Mark 1

Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութիւնը
(Մտ 3.1-12Ղկ 3.1-18Յհ 1.19-28)

1Այսպէս կը սկսի Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը։
2Եսայի մարգարէի գիրքին մէջ գրուած է.–
«Ահաւասիկքուառջեւէդկը ղրկեմիմպատգամաբերս,
որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ։
3Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՚ըսէ.–
Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճանապարհը,
հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները»։
4Եւ ահա Յովհաննէս անապատին մէջ կը մկրտէր։ Անիկա կը քարոզէր ապաշխարել եւ մկրտուիլ՝ որպէսզի Աստուած մեղքերու թողութիւն տայ։ 5Իրեն կ՚երթային ամբողջ Հրէաստանի եւ Երուսաղէմի բնակիչներէն շատեր եւ իրենց մեղքերը խոստովանելով՝ կը մկրտուէին անկէ Յորդանան գետին մէջ։
6Յովհաննէս ուղտի մազէ շինուած հագուստ մը հագած էր եւ մէջքին կապած կաշիէ գօտի մը։ Իր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր էր։ 7Կը քարոզէր, ըսելով.
– Ան որ ինձմէ ետք պիտի գայ՝ ինձմէ աւելի հզօր է, որուն առջեւ ծռելով՝ կօշիկներուն կապերն անգամ քակելու արժանի չեմ։ 8Ես ձեզ ջուրով մկրտեցի, բայց անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ։

Յիսուսի մկրտութիւնն ու փորձութիւնը
(Մտ 3.13—4.11Ղկ 3.21-224.1-13)

9Այդ օրերուն Յիսուս Գպլիլեպյի Նազարէթ քաղաքէն եկաւ եւ Յովհաննէսի կողմէ մկրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ։ 10Նոյն պահուն, երբ Յիսուս ջուրէն դուրս կ՚ելլէր, տեսաւ երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ Հոգին՝ որ աղաւնիի նման կ՚իջնէր իր վրայ։ 11Երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՚ըսէր.
– Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ։
12Մկրտուելէն անմիջապէս ետք Հոգին տարաւ զինք անապատ, 13ուր անիկա քառասուն օրեր մնաց՝ Սատանայէն փորձուելով։ Հոն գազաններուն հետ էր, եւ հրեշտակները իրեն կը սպասաւորէին։

Յիսուս չորս ձկնորսներկը կանչէ
(Մտ 4.12-22Ղկ 4.14-155.1-11Յհ 1.35-42)

14Յովհաննէսի բանտարկութենէն ետք, Յիսուս Գալիլեա եկաւ։ Անիկա Աստուծոյ Աւետարանը կը քարոզէր, 15ըսելով.
– Փրկութեան ժամանակը հասած է եւ եկած՝ Աստուծոյ արքայութիւնը. ապաշխարեցէք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին։
16Յիսուս երբ Գալիլեայի լիճին եզերքէն կ՚անցնէր, տեսաւ երկու ձկնորսներ՝ Սիմոնը եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, որոնք ուռկանը ջուրը նետած՝ ձուկ կ՚որսային։ 17Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Հետեւեցէ՛ք ինծի, եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ։
18Անոնք անմիջապէս ձգեցին ուռկանները եւ հետեւեցան Յիսուսի։
19Քիչ մը առաջ երթալով, Յիսուս տեսաւ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսը եւ եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք նաւակին մէջ էին եւ իրենց ուռկանները կարգի կը դնէին։ 20Իսկոյն զանոնք ալ կանչեց։ Անոնք իրենց հայրը՝ Զեբեդէոսը վարձականներուն հետ ձգեցին նաւակին մէջ եւ հետեւեցան Յիսուսի։

Պիղծ ոգիով մարդուն բժշկութիւնը
(Ղկ 4.31-37)

21Մտան Կափառնաում։ Շաբաթ օրը, Յիսուս ժողովարան գնաց եւ սկսաւ ուսուցանել։ 22Բոլորն ալ կը զարմանային անոր ուսուցման կերպին վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կ՚ուսուցանէր եւ ո՛չ թէ Օրէնքի ուսուցիչներուն պէս։ 23Ժողովարանին մէջ մէկը կար, պիղծ ոգիէ բռնուած, որ աղաղակեց.
– 24Յիսո՛ւս Նազովրեցի, ձգէ՛, ի՞նչ կ՚ուզես մեզմէ. մեզ ոչնչացնելո՞ւ եկար. գիտենք թէ ո՛վ ես. դուն Աստուծոյ Սուրբն ես։
25Յիսուս սաստեց ոգին եւ ըսաւ.
– Լռէ՛ եւ դո՛ւրս ել մարդէն։
26Պիղծ ոգին զգետնեց մարդը, բարձրաձայն աղաղակեց եւ դուրս ելաւ անկէ։ 27Բոլորն ալ ապշահար իրարու կ՚ըսէին.
– Այս ի՜նչ նոր ուսուցում է, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը սաստէ պիղծ ոգիները եւ անոնք դուրս կ՚ելլեն։
28Եւ շուտով Յիսուսի համբաւը տարածուեցաւ Գալիլեա նահանգին բոլոր կողմերը։

Յիսուս կը բժշկէ
(Մտ 8.14-17Ղկ 4.38-42)

29Ժողովարանէն ելլելէ անմիջապէս ետք Յիսուս Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ գնաց Սիմոնի եւ Անդրէասի տունը։ 30Սիմոնի զոքանչը տաքութիւն ունէր եւ այս մասին Յիսուսի ըսին։ 31Յիսուս մօտեցաւ անոր եւ ձեռքէն բռնելով՝ ոտքի հանեց։ Տաքութիւնը անցաւ եւ անիկա սկսաւ սպասարկել իրենց։
32Երբ երեկոյ եղաւ, արեւնամուտին, Յիսուսի բերին բոլոր հիւանդներն ու դիւահարները33Քաղաքին ամբողջ ժողովուրդը տան դրան առջեւ հաւաքուած էր։ 34Յիսուս բազմաթիւ հիւանդներ բժշկեց, որոնք զանազան ցաւերէ բռնուած էին եւ շատ մը չար ոգիներ հանեց։ Եւ չէր ձգեր որ ոգիները խօսին, որովհետեւ անոնք գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։

Յիսուս Գալիլեայի մէջ կը քարոզէ
(Մտ 4.23Ղկ 4.42-44)

35Յաջորդ առաւօտ կանուխ Յիսուս ելաւ ամայի վայր մը գնաց եւ հոն սկսաւ աղօթել։ 36Սիմոն եւ իրեն հետ եղողները ելան զինք փնտռելու։ 37Երբ գտան, ըսին անոր.
– Ամէն մարդ քեզ կը փնտռէ։
38Յիսուս ըսաւ.
– Եկէք մօտակայ ուրիշ գիւղաքաղաքներ ալ երթանք, որպէսզի հոն եւս քարոզեմ, որովհետեւ ճիշդ ատոր համար Աստուած զիս ղրկեց։
39Եւ Գալիլեայի բոլոր շրջաններու ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր եւ դեւեր դուրս կը հանէր։

Յիսուս բորոտ մը կը բժշկէ
(Մտ 8.1-4Ղկ 5.12-16)

40Բորոտ մը եկաւ Յիսուսի մօտ եւ ծունկի իջած՝ կ՚աղաչէր, ըսելով.
– Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել։
41Յիսուս գթաց եւ ձեռքը երկարելով դպաւ անոր եւ ըսաւ.
– Կ՚ուզեմ, մաքրուէ՛։
42Հազիւ ասիկա ըսած, իսկոյն բորոտութիւնը գնաց անկէ եւ մաքրուեցաւ։ 43Յիսուս զայն անմիջապէս դուրս հանեց եւ խստիւ պատուիրեց, ըսելով.
– 44Նայէ՛, ոեւէ մէկուն բան չըսես. այլ գնա՛, եւ դուն քեզ քահանային ցոյց տուր. ապա որպէս ժողովուրդին վկայութիւն՝ թէ բորոտութենէդ մաքրուած ես՝ զոհդ մատուցանէ, ինչպէս Մովսէս հրամայած է։
45Բայց անիկա գնաց եւ սկսաւ ամէն տեղ պատմել ու տարածել պատահածը։ Այս պատճառով Յիսուս այլեւս չէր կրնար բացէ ի բաց քաղաք մը մտնել, այլ դուրսը ամայի տեղեր կը մնար։ Եւ ժողովուրդը ամէն կողմէ կու գար իրեն։