Luke 20
Յիսուսի հեղինակութեան հարցը
(Մտ 21.23-27, Մր 11.27-33)
1Նոյն այդ օրերուն, մինչ Յիսուս տաճարին մէջ ժողովուրդին կ՚ուսուցանէր եւ Աւետարանը կը քարոզէր, աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները երէցներուն հետ վրայ հասան 2եւ ըսին անոր.
– Ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ իշխանութեամբ դուն այս գործերը կ՚ընես։ Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ։
3Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Ես ալ հարցում մը ունիմ ձեզի։ Ըսէ՛ք ինծի, 4Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն, թէ մարդոցմէ։
5Անոնք իրարու հետ սկսան խորհիլ եւ ըսել.
– Եթէ ըսենք՝ «Աստուծմէ», պիտի ըսէ՝ «Ուրեմն ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր», 6իսկ եթէ ըսենք՝ «Մարդոցմէ», այն ատեն ամբողջ ժողովուրդը մեզ պիտի քարկոծէ, որովհետեւ բոլորն ալ համոզուած են որ Յովհաննէս մարգարէ մըն է։
7Ապա պատասխանեցին.
– Չե՛նք գիտեր թէ ո՛ւրկէ էր այդ իշխանութիւնը։
8Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Այն ատեն ե՛ս ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ այս գործերը կը կատարեմ։
Չար մշակներուն առակը
(Մտ 21.33-46, Մր 12.1-12)
9Յետոյ Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց ժողովուրդին։
– Մէկը այգի մը տնկեց եւ զայն վարձու տուաւ մշակներու, իսկ ինք երկար ժամանակով մեկնեցաւ։ 10Այգեկութքի ժամանակ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն մօտ, որպէսզի այգիին բերքէն իր բաժինը տան իրեն։ Մշակները ծեծեցին զայն եւ ձեռնունայն ետ ղրկեցին։ 11Ապա ուրիշ ծառայ մը ղրկեց. բայց մշակները զայն ալ ծեծեցին, անարգեցին եւ ձեռնունայն ետ ղրկեցին։ 12Երրորդ մըն ալ ղրկեց։ Մշակները զայն ալ վիրաւորեցին եւ դուրս նետեցին։
13Այգիին տէրը ըսաւ. «Ի՞նչ ընեմ։ Սիրելի որդիս պիտի ղրկեմ. թերեւս պատկառին անկէ»։ 14Բայց մշակները երբ զայն տեսան, իրարու ըսին. «Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք սպաննենք զայն, որպէսզի ժառանգութիւնը մեզի մնայ»։ 15Ապա զայն այգիէն դուրս հանեցին եւ սպաննեցին։ Հիմա, այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ մշակներուն։ 16Բնականաբար՝ պիտի գայ, պիտի սպաննէ նախկին մշակները եւ այգին ուրիշներու տայ։
Ժողովուրդը երբ ասիկա լսեց, ըսաւ.
– Աստուած չընէ՛։
17Իսկ Յիսուս ժողովուրդին նայեցաւ եւ ըսաւ.
– Հապա ի՞նչ կը նշանակէ այն՝ ինչ որ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է.–
«Այն քարը, որ շինողները մերժեցին գործածել,
յետոյ անկիւնաքար եղաւ»։
18Ով որ այդ քարին զարնուի՝ պիտի խորտակուի, եւ որուն վրայ որ իյնայ՝ զայն պիտի ճզմէ։
19Օրէնքի ուսուցիչներն ու աւագ քահանաները հասկնալով որ իրենց համար ըսաւ առակը, ուզեցին նոյն ժամուն ձերբակալել Յիսուսը, սակայն ժողովուրդէն վախցան։ 20Եւ սպասեցին յարմար առիթի։
Տուրք վճարելու հարցը
(Մտ 22.15-22, Մր 12.13-17)
Ապա Յիսուսի ղրկեցին քանի մը կաշառուած անձեր, որպէսզի կեղծաւորութեամբ իրենք զիրենք արդար ձեւացնելով՝ իրենց հարցումներով զայն ծուղակը ձգեն եւ պետութեան դատական իշխանութեան յանձնեն։ 21Ասոնք հարցուցին Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, գիտենք որ ճիշդը կը խօսիս եւ կը սորվեցնես. գիտենք որ անաչառ ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ կամքը կ՚ուսուցանես։ 22Ըսէ՛ մեզի, մեր Օրէնքին համաձայն պէ՞տք է կայսրին տուրք տանք, թէ ոչ։
23Յիսուս հասկցաւ անոնց խորամանկութիւնը եւ ըսաւ.
