Mark 7
Նախնիքներու ուսուցումները
(Մտ 15.1-9)
1Փարիսեցիները եւ Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որոնք Երուսաղէմէն եկած էին, հաւաքուեցան Յիսուսի շուրջ։ 2Անոնք երբ տեսան որ Յիսուսի աշակերտներէն ոմանք պիղծ ձեռքով՝ այսինքն առանց լուացուելու ճաշ կ՚ուտեն, սկսան բամբասել։ 3Որովհետեւ Փարիսեցիները եւ բոլոր Հրեաները ճաշ չեն ուտեր, եթէ իրենց ձեռքերը նախ լաւ մը չլուան, պահելու համար իրենց նախնիքներէն եկած աւանդութիւնը։ 4Նոյնպէս, երբ շուկայէն տուն կու գան, նախ կը լուացուին եւ ապա կ՚ուտեն։ Հինէն եկած ուրիշ աւանդութիւններ ալ կը պահեն, ինչպէս՝ գաւաթներու, սափորներու, պղնձեայ կաթսաներու եւ մահճակալներու լուացումները։ 5Ուստի Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները հարցուցին Յիսուսի.
– Ինչո՞ւ աշակերտներդ նախնիքներու աւանդութիւնը չեն պահեր եւ անլուայ ձեռքով կը ճաշեն։
6Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Եսայի մարգարէն ճիշդ մարգարէացած է ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, երբ կ՚ըսէ.–
«Այս ժողովուրդը միայն
իր շրթունքներով զիս կը պատուէ,
մինչ իր սիրտը շատ հեռու է ինձմէ։
7Պարապ տեղ զիս կը պաշտեն,
որովհետեւ իրենց սորվեցուցածները
մարդոց կողմէ տրուած պատուիրաններ են»։
8Արդարեւ ձգած էք Աստուծոյ պատուիրանը եւ մարդոց աւանդութիւնը կը պահէք։
9Եւ աւելցուց.
– Ձեր աւանդութիւնը պահելու համար աղէկ գտեր էք Աստուծոյ պատուիրանը անարգելու ձեւը։ 10Օրինակ, Մովսէս պատուիրեց ձեզի՝ ըսելով. «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ» եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի»։ 11Մինչդեռ դուք կը սորվեցնէք՝ թէ «Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ.– “Այն օգնութիւնը որ ինձմէ պիտի ստանայիր՝ կորբան է, այսինքն Աստուծոյ նուիրուած է”, 12ա՛լ չի կրնար օգնել իր հօրը կամ մօրը»։ 13Այսպիսով ահա Աստուծոյ պատուիրանը կ՚անարգէք ձեր սորվեցուցած աւանդութեամբ։ Տակաւին ասոր պէս շատ բաներ ալ կան որ կ՚ընէք։
Ի՞նչն է որ մարդս կ՚ապականէ
(Մտ 15.10-20)
14Յետոյ Յիսուս իր մօտ կանչեց ամբողջ ժողովուրդը եւ ըսաւ անոնց.
– Բոլորդ ալ ինծի մտիկ ըրէք ու լա՛ւ հասկցէք։ 15Ո՛չ մէկ բան, որ դուրսէն կը մտնէ մարդուն մէջ՝ կրնայ պղծել զայն, այլ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ մարդէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը։ 16Ականջ ունեցողը թող լսէ՛։
17Երբ ժողովուրդէն բաժնուեցաւ եւ տուն մտաւ, աշակերտները իրեն հարցուցին թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր իր հանելուկային խօսքով։ 18Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Դո՞ւք ալ այդպէս անմիտ էք։ Չէ՞ք գիտեր, թէ ի՛նչ որ դուրսէն մարդուն ներսը կը մտնէ՝ չի կրնար զայն պղծել, 19որովհետեւ սիրտին մէջ չէ որ կը մտնէ, այլ՝ անոր ստամոքսը եւ ապա դուրս կ՚ելլէ, մաքրելով բոլոր կերածները։
20Եւ ապա շարունակեց.
– Ընդհակառակը, ինչ որ մարդէն դուրս կ՚ելլէ՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդս։ 21Որովհետեւ մարդուն ներսէն, այսինքն սիրտէն է որ կ՚ելլեն չար մտածումները.– շնութիւն, պոռնկութիւն, 22գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ 23Այս բոլոր չար բաներն են որ մարդուս ներսէն ելլելով՝ կը պղծեն զայն։
Փիւնիկեցի կնոջ հաւատքը
(Մտ 15.21-28)
24Ապա հոնկէ ելլելով՝ եկաւ Տիւրոսի եւ Սիդոնի սահմանները։ Տուն մը մտաւ եւ չուզեց որ ոեւէ մէկը գիտնայ իր հոն ըլլալը. բայց չկրցաւ ծածուկ պահել։ 25Կին մը, որուն աղջիկը չար ոգիէ կը տառապէր, լսելով իր մասին, եկաւ ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ։ 26Կինը որ հեթանոս մըն էր, Սուրիական Փիւնիկէէն, կ՚աղաչէր Յիսուսի որ իր աղջկան մէջէն չար ոգին դուրս հանէ։ 27Բայց Յիսուս ըսաւ.
– Ձգէ որ նախ մանուկները կշտանան, որովհետեւ ճիշդ չէ՛ մանուկներուն ձեռքէն հացը առնել եւ շուներուն նետել։
28Իսկ կինը պատասխանեց.
– Տէ՛ր, նոյնիսկ շուները սեղանին տակ կը կերակրուին մանուկներու թափած փշրանքներէն։
29Յիսուս ըսաւ անոր.
– Այդ խօսքիդ համար՝ գնա՛, աղջիկիդ մէջէն չար ոգին դուրս ելած է։
30Անիկա տուն գնաց եւ աղջիկը անկողինին մէջ պառկած գտաւ, չար ոգին անկէ դուրս ելած։
Յիսուս խուլ եւ համր մարդ մը կը բժշկէ
31Յիսուս Տիւրոսի սահմաններէն մեկնելով, Սիդոնի վրայով անցաւ Դեկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլեայի լիճին եզերքը։ 32Եւ ահա իրեն բերին խուլ եւ համր մարդ մը, խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ։ 33Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ, մատները անոր ականջներուն մէջ դրաւ, յետոյ թքեց եւ դպաւ անոր լեզուին։ 34Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ.
– Եփփաթա՛, որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»։
35Նոյն վայրկեանին անոր ականջները բացուեցան, եւ լեզուն բացուելով՝ սկսաւ կանոնաւոր կերպով խօսիլ։ 36Յետոյ Յիսուս պատուիրեց ժողովուրդին, որ ոեւէ մէկուն չըսեն։ Սակայն ի՛նչքան ալ անիկա կը պատուիրէր որ չտարածեն, անոնք առաւել չափով կը պատմէին այս մասին։ 37Մարդիկ ծայր աստիճան կը զարմանային եւ կ՚ըսէին.
– Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ. նոյնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ։