Mark 4

Սերմնացանին առակը
(Մտ 13.1-9Ղկ 8.4-8)

1Յիսուս դարձեալ սկսաւ ուսուցանել Գալիլեայի լիճինեզերքը։ Ժողովուրդը ա՛յնքան խռնուեցաւ իր շուրջ, որ ինք նաւակ մտաւ եւ հոն նստաւ, իսկ ժողովուրդը ցամաքին վրայ լիճին ամբողջ եզերքը բռնած էր։ 2Անիկա առակներով անոնց շատ բան կը սորվեցնէր։ Իր քարոզութեան ընթացքին ըսաւ.
– 3Լսեցէ՛ք։ Ահա սերմանող մը գնաց սերմ ցանելու։ 4Սերմանած ատեն սերմերէն ոմանք ինկան ճամբուն եզերքը, եւ երկինքի թռչունները եկան ու կերան զանոնք։ 5Ուրիշներ ժայռոտ տեղ ինկան, ուր առատ հող չկար 6եւ անմիջապէս բուսան, քանի հողը խորունկ չէր. եւ երբ արեւը ելաւ՝ այրեցան, եւ որովհետեւ արմատ չունէին՝ չորցան։ 7Ոմանք ինկան փուշերու մէջ. փուշերը ելան եւ խեղդեցին զանոնք, եւ անոնք պտուղ չտուին։ 8Իսկ ուրիշներ ալ ինկան լաւ հողի մէջ եւ աճելով պտուղ տուին, ոմանք մէկի տեղ երեսուն, ուրիշներ՝ մէկի տեղ վաթսուն եւ կամ մէկի տեղ հարիւր։
9Եւ ըսաւ.
– Ականջ ունեցողը թող լսէ։

Առակներուն նպատակը
(Մտ 13.10-17Ղկ 8.9-10)

10Երբ Յիսուս առանձին մնաց, զինք լսողներէն ոմանք տասներկու աշակերտներուն հետ եկան եւ ուզեցին որ իրենց բացատրէ առակը11Յիսուս ըսաւ.
– Դուք պէտք է գիտնաք
Աստուծոյ արքայութեան գաղտնիքները, բայց անոնց, որոնք դուրսէն են, ամէն ինչ առակներով կը յայտնուի, 12այնպէս որ՝
«Անդադար պիտի նային, բայց պիտի չտեսնեն,
շարունակ պիտի լսեն, բայց պիտի չհասկնան,
որպէսզի չըլլայ թէ Աստուծոյ դառնան
եւ Աստուած ալ իրենց ներէ»։
13Ապա հարցուց անոնց.
– Չհասկցա՞ք առակին իմաստը։ Հապա ինչպէ՞ս պիտի հասկնաք բոլոր միւս առակները։

Յիսուս կը մեկնաբանէ սերմնացանին առակը
(Մտ 13.18-23Ղկ 8.11-15)

– 14Սերմանողը Աստուծոյ խօսքն է որ կը սերմանէ։
15Ճամբուն եզերքը գտնուող հողը պատկերն է այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, բայց հազիւ լսած՝ ահա Սատանան կու գայ եւ անոնց սրտէն կը հանէ Աստուծոյ խօսքը։ 16Ժայռոտ հողը նմանութիւնն է այն մարդոց, որոնք երբ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը՝ անմիջապէս ուրախութեամբ կ՚ընդունին զայն. 17սակայն ասոնք արմատ չունին իրենց մէջ, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատան, եւ երբ նեղութեան կամ Աստուծոյ խօսքին համար հալածանքի ենթարկուին՝ անմիջապէս իրենց հաւատքը կը կորսնցնեն։ 18Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, 19սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը, հարստութեան հրապոյրը եւ ուրիշ տեսակի ցանկութիւններ զիրենք կը գրաւեն ու կը խեղդեն իրենց մէջ ինկած սերմերը, եւ անպտուղ կը դառնան։ 20Իսկ լաւ հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կ՚ընդունին զայն ու պտուղ կու տան, մէկի տեղ՝ երեսուն, մէկի տեղ՝ վաթսուն եւ մէկի տեղ՝ հարիւր։

Ճրագին օրինակը
(Մտ 5.1510.26Ղկ 6.388.16-1811.33)

21Ապա աւելցուց.
– Ոեւէ մէկը արդեօք ճրագը ներս կը բերէ՞ կաթսայի կամ անկողինի տակ դնելու համար։ Զայն աշտանակի վրայ չի՞ դներ։ 22Որովհետեւ չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի, ոչ ալ գաղտնի բան՝ որ երեւան չգայ։ 23Ականջ ունեցողը թող լսէ։ 24Յետոյ ըսաւ. – Ուշադի՛ր եղէք ձեր լսած խօսքերուն, որովհետեւ զայն լսողներդ աւելիով պիտի ունենաք։ Ինչ չափով որ ուրիշները չափէք, նոյն չափով Աստուած ձեզ պիտի չափէ։ 25Որովհետեւ ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն ալ։

Աճող սերմին առակը

26Յետոյ Յիսուս շարունակեց.
– Աստուծոյ արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.– Մարդ մը արտին մէջ սերմ կը ցանէ։ 27Օրեր ու գիշերներ կ՚անցնին, կը քնանայ ու կ՚արթննայ, մինչ այդ սերմերը կը բուսնին ու կ՚աճին, եւ ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս կը մեծնան։ 28Այսինքն, հողը ինքնաբերաբար կ՚աճեցնէ սերմը. նախ ցօղունը, ապա հասկը, ապա հասկին մէջ լեցուն ցորենը։ 29Եւ երբ ցորենը հասուննայ, անմիջապէս հնձուորները արտ կը ղրկէ, որովհետեւ հունձքի ժամը հասած է։

Մանանեխի հատիկին առակը
(Մտ 13.31-35Ղկ 13.18-19)

30Եւ հարցուց.
– Ի՞նչ բանի կրնանք նմանցնել Աստուծոյ արքայութիւնը եւ կամ ի՞նչ օրինակով կրնանք բացատրել։ 31Անիկա կը նմանի մանանեխի հատիկին, որ հողին մէջ ցանուած ատեն՝ երկրի վրայ եղող սերմերէն ամենէն փոքրն է։ 32Բայց երբ սերմանուի, կը բուսնի եւ բոլոր տունկերէն աւելիմեծ կ՚ըլլայ. ա՛յնքան մեծ ոստեր կ՚արձակէ, որ անոր շուքին տակ երկինքի թռչունները կու գան եւ բոյն կը շինեն։
33Եւ այսպիսի առակներով Յիսուս իր ուսուցումները կը ներկայացնէր ժողովուրդին, այնպէս որ կարենային զինք հասկնալ։ 34Անիկա առանց առակի ոչինչ կը խօսէր, բայց իր աշակերտներուն հետ առանձին եղած ատեն՝ ամէն ինչկը բացատրէր անոնց։

Յիսուս կը խաղաղեցնէ փոթորիկը
(Մտ 8.18,23-27Ղկ 8.22-25)

35Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք։
36Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր։ Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային։ 37Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը։ Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, 38մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար։ Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին.
Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք։
39Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.
– Դադրէ՛,– եւ լիճին ըսաւ.– Հանդարտէ՛։
Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց։ 40Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք։
41Անոնք չափազանց վախցան եւ իրարու կ՚ըսէին.
– Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որ նոյնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն։