-16Գրծ 1.13)

13Յիսուս լեռ ելաւ եւ իր մօտ կանչեց իր հետեւորդներէն անոնք որ ինք ուզեց։ Անոնք իր մօտ գացին 14եւ Յիսուս անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց, որպէսզի իրեն հետ միասին ըլլան, քարոզելու ղրկուին, 15ինչպէս նաեւ իշխանութիւն ունենան հիւանդները բժշկելու եւ չարոգիները հանելու։
16Տասներկու աշակերտներն էին՝ Սիմոնը, որ Պետրոս անուանեց, 17Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսն ու եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք Բոաներգես, այսինքն Որոտացող Մարդիկ կոչեց, 18Անդրէասը, Փիլիպպոսը, Բարթողոմէոսը, մաքսաւոր Մատթէոսը, Թովմասը, Ալփէոսի որդին Յակոբոսը, Թադէոսը, Նախանձայոյզ Սիմոնը 19եւ Իսկարիոտացի Յուդան, որ զինք մատնեց։

Յիսուս եւ Բէեղզեբուղ
(Մտ 12.22-32Ղկ 11.14-2312.10)

20Յետոյ Յիսուս եւ աշակերտները տուն դարձան։ Ժողովուրդը դարձեալ իրենց շուրջ հաւաքուեցաւ, այնպէս որ նոյնիսկ ուտելու ժամանակ չունեցան։ 21Երբ իր ընտանիքի անդամները լսեցին՝ ելան որ զինք բռնեն, որովհետեւ կ՚ըսէին՝ թէ խելագարեր է։
22Օրէնքի ուսուցիչները, որոնք Երուսաղէմէն եկած էին, կ՚ըսէին՝ թէ դեւերու իշխանը՝ Բէեղզեբուղը իր մէջ մտած է եւ թէ անոր զօրութեամբ է որ դեւերը կը հանէ։ 23Յիսուս իր խօսքը անոնց ուղղեց եւ առակներով խօսելով՝ ըսաւ.
– Ինչպէ՞ս Սատանան կրնայ իր գործակալը դուրս հանել։ 24Եթէ թագաւորութիւն մը ինքն իր մէջ բաժան– բաժան ըլլայ, այդ թագաւորութիւնը չի՛ կրնար կանգուն մնալ։ 25Նոյնպէս ալ, եթէ ընտանիք մը ինքն իր մէջ բաժնուած ըլլայ, այդ ընտանիքը չի՛ կրնար կանգուն մնալ։ 26Ուրեմն, եթէ Սատանան ինքն իր դէմ ելած եւ բաժնուած է, չի՛ կրնար դիմանալ, այլ իր իշխանութեան վախճանը եկած է։
27Ոչ ոք կրնայ զօրաւոր մէկու մը տունը մտնել եւ անոր ստացուածքը կողոպտել, եթէ նախապէս այդ զօրաւոր մարդը չկապէ։ Անկէ ետք է որ անոր տունը կը կողոպտէ։
28Լա՛ւ գիտցէք, մարդիկ որքան ալ մեղք գործեն կամ հայհոյութիւն ընեն, Աստուած պիտի ներէ իրենց այդ բոլորը, 29բայց յաւիտեան պիտի չներէ՛ անոր՝ որ Սուրբ Հոգիին կը հայհոյէ, այսինքն՝ կը նախատէ, որովհետեւ ըրածը յաւիտենական մեղք է։
30Յիսուս ասիկա ըսաւ, որովհետեւ կ՚ըսէին՝ «Չար ոգի կայ իր մէջ»։

Յիսուսի մայրն ու եղբայրները
(Մտ 12.46-50Ղկ 8.19-21)

31Յիսուսի մայրն ու եղբայրները եկան եւ դուրսը կեցած՝ մարդ ղրկեցին որ կանչեն զինք։ 32Հոն ժողովուրդը իր շուրջ նստած էր։ Երբ իմացուցին իրեն, թէ «Ահա մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ քեզ կ՚ուզեն», 33Յիսուս պատասխանեց.
– Ո՞վ է մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս։
34Ապա շուրջը նստողներուն նայելով՝ ըսաւ.
– Ահա՛ւասիկ մայրս ու եղբայրներս։ 35Որովհետեւ ա՛ն որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ՝ անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս։