Mark 5

Գերգեսացի դիւահարին բժշկութիւնը
(Մտ 8.28-34Ղկ 8.26-39)

1Յետոյ լիճին դիմացը, Գերգեսացիներու երկիրը եկան։ 2Յիսուս հազիւ նաւակէն ելած էր, ահա իրեն հանդիպեցաւ մէկը, որ ժայռափոր գերեզմաններէն եկած էր։ Այս մարդը չար ոգի ունէր իր ներսիդին 3եւ գերեզմաններու մէջ կը բնակէր։ Նոյնիսկ շղթաներով չէին կրնար զինք կապել։ 4Շատ անգամ անոր ոտքերն ու ձեռքերը շղթաներով կապած էին, բայց անիկա խորտակեր էր շղթաները եւ կտրտեր ոտնակապերը։ 5Ոչ ոք կրնար զինք զսպել։ Միշտ, գիշեր ու ցերեկ գերեզմաններու մէջ եւ լեռներու վրայ կը թափառէր ու կ՚աղաղակէր եւ ինքզինք քարով կը վիրաւորէր։ 6Երբ հեռուէն Յիսուսը տեսաւ, վազեց, ծունկի եկաւ անոր առջեւ 7եւ բարձր ձայնով աղաղակեց.
– Ինձմէ ի՞նչ կ՚ուզես, Յիսո՛ւս, բարձրեալ Աստուծոյ Որդին, Աստուծոյ սիրոյն, զիս մի՛ տանջեր։
(8Ասիկա կ՚ըսէր, որովհետեւ Յիսուս հրամայած էր չար ոգիին՝ ըսելով. «Չար ոգի, ե՛լ այդ մարդուն մէջէն»։)
9Յիսուս հարցուց անոր.
– Ի՞նչ է անունդ։
– Անունս Լէգէոն է,– պատասխանեց,– որովհետեւ շատ ենք։
10Չար ոգիները շատ կ՚աղաչէին Յիսուսի, որ զիրենք աշխարհէն դուրս չղրկէ։ 11Հոն, լերան մօտիկ, խոզերու մեծ երամակ մը կ՚արածէր։ 12Չար ոգիները բոլորն ալ աղաչեցին Յիսուսի եւ ըսին.
– Մեզ խոզերուն ղրկէ, որպէսզի անոնց մէջ մտնենք։
13Եւ Յիսուս արտօնեց։ Չար ոգիները մարդուն մէջէն ելան եւ մտան խոզերուն մէջ. եւ խոզերու երամակը, որ շուրջ երկու հազար կը հաշուէր, զառիթափէն վար խուժեց դէպի լիճ եւ հոն խեղդուեցաւ։
14Խոզարածները փախան եւ քաղաքին ու ագարակներու մէջ պատմեցին պատահածը։ Ժողովուրդը գնաց տեսնելու թէ ի՛նչ պատահած էր։ 15Եկան Յիսուսի մօտ եւ սարսափեցան, երբ տեսան դիւահարը, որ նախապէս բազմաթիւ չար ոգիներ ունէր ներսիդին, իսկ այժմ հագուստները հագած էր եւ զգաստացած։ 16Ականատեսները անոնց պատմեցին ինչ որ պատահած էր դիւահարին եւ խոզերուն։ 17Ասոր վրայ ժողովուրդը սկսաւ աղաչել Յիսուսի որ հեռանայ իրենց սահմաններէն։
18Երբ Յիսուս նաւակ մտաւ, դիւահարը աղաչեց որ միասին երթայ։ 19Բայց Յիսուս թոյլ չտուաւ, այլ ըսաւ անոր.
– Տունդ գնա, քու ընտանիքիդ մօտ, եւ անոնց պատմէ՛ ինչ որ Տէրը ըրաւ քեզի եւ ի՛նչպէս ողորմեցաւ քեզի։
20Անիկա գնաց եւ ինչ որ Յիսուս ըրած էր՝ պատմեց Դեկապոլիսի մէջ։ Լսողները բոլորն ալ կը զարմանային։