– 24Արծաթ դրամ մը ցոյց տուէք ինծի։
Անոնք ալ ցոյց տուին։ Ապա հարցուց.
– Որո՞ւն նկարը եւ արձանագրութիւնը կայ վրան։
Անոնք պատասխանեցին.
– Կայսրին։
25Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Գացէ՛ք, ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք։
26Եւ այսպէս ժողովուրդին դիմաց չկրցան ծուղակը ձգել զայն եւ լռեցին՝ զարմանալով անոր տուած պատասխանին վրայ։
Յարութեան հարցը
(Մտ 22.23-33, Մր 12.18-27)
27Սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ։ Սադուկեցիները կ՚ըսեն՝ թէ մեռելներու յարութիւն չկայ։ 28Անոնք Յիսուսի ըսին.
– Վարդապե՛տ, Մովսէս հետեւեալ օրէնքը գրեց մեզի. «Եթէ ամուսնացած մէկը մեռնի առանց զաւակ ձգելու, թող մարդուն եղբայրը ամուսնանայ այրիին հետ, որպէսզի իր եղբօրը զաւակ տայ»։ 29Ժամանակին եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը ամուսնացաւ եւ առանց զաւակ ունենալու մեռաւ։ 30Երկրորդ եղբայրը ամուսնացաւ անոր կնոջ հետ եւ ինքն ալ առանց զաւակ ունենալու մեռաւ։ 31Երրորդն ալ եւ մինչեւ եօթներորդ եղբայրը նոյնպէս ամուսնացան անոր հետ եւ առանց զաւակ ունենալու մեռան։ 32Բոլորէն վերջ կինն ալ մեռաւ։ 33Արդ, մեռելներու յարութեան օրը կինը անոնցմէ որո՞ւն պիտի պատկանի, քանի եօթն ալ ամուսնացան անոր հետ։
34Յիսուս պատասխանեց.
– Այս աշխարհի մարդիկն ու կիները կ՚ամուսնանան. 35սակայն անոնք որոնք գալիք աշխարհին եւ մեռելներու յարութեան կ՚արժանանան՝ պիտի չամուսնանան։ 36Անոնք այլեւս չեն կրնար մեռնիլ, քանի հրեշտակներու նման պիտի ըլլան։ Անոնք Աստուծոյ որդիներ են, որովհետեւ մեռելներէն յարութիւն առած են։ 37Իսկ թէ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն՝ Մովսէս հասկցուց այրող մորենիին դրուագով, ուր անիկա Տիրոջ մասին կ՚ըսէ՝ «Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը»։ 38Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, այլ՝ ողջերուն, որովհետեւ իրեն համարբոլորն ալ կենդանի են։
39Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք ըսին.
– Վարդապե՛տ, լա՛ւ ըսիր։
40Եւ այլեւս ոչ ոք կը համարձակէր Յիսուսի ոեւէ հարցում ընել։
Որո՞ւն որդին է Քրիստոս
(Մտ 22.41-46, Մր 12.35-37)
41Ապա Յիսուս անոնց հարցուց.
– Ի՞նչպէս կ՚ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթի որդին է, 42երբ Դաւիթ ինքն իսկ Սաղմոսներու գիրքին մէջ կ՚ըսէ.–
«Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս.–
Աջ կողմս նստէ,
43մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ
որպէս պատուանդան»։
44Եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս ուրեմն անոր որդին է։
Զգուշացում Օրէնքի ուսուցիչներէն
(Մտ 23.1-36, Մր 12.38-40)
45Մինչ ամբողջ ժողովուրդը մտիկ կ՚ընէր իրեն, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– 46Զգուշացէք Օրէնքի ուսուցիչներէն, որոնք կը սիրեն փառաւոր պատմուճաններով շրջիլ, հրապարակներու վրայ մարդոցմէ ողջոյններ ընդունիլ, ժողովարաններու մէջ առաջին աթոռները գրաւել եւ ընթրիքներու ընթացքին՝ պատուոյ տեղերը։ 47Մէկ կողմէ այրիներուն տուները անոնց ձեռքէն կը յափշտակեն, իսկ միւս կողմէ՝ կեղծաւորութեամբ իրենց աղօթքը կ՚երկարեն։ Անոնց դատապարտութիւնը աւելի խիստ պիտի ըլլայ։