Mark 9
1Եւ Յիսուս աւելցուց. – Վստահ եղէք, որ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը, որ զօրութեամբ պիտի գայ։
Այլակերպութիւն
(Մտ 17.1-13, Ղկ 9.28-36)
2Վեց օր ետք՝ Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ Հոն այլակերպեցաւ անոնց առջեւ. 3հագուստները փայլուն, ձիւնի պէս ճերմակ եղան, այնքան՝ որ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ թափիչ կրնար այդպէս ճերմակ դարձնել։ 4Եւ անոնց երեւցաւ Եղիան, Մովսէսի հետ միասին, որոնք Յիսուսի հետ կը խօսէին։ 5Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, լաւէոր հոս մնանք. երեք վրաններ շինենք՝ մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար։
6Անոնք ա՛յնքան վախցած էին, որ Պետրոս չէր գիտեր թէ ինչ կ՚ըսէր։ 7Ամպ մը ծածկեց զիրենք, եւ ամպին մէջէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր.
–Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս. անոր մտիկ ըրէք։
8Անոնք յանկարծ չորս կողմ նայեցան, բայց Յիսուսէ զատ ոչ ոք տեսան իրենց հետ։
9Եւ մինչ լեռնէն վար կ՚իջնէին, Յիսուս անոնց պատուիրեց որ իրենց տեսածին մասին ոեւէ մէկուն բան չըսեն, մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն առնէ։ 10Անոնք Յիսուսի այս պատուէրը մտքի մէջ պահեցին, բայց իրարու հարց կու տային թէ ի՛նչ կը նշանակէ «մեռելներէն յարութիւն առնել»։ 11Եւ հարցուցին Յիսուսի.
– Ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ՚ըսեն՝ թէ նախ Եղիան պէտք է գայ։
12Անիկա պատասխանեց.
– Ճիշդ է, որ նախ Եղիան գալով ամէն ինչ կարգի պիտի դնէ։ Սակայն եւ այնպէս՝ ինչո՞ւ Սուրբ գիրքերը կ՚ըսեն թէ Մարդու Որդին շատ պիտի չարչարուի եւ անարգուի։ 13Բայց կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Եղիան արդէն իսկ եկած է, եւ մարդիկ անոր հետ իրենց ուզածին պէս վարուեցան, ինչպէս որ Սուրբ գիրքերուն մէջ անոր մասին գրուած է։
Յիսուս չար ոգի ունեցող տղայ մը կը բժշկէ
(Մտ 17.14-21, Ղկ 9.37-43)
14Երբ միւս աշակերտներուն քով եկան, տեսան որ բազմութիւն մը անոնց շուրջ հաւաքուած էր եւ Օրէնքի ուսուցիչներ կը վիճաբանէին անոնց հետ։ 15Ամբողջ ժողովուրդը հազիւ զինք տեսած՝ զարմացաւ եւ իր քով վազեց ողջունելու համար զինք։ 16Յիսուս հարցուց իր աշակերտներուն։
– Ի՞նչ բանի շուրջ կը վիճաբանէիք անոնց հետ։
17Ժողովուրդէն մէկը ըսաւ Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, քեզի բերի զաւակս, որ չար ոգիին պատճառով համր դարձած է։ 18Ուր որ պատահի, չար ոգին զինք կը զգետնէ. տղուս բերանը կը փրփրի, եւ ակռաները կը կրճտէ ու ապա կը պրկուի։ Աշակերտներուդ ըսի որ հանեն չար ոգին, բայց չկրցան։
19Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Ո՛վ անհաւատ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ. մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժեմ ձեզի։ Հո՛ս բերէք զայն։
20Եւ անոնք բերին։ Չար ոգին հազիւ Յիսուսը տեսած՝ ցնցեց տղան, որ գետին ինկաւ եւ սկսաւ տապլտկիլ՝ բերանը փրփուրներով լեցուն։ 21Յիսուս անոր հօրը հարցուց.
– Ո՞րքան ատենէ ի վեր ասիկա կը պատահի իրեն։
– Մանկութենէն ի վեր,– պատասխանեց հայրը։ – 22Չար ոգին զինք սպաննելու համար շատ անգամ կրակի եւ ջուրի մէջ կը նետէ զինք։ Արդ, եթէ կրնաս բան մը ընել, Տէ՜ր, խղճա՛ եւ օգնէ՛ մեզի։
23Յիսուս ըսաւ.
– Ըսիր՝ «Եթէ կրնաս»։ Ամէն ինչ կարելի է անոր համար՝ որ կը հաւատայ։
24Անմիջապէս տղուն հայրը գոչեց.
– Կը հաւատա՛մ, օգնէ՛ որ հաւատքս զօրանայ։
25Յիսուս երբ տեսաւ որ ժողովուրդը չորս կողմէն կը դիզուի, սաստեց չար ոգին՝ ըսելով.
– Համր եւ խո՛ւլ ոգի, կը հրամայեմ որ դո՛ւրս ելլես տղուն մէջէն եւ անգամ մըն ալ չմտնե՛ս։
26Չար ոգին աղաղակով մը զգետնեց տղան եւ դուրս ելաւ անկէ։ Տղան մեռելի պէս եղաւ, այնպէս որ շատեր ըսին թէ մեռաւ։ 27Յիսուս բռնեց անոր ձեռքէն, վերցուց, եւ տղան ոտքի կանգնեցաւ։
28Երբ Յիսուս տուն մտաւ, աշակերտները առանձին հարցուցին անոր.
– Մե՞նք ինչու չկրցանք հանել չար ոգին։
29Յիսուս պատասխանեց.
– Այդ տեսակ չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել։
Յիսուս դարձեալ կը խօսի իր մահուան եւ յարութեան մասին
(Մտ 17.22-23, Ղկ 9.43-45)
30Անոնք այդտեղը ձգեցին եւ անցան Գալիլեայի մէջէն։ Յիսուս չէր ուզեր որ մէկը գիտնայ, 31որովհետեւ իր աշակերտներուն կը սորվեցնէր, ըսելով.
– Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, որոնք պիտի սպաննեն զայն։ Բայց սպանութենէն երեք օր ետք անիկա յարութիւն պիտի առնէ։
32Անոնք չէին հասկնար այս խօսքին իմաստը եւ կը վախնային հարցնելու։
Ո՞վ է մեծը
(Մտ 18.1-5, Ղկ 9.46-48)
33Կափառնաում եկան։ Երբ տուն մտան, Յիսուս հարցուց իր աշակերտներուն.
– Ի՞նչ բանի մասին կը վիճաբանէիք ճամբու ընթացքին։
34Անոնք լուռ մնացին, որովհետեւ ճամբու ընթացքին իրարու հետ կը վիճաբանէին թէ ո՛վ է մեծը։ 35Երբ նստաւ, կանչեց տասներկու աշակերտները եւ ըսաւ անոնց.
– Եթէ մէկը կ՚ուզէ առաջին ըլլալ՝ թող բոլորին վերջինը եւ բոլորին սպասաւորը ըլլայ։
36Ապա փոքրիկ մը առաւ, անոնց մէջտեղ կանգնեցուց եւ զայն գրկելով ըսաւ.
– 37Ով որ այսպիսի փոքրիկ մը իմ անունովս ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ո՛չ թէ զիս, այլ զիս ղրկողը ընդունած կ՚ըլլայ։
Ով որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմն է
(Ղկ 9.49-50)
38Յովհաննէս ըսաւ անոր.
– Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր։
39Յիսուս ըսաւ.
– Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն, որովհետեւ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար իմ անունովս հրաշք գործել եւ անմիջապէս ինծի դէմ խօսիլ։ 40Որովհետեւ ան որ մեզի հակառակ չէ, կը նշանակէ թէ մեր կողմն է։ 41Վստահ եղէք, թէ ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր կու տայ՝ որովհետեւ Քրիստոսի կը պատկանիք, իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ։
Գայթակղութեան հարց
(Մտ 18.6-9, Ղկ 17.1-2)
– 42Եւ ով որ ինծի հաւատացող այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէ, աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ գայթակղեցնողին վիզին մեծ երկանաքար անցուի եւ ծովը ձգուի։ 43Եթէ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ կտրէ՛ զայն, որովհետեւ աւելի լաւ է խեղանդամ մտնել յաւիտենական կեանքը, քան թէ երկու ձեռք ունենալ եւ իյնալ դժոխքի անշէջ կրակին մէջ։ 45Եթէ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ կտրէ՛ զայն. աւելի լաւ է կաղ ոտքով մտնել յաւիտենական կեանքը, քան թէ երկու ոտք ունենալ եւ իյնալ դժոխք։ 47Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ հանէ՛ զայն, աւելի լաւ է միականի մտնել Աստուծոյ արքայութիւնը, քան թէ երկու աչք ունենալ եւ իյնալ դժոխք, 48ուր «զանոնք կրծող որդը չի մեռնիր եւ կրակը չի մարիր»։ 49Որովհետեւ ամէն մարդ կրակով պիտի մաքրուի, ինչպէս ամէն զոհ՝ աղով։ 50Լաւ բան է աղը, բայց եթէ իր համը կորսնցնէ՝ ինչո՞վ պիտի աղեն զայն։ Արդ, աղ ունեցէք դուք ձեր մէջ եւ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրեցէք։