Mark 8

Չորս հազարին կերակրումը
(Մտ 15.32-38)

1Այդ օրերուն դարձեալ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ, եւ ուտելիք ոչինչ ունէին։ Յիսուս կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց.
– 2Կը խղճամ այս ժողովուրդին, որովհետեւ ահա երեք օր է որ մօտս են եւ հիմա ոչինչ ունին ուտելիք։ 3Եթէ զիրենք անօթի տուն ղրկեմ՝ ճամբու ընթացքին կրնան մարիլ, որովհետեւ անոնցմէ ոմանք հեռու տեղերէ եկած են։
4Աշակերտները պատասխանեցին.
– Այս ամայի վայրին մէջ ուրկէ՞ կրնաս զանոնք կշտացնելու չափ հաց գտնել։
5Յիսուս հարցուց.
– Քանի՞ հաց ունիք։
– Եօթը,– պատասխանեցին անոնք։
6Յիսուս հրամայեց ժողովուրդին որ գետին նստին։ Ապա առաւ եօթը հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ իր աշակերտներուն տուաւ որ հրամցընեն։ Անոնք ալ հրամցուցին ժողովուրդին։ 7Քանի մը մանր ձուկեր ալ ունէին։ Յիսուս անոնք ալ օրհնեց եւ հրամայեց որ հրամցնեն։ 8Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ եօթը զամբիւղ լեցուցին։ 9Իսկ ուտողները շուրջ չորս հազար հոգիէին։ Ապա Յիսուս արձակեց ժողովուրդը, 10իսկ ինք անմիջապէս աշակերտներուն հետ նաւակ մտաւ եւ եկաւ Դալմանունայի կողմերը։

Փարիսեցիները նշան մը կ՚ուզեն
(Մտ 12.38-3916.1-4Ղկ 11.29-32)

11Փարիսեցիները եկան եւ սկսան Յիսուսի հետ վիճաբանիլ։ Անոնք զինք փորձելու համար՝ իրմէ նշան մը կ՚ուզէին, Աստուծմէ վկայուած ըլլալը հաստատելու համար։ 12Յիսուս խոր հառաչեց եւ ըսաւ.
– Ինչո՞ւ այս սերունդի մարդիկը նշան կ՚ուզեն. վստահ գիտցէք, որ ձեզի նշան պիտի չտրուի՛։
13Ապա ձգեց զանոնք եւ դարձեալ նաւակ մտնելով՝ գնաց լիճին դիմացի կողմը։

Փարիսեցիներու եւ Հերովդէսի կողմնակիցներու խմորը
(Մտ 16.5-12Ղկ 12.1)

14Աշակերտները սակայն մոռցան հաց առնել, եւ միայն մէկ հաց ունէին իրենց հետ նաւակին մէջ։ 15Յիսուս անոնց պատուիրեց.
– Զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներու եւ Հերովդէսի կողմնակիցներու խմորէն։
16Աշակերտները իրենք իրենց կը խորհէին ու կ՚ըսէին. «Այսպէս կ՚ըսէ, «որովհետեւ հաց չունինք»։ 17Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.
– Թերահաւատնե՛ր, ինչո՞ւ դուք ձեզի կը խորհիք թէ հաց չունիք։ Տակաւին չէ՞ք հասկնար ու չէ՞ք ըմբռներ։ Ձեր մտքերը ապո՞ւշ կտրած են։ 18Աչք ունիք՝ չէ՞ք տեսներ, ականջ ունիք՝ չէ՞ք լսեր։ Չէ՞ք հասկնար տակաւին։ Չէ՞ք յիշեր, 19թէ ի՛նչպէս հինգ հացով հինգ հազար հոգի կերակրուեցան, եւ կտորները քանի՞ սակառի մէջ հաւաքեցիք։
Անոնք պատասխանեցին.
– Տասներկու։
– 20Եւ երբ եօթը հացով չորս հազար հոգի կերակրուեցան, քանի՞ զամբիւղի մէջ հաւաքեցիք կտորները։
– Եօթը,– պատասխանեցին։
21Եւ Յիսուս ըսաւ.
– Ու տակաւին չէ՞ք հասկնար։

