Mark 15
Յիսուս Պիղատոսի առջեւ
(Մտ 27.1-2,11-14, Ղկ 23.1-5, Յհ 18.28-38)
1Առաւօտ կանուխ, աւագ քահանաները երէցներուն, Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Ատեանի բոլոր անդամներուն հետ խորհրդակցեցան եւ Յիսուսը շղթայակապ տարին յանձնեցին Պիղատոսի: 2Պիղատոս հարցուց Յիսուսի.
– Դո՞ւն ես Հրեաներու թագաւորը։
Յիսուս պատասխանեց.
– Ահա դո՛ւն կ՚ըսես։
3Աւագ քահանաները բազմաթիւ ամբաստանութիւններ կ՚ընէին, բայց Յիսուս պատասխան չէր տար։ 4Պիղատոս կրկին անգամ հարցուց Յիսուսի.
– Պատասխան չե՞ս տար, տե՛ս, որքա՛ն ամբաստանութիւններ կ՚ընեն քեզի դէմ։
5Յիսուս դարձեալ պատասխան չտուաւ, այնքան՝ որ Պիղատոս շատ զարմացաւ։
Յիսուս մահուան կը դատապարտուի
(Մտ 27.15-26, Ղկ 23.13-25, Յհ 18.39—19.16)
6Պիղատոս ամէն Զատիկի տօնինազատկ՚արձակէր բանտարկեալ մը, նայած թէ ժողովուրդը ո՛վ կ՚ուզէր։ 7Բանտին մէջ կար Բարաբբա անունով մէկը, որ բանտարկուած էր խռովարարներու հետ, որոնք խռովութեան ժամանակ մէկը սպաննած էին։ 8Ամբոխը սկսաւ աղաղակել եւ խնդրել որ Պիղատոս իր սովորութեան համաձայն մէկը ազատ արձակէ։ 9Պիղատոս ըսաւ անոնց. – Կ՚ուզէ՞ք որ Հրեաներու թագաւորը ազատ արձակեմ։
10Որովհետեւ գիտէր թէ նախանձի պատճառով է որ աւագ քահանաները իրեն յանձնած էին Յիսուսը։ 11Սակայն աւագ քահանաները ժողովուրդը գրգռեցին, որպէսզի Պիղատոսէն պահանջեն որ Բարաբբան ազատ արձակէ։ 12Պիղատոս դարձեալ հարցուց անոնց.
– Հապա ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ անոր՝ որ Հրեաներու թագաւոր կը կոչէք։
13Անոնք աւագ քահանաներէն դրդուելով՝ կրկին աղաղակեցին.
– Խա՛չը հանէ զայն։
14Պիղատոս հարցուց.
– Բայց ի՞նչ չարիք գործած է։
Սակայն անոնք աւելի բարձր աղաղակներով կ՚ըսէին.
– Խա՛չը հանէ զայն։
15Պիղատոս ամբոխը գոհացնել ուզելով՝ ազատ արձակեց Բարաբբան, իսկ Յիսուսը մտրակով ծեծել տալէ ետք զինուորներուն յանձնեց, որպէսզի խաչեն։
Զինուորները կը ծաղրեն Յիսուսը
(Մտ 27.27-31, Ղկ 23.11, Յհ 19.2-3)
16Զինուորները Յիսուսը տարին ներս, կառավարիչի պալատին բակը եւ կանչեցին գունդին մնացեալ զինուորները։ 17Յիսուսի ծիրանի հագցուցին եւ գլխուն դրին փուշէ պսակ մը։ 18Յետոյ սկսան բարեւել եւ ըսել.
– Ողջո՛յն քեզի, Հրեաներո՛ւ թագաւոր։
19Եղէգով գլխուն կը զարնէին, երեսին կը թքնէին եւ ծունկի գալով կ՚երկրպագէին անոր։ 20Այսպէս ծաղրելէ ետք, Յիսուսի վրայէն հանեցին ծիրանի հագուստը, իր հագուստները հագցուցին եւ դուրս հանեցին՝ որպէսզի խաչեն զայն։
Յիսուսի խաչելութիւնը
(Մտ 27.32-44, Ղկ 23.26-43, Յհ 19.17-27)
21Սիմոն անունով Կիւրենացի մը, Աղեքսանդրի եւ Ռուֆոսի հայրը, արտէն վերադարձին այդտեղէն կ՚անցնէր։ Զինուորները զայն կեցուցին եւ ստիպեցին որ խաչափայտը շալկէ։ 22Եւ Յիսուսը տարին Գողգոթա, որ կը նշանակէ գանկի վայր։ 23Հոն զմուռսով խառնուած գինի տուին իրեն, բայց ինք չխմեց։ 24Ապա խաչը հանեցին զայն եւ հագուստները բաժնելու համար վիճակ ձգեցին, տեսնելու համար թէ ո՞վ ի՛նչ բաժին պիտի առնէ։
25Առաւօտեան ժամը ինն էր, երբ զինք խաչեցին։ 26Իր դատապարտութեան արձանագրութիւնը կ՚ըսէր. «Հրեաներու թագաւորն է»։ 27Իրեն հետ խաչ հանեցին երկու աւազակներ ալ, մէկը իր աջ կողմը, իսկ միւսը՝ ձախ կողմը։ 28Այս ձեւով իրականացաւ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուածը, որ կ՚ըսէ. «Չարագործներու կարգին դասուեցաւ»։
29Անոնք որոնք կ՚անցնէին խաչին առջեւէն, կը նախատէին զինք եւ իրենց գլուխը շարժելով կ՚ըսէին.
