Luke 24
Յիսուսի յարութիւնը
(Մտ 28.1-10, Մր 16.1-8, Յհ 20.1-10)
1Կիրակի առաւօտ շատ կանուխ, Մարիամ Մագդաղենացին, Յովհաննան եւ Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, ուրիշ կիներու հետ գերեզման եկան՝ իրենց հետ բերելով իրենց պատրաստած խունկերը։ 2Գերեզմանին մուտքը փակող քարը գլորուած գտնելով՝ 3ներս մտան, բայց Տէր Յիսուսի մարմինը հոն չգտան։ 4Մինչ պատահածին վրայ զարմանքէն ապշած էին, ահա երկու լուսազգեստ մարդիկ իրենց քով կանգնեցան։ 5Կիները սարսափեցան եւ վախէն իրենց դէմքը գետին դարձուցին։ Մարդիկը ըսին իրենց.
– Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։ 6Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ։ Յիշեցէ՛ք ինչ որ ըսաւ՝ մինչ տակաւին ձեզի հետ Գալիլեա կը գտնուէր, 7թէ Մարդու Որդին պէտք էր յանձնուէր մեղաւոր մարդոց ձեռքը, պէտք էր խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր։
8Եւ յիշեցին անոր խօսքերը։ 9Ապա գերեզմանէն վերադարձան եւ ինչ որ տեսան՝ պատմեցին տասնըմէկ առաքեալներուն եւ բոլոր միւս աշակերտներուն։ 10Ասիկա առաքեալներուն պատմողները իրենք էին՝ Մարիամ Մագդաղենացին, Յովհաննան, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, եւ իրենց ընկերացող միւս կիները։ 11Առաքեալները ցնդաբանութիւն համարեցին անոնց պատմածները եւ չհաւատացին։ 12Բայց Պետրոս ելաւ գերեզման վազեց, ծռելով ներս նայեցաւ եւ գերեզմանին մէջ միայն պատանքը տեսաւ. ու զարմացած վերադարձաւ՝ մտածելով թէ ի՞նչ պատահեցաւ արդեօք։
Եմմաուսի ճամբուն վրայ
(Մր 16.12-13)
13Նոյն օրը աշակերտներէն երկուքը Եմմաուս անունով գիւղ մը կ՚երթային, որ Երուսաղէմէն շուրջ տասնըմէկ քիլոմեթր հեռու է։ 14Անոնք իրարու հետ կը խօսէին պատահած բոլոր անցուդարձերուն մասին։ 15Մինչ իրարու հետ կը խօսակցէին ու կը վիճէին, Յիսուս անձամբ մօտեցաւ անոնց եւ սկսաւ միասին երթալ։ 16Անոնց աչքերը այնպէս մը ծածկուած էին, որ չէին ճանչնար զայն։ 17Յիսուս հարցուց անոնց.
– Ի՞նչ բանի մասին կը խօսիք ու կը վիճիք քալած ատեն. եւ տրտմած էք։
18Անոնցմէ մէկը, որ Կղէոպաս կը կոչուէր, ըսաւ.
– Երուսաղէմի մէջ միայն դո՞ւն կաս, որ չես գիտեր թէ այս օրերուն ինչ պատահեցաւ։
19Յիսուս հարցուց.
– Ի՞նչ բան։
Անոնք ըսին.
– Այն ինչ որ պատահեցաւ Յիսուս Նազովրեցիին։ Անիկա իր խօսքերով ու գործերով զօրաւոր մարգարէ մըն էր՝ Աստուծոյ եւ ամբողջ ժողովուրդին համար։ 20Մեր աւագ քահանաներն ու իշխանները զայն իշխանութեան յանձնեցին, որպէսզի մահուան դատապարտուի, եւ զայն խաչեցին։ 21Մենք կը յուսայինք որ Իսրայէլը ազատողը ինք պիտի ըլլար։ Այսուհանդերձ, ահա այսօր երրորդ օրն է որ այդ բաները պատահեցան։ 22Սակայն մեր մէջէն կարգ մը կիներ, որոնք այս առաւօտ կանուխ գերեզման գացած էին, զարմացուցին մեզ, 23ըսելով՝ թէ անոր մարմինը չէին գտած եւ թէ հրեշտակներ տեսած էին, որոնք իրենց յայտնած էին թէ անիկա ողջ է։ 24Մեզմէ ոմանք գերեզման գացին եւ ամէն ինչ գտան այնպէս՝ ինչպէս կիները ըսած էին։ Սակայն զայն չտեսան։
25Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ո՛վ անմիտներ, որ կը դժուարանաք մարգարէներուն բոլոր ըսածներուն հաւատալու։ 26Պէտք չէ՞ր որ Քրիստոսը չարչարուէր՝ փառաւորուելու համար։
27Ապա սկսաւ բացատրել Սուրբ գիրքերուն մէջ իր մասին գրուած բոլոր գրութիւնները, սկսեալ Մովսէսի գիրքերէն մինչեւ բոլոր մարգարէութիւնները։
28Մօտեցած էին իրենց երթալիք գիւղին. սակայն Յիսուս այնպէս ձեւացուց թէ ինք աւելի հեռու տեղ մը պիտի երթար։ 29Անոնք ստիպեցին զայն, ըսելով.
