John 3
Յիսուս եւ Նիկոդեմոս
1Նիկոդեմոս անունով Փարիսեցի մարդ մը կար, Հրեայ իշխան մը, 2որ գիշերով Յիսուսի քով եկաւ եւ ըսաւ անոր.
– Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ։
3Յիսուս պատասխանեց անոր.
– Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը։
4Նիկոդեմոս հարցուց անոր.
– Ծեր մարդ մր ինչպէ՞ս կրնայ ծնիլ։ Կարելի՞ բան է որ ան կրկին մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի։
5Յիսուս պատասխանեց.
– Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, 6որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի։ 7Դուն մի՛ զարմանար, որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք։ 8Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ՚երթայ։ Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին։
9Նիկոդեմոս հարցուց.
– Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ ատիկա։
10Յիսուս պատասխանեց.
– Դուն որ Իսրայէլի ժողովուրդին վրայ ուսուցիչ կարգուած ես, ատիկա չե՞ս գիտեր։ 11Լաւ գիտցիր, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ անոր մասին կը վկայենք, բայց մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր։ 12Եթէ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս պիտի հաւատաք ինծի՝ եթէ երկնաւոր բաներու մասին խօսիմ։
Աստուծոյ սէրը մարդոց հանդէպ
– 13Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է։ 14Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, 15որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ։ 16Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեցաշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ։ 17Որովհետեւ Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ։ 18Ով որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար։
– 19Եւ դատապարտութիւնը այս է.– Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ 20Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ 21Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են։
Յովհաննէս Մկրտիչի վերջին վկայութիւնը
22Այս հանդիպումէն ետք Յիսուս իր աշակերտներով Հրէաստանի գաւառները գնաց, ուր անոնց հետ կը շրջէր ու կը մկրտէր։ 23Եկաւ Այենոն, Սաղիմի մօտիկ, ուր Յովհաննէս ալ մկրտութիւն կ՚ընէր, որովհետեւ առատ ջուր կար հոն։ Ժողովուրդը Յովհաննէսին կու գար եւ կը մկրտուէր։ 24Ասիկա կը պատահէր Յովհաննէսի բանտարկութենէն առաջ։
25Յովհաննէսի աշակերտներէն ոմանք Հրեայի մը հետ սկսան վիճաբանիլ՝ մաքրութեան վերաբերող ծէսերու մասին։ 26Այդ աշակերտները Յովհաննէսին եկան եւ ըսին.
– Վարդապե՛տ, ան որ քեզի հետ էր Յորդանան գետին միւս կողմը եւ որուն մասին վկայութիւն տուիր, ահաւասիկ ինք ալ կը մկրտէ, ու բոլորն ալ իրեն կ՚երթան։
27Յովհաննէս պատասխանեց.
– Մարդ ինքնիրմէ ոչինչ կրնայ ընել, եթէ իրեն վերէն՝ Աստուծմէ տրուած չէ։ 28Դուք ներկայ էիք, երբ ձեզի ըսի՝ թէ ես Քրիստոսը չեմ, այլ իրմէ առաջ ղրկուած մէկը։ 29Ով որ հարսը ունի՝ ա՛ն է փեսան. իսկ փեսային բարեկամը, որ մօտը կանգնած է, փեսային ձայնը լսելով մեծապէս կ՚ուրախանայ։ Ես նոյն այդ ուրախութիւնն է որ ունիմ, եւ իմ ուրախութիւնս կատարեալ է։ 30Ասկէ ետք իր հեղինակութիւնը պէտք է զօրանայ, իսկ ես հրապարակէ պէտք է քաշուիմ։
Ան որ երկինքէն կու գայ
– 31Ան որ Աստուծմէ կու գայ՝ բոլորէն գերիվեր է։ Ան որ այս աշխարհէն է՝ այս աշխարհին կը պատկանի եւ երկրաւոր բաներու մասին կը խօսի. ան որ երկինքէն կու գայ՝ բոլորէն գերիվեր է. 32անիկա կը վկայէ իր տեսածներուն եւ լսածներուն մասին, սակայն իր վկայութիւնը ոչ ոք կ՚ընդունի։ 33Ով որ անոր վկայութիւնը կ՚ընդունի, հաստատած կ՚ըլլայ թէ Աստուած ճշմարիտ է։ 34Ան որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած է՝ Աստուծոյ խօսքերը կը քարոզէ, որովհետեւ Աստուած իր Հոգին ամբողջապէս անոր տուած է։ 35Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն ինչ անոր յանձնած է։ 36Ով որ կը հաւատայ Որդիին՝ յաւիտենական կեանքը կ՚ունենայ, իսկ ան որ չի հնազանդիր Որդիին՝ կեանք պիտի չունենայ, այլ՝ Աստուծոյ պատիժը պիտի գայ անոր վրայ։