Յայրոսին աղջիկը եւ հիւանդ կինը

(Մտ 9.18-26Ղկ 8.40-56)
21Երբ Յիսուս կրկին լիճին միւս կողմը անցաւ, մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ իր շուրջ, լիճին եզերքը։ 22Եւ ահա տեղւոյն ժողովրդապետներէն մէկը, որ Յայրոս կը կոչուէր, եկաւ Յիսուսի մօտ։ Հազիւ զայն տեսած, ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ 23եւ շատ կ՚աղաչէր, ըսելով.
– Աղջիկս մահամերձ է, եկուր եւ ձեռքդ դիր անոր վրայ, որպէսզի առողջանայ եւ ապրի։
24Յիսուս գնաց Յայրոսի հետ։ Իրեն հետ խուռն բազմութիւն մըն ալ կ՚երթար եւ կը նեղէր զինք։ 25Կին մը կար, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր։ 26Անիկա բժիշկներու ձեռքէն շատ նեղութիւն քաշած էր, իր ամբողջ ունեցածը վատներ էր, բայց օգուտ չէր տեսած, ընդհակառակը, հիւանդութիւնը աւելի վատթարացեր էր։ 27Լսելով Յիսուսի մասին, ամբոխին մէջէն եւ Յիսուսի ետեւէն եկաւ եւ դպաւ անոր հագուստին։ 28Որովհետեւ ինքնիրեն կը խորհէր ու կ՚ըսէր. «Միայն դպչիմ անոր հագուստին եւ պիտի բժշկուիմ»։
29Անմիջապէս անոր արիւնահոսութիւնը դադրեցաւ, եւ ինք մարմնին մէջ զգաց որ իր հիւանդութենէն բժշկուեցաւ։ 30Նոյն պահուն Յիսուս զգաց թէ իրմէ զօրութիւն մը դուրս եկաւ. ամբոխին մէջ ետեւ դարձաւ եւ ըսաւ.
– Ո՞վ դպաւ հագուստիս։
31Աշակերտները ըսին իրեն.
– Կը տեսնես որ ամբոխը քեզ կը հրմշտկէ, եւ դուն կ՚ըսես, «Ո՞վ դպաւ հագուստիս»։
32Յիսուս չորս կողմը կը նայէր՝ տեսնելու համար թէ ո՛վ ըրաւ։ 33Կինը, քանի գաղտնի դպած էր Յիսուսի, եւ գիտնալով թէ ի՛նչ պատահած էր իրեն, վախէն դողդղալով եկաւ ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ եւ իրականութիւնը ըսաւ։ 34Յիսուս ըսաւ անոր.
– Աղջի՛կս, հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա եւ բժշկուէ՛ քու ցաւերէդ։
35Մինչ Յիսուս ասիկա կ՚ըսէր, ժողովրդապետին տունէն ոմանք եկան եւ ըսին Յայրոսի.
– Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ կը յոգնեցնես Վարդապետը։
36Յիսուս այս խօսքերը երբ լսեց, ըսաւ ժողովրդապետին.
– Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛։
37Յետոյ չձգեց որ ոեւէ մէկը իրեն հետ երթայ, բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն եւ անոր եղբօրմէն՝ Յովհաննէսէն։ 38Երբ հասաւ ժողովրդապետին տունը, տեսաւ ամբոխ մը, որ կու լար եւ ողբ ու կոծ կ՚ընէր։ 39Յիսուս ներս մտաւ եւ ըսաւ անոնց.
– Ի՞նչ իրար անցեր էք ու կու լաք. փոքրիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ։
40Բայց անոնք սկսան զինք ծաղրել։ Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց եւ իրեն հետ առնելով փոքրիկին հայրն ու մայրը, ինչպէս նաեւ երեք աշակերտները, մտաւ այն սենեակը ուր փոքրիկը պառկած էր։ 41Յիսուս բռնեց փոքրիկին ձեռքէն եւ ըսաւ.
– Տալիթա՛, կումի՛, որ կը նշանակէ՝ «Աղջիկ, քեզի կ՚ըսեմ՝ ե՛լ»։
42Աղջիկը, որ շուրջ տասներկու տարեկան էր, անմիջապէս ոտքի ելաւ եւ սկսաւ շրջիլ։ Ասիկա տեսնելով՝ ամէնքն ալ զարմացան։ 43Բայց Յիսուս անոնց խստիւ պատուիրեց որ ոեւէ մէկուն բան չըսեն. եւ ըսաւ որ ուտելիք տան անոր։