– Մեր քով գիշերէ, որովհետեւ արդէն իսկ երեկոյ է եւ ահա կը մթննայ։
Յիսուս անոնց հետ տուն մտաւ գիշերելու համար։ 30Երբ անոնց հետ սեղան բազմեցաւ, առաւ հացը, օրհնեց, կտրեց եւ անոնց տուաւ։ 31Անմիջապէս անոնց աչքերը բացուեցան եւ ճանչցան զինք, բայց ինք անոնց աչքերէն անյայտացաւ։ 32Անոնք իրարու ըսին.
– Մեր սիրտերը չէի՞ն ճմլուեր, երբ անիկա ճամբու ընթացքին մեզի հետ կը խօսէր եւ Սուրբ գիրքերը կը բացատրէր։
33Անոնք անմիջապէս ելան եւ վերադարձան Երուսաղէմ, ուր հաւաքուած գտան տասնըմէկ աշակերտները եւ ուրիշ հետեւորդներ, 34որոնք ըսին.
– Իրապէ՛ս որ Տէրը յարութիւն առաւ եւ երեւցաւ Սիմոնի։
35Իսկ անոնք պատմեցին՝ ինչ որ իրենց պատահած էր ճամբու ընթացքին, եւ թէ ի՛նչպէս Յիսուս ինքզինք իրենց ճանչցուց՝ հացը կտրած ատեն։
Յիսուս կ՚երեւի տասնըմէկ աշակերտներուն
(Մտ 28.16-20, Մր 16.14-18, Յհ 20.19-23, Գրծ 1.6-8)
36Մինչ այս մասին կը խօսէին, ահա նոյնինքն Յիսուս կեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց.
– Խաղաղութի՜ւն ձեզի։ Ես եմ, մի՛ վախնաք։
37Անոնք վախցած ու սարսափած՝ կարծեցին թէ ոգի մը կը տեսնեն։ 38Բայց ըսաւ անոնց.
– Ի՞նչ իրար անցեր էք եւ ինչո՞ւ կասկածներ կ՚ունենաք ձեր միտքերուն մէջ։ 39Նայեցէ՛ք ձեռքերուս եւ ոտքերուս. նոյնինքն ե՛ս եմ։ Շօշափեցէ՛ք զիս եւ պիտի տեսնէք որ միս ու ոսկոր ունիմ, բան մը՝ որ ոգին չ՚ունենար։
40Ասիկա ըսած ատեն անոնց ցոյց տուաւ ձեռքերն ու ոտքերը։ 41Եւ մինչ իրենց ուրախութենէն չէին հաւատար եւ տակաւին զարմացած էին, Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ուտելիք բան մը ունի՞ք հոս։
42Անոնք իրեն տուին խորոված ձուկի կտոր մը եւ մեղրի խորիսխ, 43եւ ինք անոնց դիմաց կերաւ ու մնացեալը անոնց տուաւ։
44Ապա ըսաւ.
– Այս բոլորը ձեզի ըսած էի արդէն, երբ ձեզի հետ էի, թէ պէտք էր որ իրականանային Մովսէսի Օրէնքի գիրքին, մարգարէական գիրքերուն եւ Սաղմոսներուն մէջ իմ մասիս գրուածները։
45Յետոյ անոնց միտքերը բացաւ, որպէսզի հասկնան Սուրբ գիրքերը, 46եւ ըսաւ անոնց.
– Գրուած է, որ Քրիստոս այսպէս պէտք էր չարչարուէր եւ երեք օր ետք յարութիւն առնէր. 47անոր անունով ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն պէտք էր քարոզուէր բոլոր ժողովուրդներուն՝ Երուսաղէմէն սկսեալ։ 48Դուք այս բոլորին վկան էք։ 49Եւ ահա ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրս տուած խոստումը։ Մնացէ՛ք Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ երկինքէն զօրութիւն ստանաք։
Յիսուսի համբարձումը
(Մր 16.19-20, Գրծ 1.9-11)
50Ապա տարաւ զանոնք մինչեւ Բեթանիա եւ ձեռքերը վեր բարձրացնելով՝ օրհնեց զանոնք։ 51Եւ մինչ կ՚օրհնէր, բաժնուեցաւ անոնցմէ, դէպի երկինք բարձրանալով։ 52Անոնք երկրպագեցին Յիսուսի եւ մեծ ուրախութեամբ վերադարձան Երուսաղէմ։ 53Ամէն օր տաճարին մէջ էին՝ գովելով ու օրհնաբանելով զԱստուած։