– Դուն տաճարը պիտի քանդէիր եւ երեք օրէն շինէիր, հա՞. 30դուն քեզ ազատէ եւ վա՛ր իջիր խաչէն։
31Նոյնպէս աւագ քահանաները Օրէնքի ուսուցիչներուն հետ կը հեգնէին զինք ու կ՚ըսէին.
– Ուրիշները ազատեց, բայցինքզինք չի կրնարազատել։ 32Այդ Քրիստոսը, Իսրայէլի թագաւորը, թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէսզի տեսնենք եւ հաւատանք իրեն։
Իր հետ խաչուած երկու աւազակներն ալ կը նախատէին զինք։
Յիսուսի մահը
(Մտ 27.45-56, Ղկ 23.44-49, Յհ 19.28-30)
33Գրեթէ կէսօր էր, երբ խաւարը պատեց ամբողջ երկիրը մինչեւ ժամը երեք։ 34Ժամը երեքին Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց, ըսելով.
– «Էլի՛, էլի՛, լա՞մա սաբաքթանի», որ կը նշանակէ. «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս»։
35Իր շուրջը գտնուողներէն ոմանք, որոնք լսեցին, ըսին.
– Եղիան կը կանչէ։
36Անոնցմէ մէկը վազեց եւ սպունգը քացախին մէջ թաթխելով՝ եղէգին ծայրը անցուց եւ տուաւ Յիսուսի, որ խմէ, ու կ՚ըսէր.
– Ձգեցէք տեսնենք, Եղիան պիտի գա՞յ զինք խաչէն վար իջեցնելու։
37Յիսուս բարձր աղաղակ մը արձակեց եւ հոգին աւանդեց։ 38Տաճարին վարագոյրը վերէն վար պատռուեցաւ եւ երկու մասի բաժնուեցաւ։ 39Հարիւրապետը որ հոն՝ անոր դիմաց կանգնած էր, երբ տեսաւ թէ ի՛նչպէս Յիսուս աղաղակեց եւ հոգին աւանդեց, ըսաւ.
– Իրապէս որ այս մարդը Աստուծոյ Որդին էր։
40Հոն կիներ ալ կային, որոնք հեռուէն կը դիտէին։ Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին, կրտսեր Յակոբոսի եւ Յովսէսի մայրը՝ Մարիամը, եւ Սողոմէն, 41որոնք Յիսուսի Գալիլեա գտնուած միջոցին՝ անոր կը հետեւէին եւ կը սպասարկէին անոր։ Ուրիշ շատ կիներ ալ կային, որոնք իրենց հետ Երուսաղէմէն եկած էին։
Յիսուսի թաղումը
(Մտ 27.57-61, Ղկ 23.50-56, Յհ 19.38-42)
42-43Գրեթէ երեկոյ էր, երբ Արիմաթացի Յովսէփը եկաւ, որ պարկեշտ մարդ մըն էր, Հրեաներու Ատեանին անդամ եւ որ կը սպասէր Աստուծոյ թագաւորութեան գալուն։ Եւ որովհետեւ Ուրբաթ երեկոյ էր եւ տակաւին Շաբաթը չէր սկսած, համարձակութիւն ունեցաւ Պիղատոսի քով երթալու եւ Յիսուսի մարմինը խնդրելու։ 44Պիղատոս զարմացաւ որ Յիսուս այդքան շուտ մեռաւ։ Իր մօտ կանչեց հարիւրապետը եւ հարցուց.
– Իրապէ՞ս այդքան շուտ մեռաւ։
45Եւ հարիւրապետէն ստուգելէ ետք՝ արտօնեց որ Յովսէփ Յիսուսի մարմինը առնէ։ 46Յովսէփ պատանքի կտաւ գնեց, խաչէն իջեցուց Յիսուսը եւ մարմինը փաթթելով դրաւ ժայռափոր գերեզմանի մը մէջ։ Ապա քար մը գլորեց, գերեզմանի մուտքին։ 47Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսի ու Յովսէսի մայրը՝ Մարիամ, հոն էին եւ տեսան գերեզմանը, ուր մարմինը դրուեցաւ։