Յիսուս կոյր մը կը բժշկէ

22Ապա Բեթսայիդա եկան։ Հոն Յիսուսի բերին կոյր մը եւ կ՚աղաչէին իրեն որ դպչի անոր։ 23Յիսուս կոյրին ձեռքը բռնելով՝ զայն գիւղէն դուրս հանեց, թուքով թրջեց անոր աչքերը եւ ապա ձեռքով դպաւ անոր աչքերուն եւ հարցուց.
– Բան մը կը տեսնե՞ս։
24Անիկա աչքերը բացաւ եւ ըսաւ.
– Մարդիկ կը տեսնեմ, որոնք կարծես ծառ են, բայց կը քալեն։
25Յիսուս դարձեալ ձեռքերը դրաւ անոր աչքերուն վրայ։ Անիկա աչքերը բացաւ, նայեցաւ եւ տեսողութիւնը վերագտնելով՝ ամէն ինչ յստակ կը տեսնէր։ 26Յիսուս զայն տուն ղրկեց եւ ըսաւ.
– Գիւղ մի՛ մտներ, այլ տունդ գնա։ Իսկ երբ գիւղ երթաս՝ հոն ոեւէ մէկուն բան չըսես։

Պետրոսի յայտարարութիւնը Յիսուսի մասին
(Մտ 16.13-20Ղկ 9.18-21)

27Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն հետ գնաց Փիլիպպոսի կառուցած Կեսարիայի գիւղերը։ Ճամբու ընթացքին անոնց հարցուց.
– Մարդիկ իմ մասիս ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ եմ ես։
28Անոնք պատասխանեցին.
– Ոմանք կ՚ըսեն՝ թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ՝ մարգարէներէն մէկը։
29Յիսուս հարցուց անոնց.
– Իսկ դո՞ւք ինչ կ՚ըսէք իմ մասիս. ո՞վ եմ ես։
Պետրոս պատասխանեց.
– Դուն Քրիստոսը՝ Օծեալն ես։
30Յիսուս խստիւ պատուիրեց անոնց, որ ոեւէ մէկուն չըսեն ասիկա։

Յիսուս կը խօսի իր չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան մասին
(Մտ 16.21-23Ղկ 9.22)

31Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն սկսաւ ուսուցանել եւ ըսաւ.
– Մարդու Որդին շատ պիտի չարչարուի եւ մերժուի երէցներէնաւագ քահանաներէն եւ Օրէնքի ուսուցիչներէն, պիտի սպաննուի եւ սակայն երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։
32Յիսուս այս բաները յստակօրէն յայտնեց իր աշակերտներուն։ Ասոր վրայ, Պետրոս մէկ կողմ առաւ զայն եւ սկսաւ յանդիմանել։ 33Իսկ Յիսուս դարձաւ եւ աշակերտները տեսնելով՝ յանդիմանեց Պետրոսը, ըսելով.
– Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ, որովհետեւ Աստուծոյ ծրագիրներուն համաձայն չես խորհիր, այլ մարդոց մտահոգութիւնը կ՚արտայայտես։

Յիսուսի հետեւելու պայմանները
(Մտ 16.24-28Ղկ 9.23-27)

34Ապա իր մօտ կանչեց ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ միասին եւ ըսաւ անոնց.
– Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ 35Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ ինծի եւ Աւետարանին համար իր կեանքը կորսնցնէ՝ պիտի փրկէ զայն։ 36Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ։ 37Որովհետեւ իր կեանքին փոխարէն ի՞նչ փրկագին կրնայ տալ։ 38Ով որ զիս կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ, Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ մեղաւոր այս սերունդին մէջ, Մարդու Որդին ալ զայն ընդունիլը ամօթ պիտի նկատէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքով, սուրբ հրեշտակներուն հետ։