Luke 4
Յիսուսի փորձութիւնը
(Մտ 4.1-11, Մր 1.12-13)
1Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ վերադարձաւ Յորդանանէն։ Ապա Սուրբ հոգիին կողմէ առաջնորդուած՝ գնաց անապատ, 2ուր քառասուն օր փորձուեցաւ Սատանայէն։ Այդ օրերուն ո՛չ կերաւ եւ ո՛չ ալ խմեց։ Երբ քառասուն օրերը ամբողջացան, Յիսուս անօթեցաւ։
3Սատանան ըսաւ իրեն.
– Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, հրամայէ՛ որ այս քարը հաց դառնայ։
4Յիսուս պատասխանեց.
– Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ՝ Աստուծոյ բոլոր խօսքերով»։
5Ապա Սատանան հանեց զինք բարձր լեռ մը եւ ակընթարթի մը մէջ իրեն ցոյց տուաւ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները 6եւ ըսաւ.
– Այս բոլորին վրայ իշխանութիւն եւ անոնց փառքը քեզի կու տամ. անոնք ինծի տրուած են եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ։ 7Արդ, եթէ ինծի երկրպագութիւն ընես՝ այդ բոլորը քուկդպիտի ըլլան։
8Յիսուս ըսաւ.
– Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուծոյդ պէտք է երկրպագես եւ զայն միայն պաշտես»։
9Յետոյ Սատանան զայն Երուսաղէմ տարաւ եւ կանգնեցուց տաճարի աշտարակներէն մէկուն վրայ եւ ըսաւ անոր.
– Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, դուն քեզ այստեղէն վար նետէ։ 10Քանի Սաղմոսներուն մէջ գրուած է, թէ «Աստուած իր հրեշտակներուն պիտի պատուիրէ որ քեզ պահպանեն», 11եւ թէ «հրեշտակները քեզ իրենց ձեռքերուն վրայ պիտի վերցնեն, այնպէս որ ոտքդքարի չզարնուի»։
12Յիսուս պատասխանեց.
– Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուածդ չփորձե՛ս»։
13Սատանան ամէն տեսակի փորձութիւն վերջացնելէ ետք՝ ժամանակուան մը համար հեռացաւ Յիսուսէն։
Յիսուս Գալիլեայի մէջ իր առաքելութեան կը սկսի
(Մտ 4.12-17, Մր 1.14-15)
14Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ իր համբաւըտարածուեցաւ։ 15Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ՚ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին։
Յիսուս կը մերժուի Նազարէթի մէջ
(Մտ 13.53-58, Մր 6.1-6)
16Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց։ Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը, 17իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը։ Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ՚ըսէր.–
18«Տիրոջ Հոգին վրաս է.
որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝
աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու,
սրտաբեկները մխիթարելու,
19գերիներուն ազատութիւն բերելու,
կոյրերուն աչքերը բանալու,
հարստահարուածները ազատելու
եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը,
երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»։
20Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ։ Ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին 21երբ ըսաւ.
– Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ։
22Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ՚ըսէին.
– Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞:
23Յիսուս ըսաւ.
– Անտարակոյս ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ»։ Եւ ինչ որ լսեցինք որ գործեր ես Կափառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ։
24Եւ աւելցուց.
– Բայց դուք ալ գիտէք, որ մարգարէն իր ծննդավայրին մէջ յարգ չունի։ 25Ձեզի օրինակներով խօսիմ։ Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ այրիներ կային Եղիայի օրերուն, երբ երեքուկէս տարի երկինքը չանձրեւեց եւ ամբողջ երկրին մէջ սաստիկ սով տիրեց։ 26Բայց Եղիա անոնցմէ ոեւէ մէկուն չղրկուեցաւ, այլ ղրկուեցաւ Սիդոնի մօտիկ Սարեփթա գիւղը բնակող այրի կնոջ մը։ 27Նոյնպէս, Եղիսէ մարգարէի օրերուն Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ բորոտներ կային, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը բժշկուեցաւ, այլ միայն Նէեման անունով Ասորի մը։
28Այս ակնարկութիւնները լսելով՝ ժողովարանին մէջ գտնուողները բարկութեամբ լեցուեցան։ 29Ելան, Յիսուսը քաղաքէն դուրս հանեցին եւ գահավէժ ընելու նպատակով զայն տարին մինչեւ կատարը այն լերան, որուն վրայ շինուած էր իրենց քաղաքը։ 30Բայց Յիսուս անոնց մէջէն անցաւ գնաց։
Պիղծ ոգիով մարդուն բժշկութիւնը
(Մր 1.21-28)
31Յետոյ Յիսուս Գալիլեայի Կափառնաում քաղաքը գնաց, ուր Շաբաթ օրով սկսաւ ժողովուրդին ուսուցանել։ 32Բոլորն ալ կը զարմանային անոր ուսուցման կերպին վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը խօսէր։
33Ժողովարանին մէջ մէկը կար, որ պիղծ ոգիէ բռնուած էր. ոգին բարձրաձայն գոչեց.
– 34Յիսո՛ւս Նազովրեցի, ձգէ՛, ի՞նչ կ՝ուզես մեզմէ.
մեզ ոչնչացնելո՞ւ եկար. գիտե՛նք թէ ով ես, դուն Աստուծոյ Սուրբն ես։
35Յիսուս սաստեց ոգին եւ ըսաւ.
– Լռէ՛ եւ դո՛ւրս ել մարդէն։
Ոգին բոլորին դիմաց զգետնեց մարդը եւ դուրս ելաւ՝ առանց վնասելու անոր։ 36Բոլորն ալ ապշահար՝ իրարու կ՚ըսէին.
– Ի՜նչ զօրեղ խօսք. հեղինակութեամբ եւ զօրութեամբ կը սաստէ չար ոգիները եւ անոնք դուրս կ՚ելլեն։
37Եւ Յիսուսի համբաւը կը տարածուէր գաւառին բոլոր կողմերը։
Յիսուս կը բժշկէ
(Մտ 8.14-17, Մր 1.29-34)
38Ժողովարանէն ելլելով՝Յիսուս գնաց Սիմոնի տունը։ Սիմոնի զոքանչը սաստիկ տաքութիւն ունէր եւ կը տանջուէր անկէ։ Յիսուսի աղաչեցին որ բժշկէ զայն։ 39Յիսուս անոր մօտ գնաց եւ սաստեց տաքութիւնը։ Տաքութիւնը անցաւ, եւ հիւանդը անմիջապէս ոտքի ելլելով՝ սկսաւ սպասարկել անոնց։
40Արեւնամուտին, բոլոր անոնք որոնք զանազան ցաւերէ բռնուած հիւանդներ ունէին, Յիսուսի բերին։ Յիսուս անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ իր ձեռքերը դնելով՝ կը բժշկէր զանոնք։ 41Շատերու մէջէն դեւեր ալ կ՚ելլէին, որոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին.
– Դուն Աստուծոյ Որդին ես։
Սակայն Յիսուս կը սաստէր զանոնք եւ չէր ձգեր որ խօսին, քանի դեւերը գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։
Յիսուս Գալիլեայի մէջ կը քարոզէ
(Մր 1.35-39)
42Առաւօտուն Յիսուս ելաւ ամայի վայրմը գնաց։ Ժողովուրդը սկսաւ զինք փնտռել։ Երբ եկան իր մօտ, չէին ձգեր որ հեռանայ իրենցմէ։ 43Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ պէտք է Աստուծոյ արքայութիւնը աւետեմ, որովհետեւ ճիշդ ասոր համար Աստուած զիս ղրկեց։
44Եւ Յիսուս Գալիլեայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր։