Mark 6
Յիսուս կը մերժուի Նազարէթի մէջ
(Մտ 13.53-58, Ղկ 4.16-30)
1Յիսուս հոնկէ ելաւ եւ իր հայրենի քաղաքը գնաց. իր աշակերտները իրեն կը հետեւէին։ 2Երբ Շաբաթ օրը եկաւ, անիկա ժողովարանին մէջ սկսաւ ուսուցանել։ Շատեր երբ կը լսէին, կը զարմանային անոր ուսուցումներուն վրայ եւ կ՚ըսէին.
– Ասիկա ուրկէ՞ այսչափ բան գիտէ։ Այս ի՞նչ իմաստութիւն է որ տրուած է իրեն։ Ինչպէ՞ս այսպիսի հրաշքներ կը կատարէ։ 3Ասիկա ատաղձագործին եւ Մարիամի զաւակը չէ՞, Յակոբի, Յովսէսի, Յուդայի եւ Սիմոնի եղբայրը։ Իր քոյրերը հոս մեր մօտ չե՞ն բնակիր։
Եւ այս պատճառով կը դժուարանային հաւատալ իրեն։
4Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Մարգարէն իր հայրենի քաղաքին, գերդաստանին եւ ընտանիքին մէջ յարգ չունի։
5Եւ չկրցաւ ոեւէ հրաշք գործել հոն, բայց միայն սակաւաթիւ հիւանդներ բժշկեց՝ անոնց վրայ ձեռքերը դնելով։ 6Եւ կը զարմանար իր քաղաքացիներուն անհաւատութեան վրայ։
Յիսուս կ՚առաքէ տասներկու աշակերտները
(Մտ 10.1,5-15, Ղկ 9.1-6)
Յիսուս շրջակայ գիւղերը պտըտելով՝ կ՚ուսուցանէր։ 7Իր մօտ կանչելով տասներկու աշակերտները, սկսաւ զանոնք զոյգ–զոյգ ղրկել՝ չար ոգիներուն վրայ իշխանութիւն տալով անոնց, 8ու պատուիրեց.
– Ճամբու համար ձեզի հետ ո՛չ մէկ բան առէք՝ բացի գաւազանէ մը. ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ ալ դրամ ձեր գօտիներուն մէջ։ 9Այլ հողաթափ հագէք եւ աւելորդ հագուստ մի՛ առնէք ձեզի հետ։
10Ապա աւելցուց.
– Ո՛ր տունը որ մտնէք եւ ձեզ ընդունին, հոն իջեւանեցէք մինչեւ որ մեկնիք հոնկէ։ 11Իսկ երբ դուրս ելլէք ոեւէ տեղէ, որուն բնակիչները ձեզ չեն ընդունիր եւ չեն լսեր, ձեր ոտքի փոշին թօթուեցէք՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։
12Աշակերտները գացին եւ սկսան ժողովուրդին քարոզել որ ապաշխարեն։ 13Բազմաթիւ չար ոգիներ կը հանէին, շատ մը հիւանդներ իւղով կ՚օծէին եւ զանոնք կը բժշկէին։
14Հերովդէսթագաւոր լսեց այս բոլորը, որովհետեւ Յիսուսի հռչակը ամէն տեղ կը տարածուէր։ Ոմանք կ՚ըսէին։
– Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, որ մեռելներէն յարութիւն առած է եւ այս պատճառով հրաշքներ կը գործուին իր ձեռքով։
15Ուրիշներ կ՚ըսէին.
– Եղիան է։
Իսկ ոմանք կ՚ըսէին.
– Մարգարէ մըն է, նախկին մարգարէներէն մէկուն պէս։
16Երբ Հերովդէս լսեց, ըսաւ.
– Ասիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, որուն գլուխը ես կտրել տուի եւ հիմա մեռելներէն յարութիւն առեր է։
Յովհաննէս Մկրտիչի մահը
(Մտ 14.1-12, Ղկ 3.19-20, 9.7-9)
17Հերովդէս ինքն էր որ Յովհաննէսը ձերբակալել տուած էր, շղթայել եւ բանտ նետել տուած, Հերովդիայի՝ իր Փիլիպպոս եղբօրը կնոջ պատճառով, որուն հետ ինք ամուսնացաւ։ 18Քանի Յովհաննէս Հերովդէսի կ՚ըսէր.
– Մեր Օրէնքը թոյլ չի՛ տար որ դուն եղբօրդ կինը առնես։
19Այս պատճառով Հերովդիա ոխ ունէր Յովհաննէսի դէմ, կ՚ուզէր սպաննել զայն, բայց չէր կրնար, 20որովհետեւ Հերովդէս կ՚ակնածէր Յովհաննէսէն, քանի գիտէր որ Յովհաննէս արդար եւ սուրբ մէկն էր ու կը պաշտպանէր զայն եւ հաճոյքով կը լսէր անոր խօսքերը եւ շատ բան կը գործադրէր։
21Եւ Հերովդիայի համար յարմար առիթը եկաւ։ Հերովդէս իր ծննդեան տարեդարձին առիթով խնճոյք մը սարքեց իր նախարարներուն, հազարապետներուն եւ Գալիլեայի երեւելիներուն համար։ 22Հերովդիայի աղջիկը ներս մտաւ եւ սկսաւ պարել. ասիկա Հերովդէսի եւ իր հիւրերուն հաճելի թուեցաւ։ Ուստի թագաւորը աղջըկան ըսաւ.
– Ի՛նչ որ ուզես ինձմէ՝ պիտի տամքեզի։
23Բազմաթիւ անգամներ երդում կ՚ընէր՝ ըսելով.
– Ի՛նչ որ խնդրես ինձմէ՝ պիտի տամ քեզի, մինչեւ իսկ թագաւորութեանս կէսը։
24Աղջիկը դուրս ելաւ եւ մօրը հարցուց.
– Ի՞նչ ուզեմ։
Մայրը ըսաւ.
– Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը։
25Աղջիկը աճապարանքով ներս մտաւ թագաւորին մօտ եւ ըսաւ անոր.
– Կ՚ուզեմ որ հիմա անմիջապէս ափսէի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը տաս ինծի։
26Թագաւորը շատ տխրեցաւ, բայց չկրցաւ մերժել զայն՝ իր ըրած երդումներուն եւ հրաւիրեալներուն պատճառով։ 27Ուստի թագաւորը անմիջապէս դահիճը ղրկեց, հրամայելով՝ բերել Յովհաննէսի գլուխը։ Դահիճը գնաց, գլխատեց Յովհաննէսը բանտին մէջ 28եւ ափսէի մը վրայ գլուխը բերաւ ու տուաւ աղջկան, իսկ աղջիկն ալ տարաւ տուաւ իր մօրը։
29Երբ Յովհաննէսի աշակերտները լսեցին ասիկա, եկան, առին մարմինը եւ գերեզմանի մը մէջ դրին։
Հինգ հազարին կերակրումը
(Մտ 14.13-21, Ղկ 9.10-17, Յհ 6.1-14)
30Առաքեալները վերադարձան Յիսուսի մօտ եւ անոր պատմեցին ինչ որ կատարեցին եւ սորվեցուցին։ 31Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը կը հանգչինք։
Որովհետեւ ժողովուրդէն շատերուն երթալ–գալուն պատճառով ուտելու իսկ առիթ չէին ունեցած։ 32Հետեւաբար իրենք առանձինն նաւակ առին եւ գացին ամայի վայր մը։ 33Երբ ժողովուրդը տեսաւ անոնց երթալը եւ գիտցաւ թէ Յիսուս անոնց հետ է, շրջակայ քաղաքներու բնակիչներէն շատեր լիճին եզերքէն վազելով՝ անոնցմէ առաջ հասան անոնց երթալիք վայրը։ 34Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ եւ տեսաւ ամբոխը, գթաց անոնց, որովհետեւ հովիւ չունեցող ոչխարներու կը նմանէին։ Ապա սկսաւ շատ բաներ ուսուցանել անոնց։
35Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին.
– Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է. 36արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին։
37Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։
Անոնք հարցուցին.
– Կ՚ուզե՞ս որ երթանք եւ երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց գնենք զանոնք կերակրելու համար։
38Յիսուս ըսաւ.
– Քանի՞ հաց ունիք, գացէք ստուգեցէք։
Աշակերտները ստուգեցին եւ ըսին.
– Հինգ հաց եւ երկու ձուկ։
39Յիսուս հրամայեց աշակերտներուն, որ ժողովուրդը խումբ–խումբ նստեցնեն դալար խոտին վրայ, 40եւ անոնք հարիւրական եւ յիսունական հոգիներէ բաղկացած խումբերով նստան։ 41Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն՝ որպէսզի բաշխեն, եւ երկու ձուկերը բաժնեց ժողովուրդին։ 42Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, 43եւ աւելցած հացի եւ ձուկի կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։ 44Իսկ ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր։
Յիսուս կը քալէ ջուրին վրայէն
(Մտ 14.22-33, Յհ 6.15-21)
45Ապա Յիսուս անմիջապէս աշակերտները ստիպեց որ նաւակ ելլեն եւ իրմէ առաջ երթան Բեթսայիդա, լիճին միւս կողմը, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։ 46Ժողովուրդէն հրաժեշտ առնելէն ետք, Յիսուս լեռ բարձրացաւ աղօթելու։ 47Երբ երեկոյ եղաւ, նաւակը լիճին մէջտեղն էր, եւ Յիսուս առանձինը՝ ցամաքին վրայ։ 48Տեսաւ որ աշակերտները նաւակը վարելու մեծ դժուարութեան մէջ էին, որովհետեւ հովը իրենց դիմացէն կը փչէր։ Առաւօտեան ժամը չորսի մօտ էր, երբ ինք ջուրին վրայէն քալելով՝ անոնց քով եկաւ եւ կ՚ուզէր զանոնք անցնիլ։ 49Աշակերտները երբ տեսան որ ջուրին վրայէն կը քալէր, կարծեցին թէ ուրուական մըն է եւ սկսան պոռալ։ 50Արդարեւ, բոլորն ալ զինք տեսան եւ շատ վախցան։ Յիսուս անմիջապէս խօսեցաւ անոնց հետ եւ ըսաւ.
– Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք։
51Ապա նաւակ բարձրացաւ անոնց քով, եւ հովը դադրեցաւ։ Աշակերտները աւելի ապշեցան եւ շատ զարմացան։ 52Անոնք արդէն իսկ չէին հասկցած հացի հրաշքին իմաստը եւ հիմա ալ իրենց միտքը փակուած էր։
Յիսուս հիւանդներ կը բժշկէ
(Մտ 14.34-36)
53Ապա լիճին դիմացը անցնելով եկան Գեննեսարէթ, ուր ցամաք ելան։ 54Հազիւ նաւակէն դուրս ելան, այդտեղի ժողովուրդը անմիջապէս ճանչցաւ Յիսուսը։ 55Յիսուս ո՛ւր որ երթար, ամբողջ գաւառին մէջ, մարդիկ իր ետեւէն հոս ու հոն կը վազէին եւ իրեն կը բերէին հիւանդները իրենց անկողիններուն մէջ։ 56Եւ ո՛ւր որ մտնէր՝ գիւղ, քաղաք կամ ագարակ, այդ տեղերու մարդիկը իրենց հիւանդները հրապարակներու վրայ կը դնէին եւ կ՚աղաչէին որ գոնէ թոյլ տայ հիւանդներուն, որ իր հագուստի քղանցքին դպչին։ Եւ անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։