Հաւատով Խոստովանիմ

1․Հաւատքով կը խոստովանիմ եւ կ՚երկրպաքեմ քեզի՝ Հայր եւ Որդի եւ Սուրբ Հոգի, անեղ եւ անմահ բնութիւն, արարիչը հրեշտակներուն, մարդոց եւ բոլոր ստեղծուածներուն. ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

2․Հաւատքով կը խոստովանիմ եւ կ՚երկրպաքեմ քեզի, անբաժանելի լոյս, միասնական Սուրբ Երրորդութիւն եւ մէկ Աստուածութիւն, արարիչը լոյսին եւ հալածիչը խաւարին. իմ հոգիէս հալածէ՛ մեղքի եւ անգիտութեան խաւարը, եւ լուսաւորէ՛ միտքս, որ այս պահուս քեզի հաճելի ձեւով աղօթեմ եւ քեզմէ ընդունիմ իմ խնդրանքներս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

3․ Հայր երկնաւոր, ճշմարիտ Աստուած, որ քու սիրելի Որդիդ ղրկեցիր՝ մոլորեալ ոչխարը փնտռելու համար. մեղանչեցի երկինքի դէմ՝ քու առջեւդ. ընդունէ՛ զիս իբրեւ անառակ որդին, եւ հագցո՛ւր ինծի առաջին պատմուճանը, զոր վրայէս հանեցի մեղքերովս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

4․ Որդի Աստուծոյ, ճշմարիտ Աստուած, որ հայրական ծոցէն խոնարհեցար եւ մարմին առիր սուրբ կոյս Մարիամէն՝ մեր փրկութեան համար. խաչուեցար, թաղուեցար, յարութիւն առիր մեռելներէն, եւ փառքով համբարձար՝ Հօրը քով. մեղանչեցի երկինքի դէմ՝ քու առջեւդ. երբ քու թագաւորութեամբդ գաս, յիշէ՛ զիս, ինչպէս աւազակը ընդունեցիր. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

5․ Հոգի Աստուծոյ, ճշմարիտ Աստուած, որ Յորդանան [գետին վրայ] եւ Վերնատունը իջար, եւ զիս լուսաւորեցիր սուրբ Աւազանին մկրտութեամբ. մեղանչեցի երկինքի դէմ՝ քու առջեւդ. վերստի՛ն մաքրէ զիս քու աստուածային կրակովդ, ինչպէս հրեղէն լեզուներով մաքրեցիր սուրբ առաքեալները. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

6․ Անեղ բնութիւն, մեղանչեցի քեզի դէմ՝ մտքովս, հոգիովս եւ մարմնովս. մի՛ յիշեր իմ առաջուան մեղքերս՝ քու սուրբ անունիդ համար. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

7․ Ամենատես [Աստուած], մեղանչեցի քեզի դէմ՝ մտածումով, խօսքով եւ գործով. ջնջէ՛ իմ յանցանքներուս մուրհակը, եւ Կեանքի Գիրքին մէջ գրէ անունս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

8․ Գաղտնիքները քննող [Աստուած], մեղք գործեցի քեզի դէմ՝ կամայ եւ ակամայ, գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար. թողութի՛ւն շնորհէ մեղաւորիս, որովհետեւ սուրբ Աւազանէն ծնելէս մինչեւ այսօր մեղք գործած եմ քու Աստուածութեանդ առջեւ՝ զգայարանքներովս եւ մարմնիս բոլոր անդամներով. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

9․ Բոլորը խնամող Տէր, քու սուրբ երկիւղդ պահապա՛ն դիր աչքերուս՝ որ այլեւս անառակ ու ցանկացող աչքով չնայիմ, եւ ականջներուս՝ որ ախորժ չզգամ չար խօսքեր լսելէ, եւ բերանիս՝ որ ստութիւն չխօսիմ, եւ սրտիս՝ որ չարութիւն չխորհիմ, եւ ձեռքերուս՝ որ անիրաւութիւն չգործեմ, եւ ոտքերուս՝ որ անօրէնութեան ճամբաներէն չքալեմ. այլ ուղղէ՛ասոնց շարժումը, որպէս զի միշտ քու պատուիրաններուդ համաձայն ըլլան՝ ամէն բանի մէջ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

10․ Դուն՝ կենդանի կրա՛կ, Քրիստոս, իմ սրտիս մէջ բորբոքէ՛ քու սիրոյդ կրակը, որ այս աշխարհը ձգեցիր, որպէսզի այրէ հոգիիս աղտերը, սրբէ խղճմտանքս եւ մաքրէ մարմինիս մեղքերը, եւ սրտիս մէջ քու գիտութեանդ լոյսը վառէ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

11․ Դուն՝ Հօրը իմաստութիւնը՝ Յիսուս, իմաստութի՛ւն տուր ինծի՝ որ բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ եւ գործեմ քու առջեւդ՝ ամէն ժամ. չար խորհուրդներէ, խօսքերէ եւ գործերէ փրկէ՛ զիս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

12․ Բարիք կամեցող, կամքերը կատարող Տէր, մի՛ թողուր որ ես իմ կամքիս համաձայն ընթանամ, այլ առաջնորդէ՛ զիս՝ որ միշտ քու բարեսէր կամքիդ համաձայն ապրիմ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

13․ Երկնաւոր թագաւոր, տո՛ւր ինծի քու արքայութիւնդ՝ զոր քեզ սիրողներուն խոստացար. եւ զօրացո՛ւր իմ սիրտս՝ որպէսզի մեղքը ատեմ եւ միայն քե՛զ սիրեմ եւ քու կամքդ կատարեմ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

14․ Արարածները խնամող [Տէր], քու խաչիդ նշանովը հերո՛ւ պահէ հոգիս եւ մարմինս՝ մեղքի խաբկանքներէն, դեւերու փորձութիւններէն, անիրաւ մարդերէն եւ հոգիի ու մարմինի ամէն տեսակի վտանգներէն. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

15․ Դուն՝ որ բոլորին պահապանն ես, Քրիստոս, քու աջդ թող հովանի՛ ըլլայ իմ վրաս՝ գիշեր ու ցերեկ, տան մէջ նստած ատենս թէ ճամբան գացած ատենս, քնացած թէ արթնցած ատենս, որպէսզի երբե՛ք չսասանիմ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

16․ Աստուած իմ, որ ձեռքդ կը բանաս եւ բոլոր արարածներդ կը լիացնես քու ողորմութեամբդ. ինքզինքս քեզի՛ կը յանձնեմ. դո՛ւն հոգա եւ պատրաստէ հոգիիս եւ մարմնիս բոլոր պէտքերը, այսօրունէ մինչեւ յաւիտեան. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

17․ Մոլորեալները դարձի բերող [Տէր], դարձո՛ւր զիս իմ չար սովորութիւններէս դէպի բարի սովորութիւն, եւ իմ հոգիիս մէջ բեւերէ մահուան սոսկալի օրը, դժոխքի սարսափը եւ արքայութեան սէրը, որպէսզի զղջամ իմ մեղքերուս համար եւ արդարութիւն գործեմ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

18․ Անմահութեան աղբիւր, ապաշխարութեան արցունքնե՛ր հոսեցուր սրտէս, ինչպէս պոռնիկին [սրտէն հոսեցուցիր], որպէսզի այս աշխարհէն դեռ չելած՝ լուամ իմ մեղքերս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

19․ Ողորմութիւն պարքեւող [Տէր], շնորհէ՛ ինծի՝ որ ուղղափառ հաւատքով, բարի գործերով ու սուրբ Մարմինդ եւ Արիւնդ ճաշակած գամ քովդ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

20․ Բարերար Տէր, բարի հրեշտակի՛ մը յանձնէ զիս, որպէսզի խաղաղ կերպով անոր աւանդեմ հոգիս եւ անխռով անցնիմ երկինքին տակ գտնուող չար դեւերուն ընդմէջէն. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

21․ Դուն՝ ճշմարիտ լո՛յս, Քրիստոս, շնորհէ՛ հոգիիս՝ որ կանչուելու օրը ուրախութեամբ տեսնէ քու փառքիդ լոյսը, եւ արդարներու օթեւանին մէջ բարիքներու յոյսովը հանգչի՝ մինչեւ քու մեծ գալստեանդ օրը. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

22․ Արդար Դատաւոր, երբ Հօրդ փառքով գաս՝ ողջերն ու մեռելները դատելու, դատաստանի մի՛ մտներ քու ծառայիդ հետ, այլ փրկէ՛ զիս յաւիտենական կրակէն, եւ երկինքի արքայութեանդ մէջ ինծի լսել տուր արդարներուն ուղղուած երանաւէտ կոչը. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

23․ Ամենողորմ Տէր, ողորմէ՛ բոլոր քեզի հաւատացողներուն, ազգակիցներուս եւ օտարներուն, ծանօթներուս եւ անծանօթներուն, ողջերուն եւ մեռելներուն. թողութի՛ւն շնորհէ նաեւ թշնամիներուս եւ զիս ատողներուն՝ ինծի դէմ ունեցած իրենց յանցանքներուն համար, եւ դարձո՛ւր զանոնք իմ մասիս իրենց խորհած չարիքներէն, որպէսզի քու ողորմութեանդ արժանի ըլլան. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

24․ Փառաւորեալ Տէր, ընդունէ՛ քու ծառայիդ աղաչանքը, եւ դէպի բարին կատարէ իմ խնդրանքներս, բարեխօսութեամբը սրբուհի Աստուածածնին, եւ Յովհաննէս Մկրտիչին, եւ սուրբ Ստեփանոս Նախավկային, եւ մեր լուսաւորչին՝ սուրբ Գրիգորի, եւ սուրբ առաքեալներուն, մարգարէներուն, վարդապետներուն, մարտիրոսներուն, հայրապետներուն, ճգնաւորներուն, կոյսերուն, մենակեացներուն, եւ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ գտնուող քու բոլոր սուրբերուդ: Եւ քեզի՝ անբաժանելի Սուրբ Երրորդութեանդ՝ փա՜ռք եւ երկրպագութիւն յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: