Isaiah
ԵՍԱՅԵԱՅ 1
1Ամովսի որդիին Եսայիի տեսիլքը, որ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ տեսաւ՝ Յուդայի թագաւորներուն Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ
2Լսէ՛, ո՛վ երկինք եւ ականջ դի՛ր, ո՛վ երկիր,
Վասն զի Տէրը կը խօսի։
«Զաւակներ մեծցուցի ու բարձրացուցի,
Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան։
3Եզը իր տէրը կը ճանչնայ
Ու էշը իր տիրոջ մսուրը,
Բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար,
Իմ ժողովուրդս չ’իմանար»։
4Վա՜յ մեղաւոր ազգին՝
Անօրէնութիւնով ծանրացած ժողովուրդ,
Չարագործներո՛ւ սերունդ, ապականի՛չ զաւակներ։
Անոնք Տէրը թողուցին,
Իսրայէլին Սուրբը անարգեցին
Ու ետ քաշուեցան։
5Ի՞նչ պատիժ սահմանենք,
Երբ ա՛լ աւելի ապստամբիք։
Բոլոր գլուխը հիւանդ
Եւ բոլոր սիրտը տրտմած է։
6Ոտքին թաթէն մինչեւ գլուխը
Անոր վրայ բնաւ ողջ տեղ չմնաց.
Հարուածներ, վէրքեր ու շարաւալից խոցեր կան։
Անոնք չգոցուեցան, չկապուեցան
Ու իւղով ալ չկակուղցան։
7Ձեր երկիրը աւերակ դարձեր է
Եւ ձեր քաղաքները կրակով այրուած են։
Ձեր արտերը աչքներուդ առջեւ օտարները կ’ուտեն
Ու անոնք օտարներուն ըրած աւերակներուն պէս խոպանացած են։
8Սիօնի աղջիկը այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս,
Վարունգի արտի մէջ եղած հիւղի պէս,
Պաշարուած քաղաքի պէս լքուած մնացեր է։
9Եթէ զօրքերու Տէրը մեզի քիչ մը մնացորդ թողուած չըլլար,
Մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք
Ու Գոմորի պիտի նմանէինք։
10Լսեցէ՛ք Տէրոջը խօսքը, ո՛վ Սոդոմի իշխաններ,
Ակա՛նջ դրէք մեր Աստուծոյն օրէնքին, ո՛վ Գոմորի ժողովուրդ.
11«Ի՞նչ պէտք է ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը, կ’ըսէ Տէրը.
Ձեր խոյերուն ողջակէզներէն
Ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ։
Եւ զուարակներուն ու գառներուն
Եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր։
12Երբ կու գաք իմ առջեւս երեւնալու,
Ո՞վ պահանջեց ձեզմէ, որ այսպէս իմ սրահներս կոխկռտէք։
13Ա՛լ ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք։
Ձեր խունկը ինծի պիղծ է։
Ամսագլուխներուն ու շաբաթներուն
Եւ ժողովներու գումարուելուն չեմ կրնար հանդուրժել։
Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է։
14Ձեր ամսագլուխներէն ու տօներէն կը զզուի իմ հոգիս,
Անոնք իմ վրաս ծանր բեռ եղան,
Վերցնելէ յոգնեցայ։
15Ուստի երբ ձեռքերնիդ տարածէք,
Աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ,
Նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ,
Վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են։
16Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք,
Իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք,
Չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք.
17Բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք,
Իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէ՛ք,
Որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւարիին դատը պաշտպանեցէ՛ք»։
18«Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ’ըսէ Տէրը.
Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են,
Ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան
Եւ եթէ որդան կարմիրի նման են,
Ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան։
19Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք,
Երկրին բարիքը պիտի ուտէք,
20Բայց եթէ զիս մերժելով պիտի ապստամբիք,
Սուրը պիտի ուտէ ձեզ»։
Վասն զի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ ասիկա։
ՄԵՂԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԸ
21Ինչպէս պոռնկացաւ այդ հաւատարիմ քաղաքը։
Անիկա իրաւունքով լեցուն էր
Ու անոր մէջ արդարութիւնը կը բնակէր,
Բայց հիմա մարդասպաններու բնակարան եղած է։
22Քու արծաթդ կղկղանք դարձաւ,
Գինիիդ մէջ ջուր խառնուած է։
23Քու իշխաններդ ապստամբ ու գողերու ընկեր եղան.
Ամէնքն ալ կաշառք սիրելով՝ պարգեւներ կը փնտռեն.
Անոնք որբին դատաստանը չեն տեսներ
Եւ որբեւարիին դատը անոնց առջեւ չի գար։
24Անոր համար զօրքերու Եհովա Տէրը,
Իսրայէլի Հզօրը, այսպէս կ’ըսէ.
«Աւա՜ղ, իմ հակառակորդներուս հատուցում պիտի ընեմ
Ու թշնամիներէս վրէժ պիտի առնեմ։
25Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի դարձնեմ
Եւ քու կղկղանքդ բորակով պիտի մաքրեմ
Ու բոլոր անագդ մէկդի պիտի զատեմ։
26Քու դատաւորներդ առաջուան պէս
Ու խորհրդականներդ սկիզբէն եղածին պէս նորէն պիտի հաստատեմ։
Անկէ ետքը դուն պիտի կոչուիս
Արդարութեան քաղաք եւ Հաւատարիմ աւան»։
27Սիօնը դատաստանով պիտի փրկուի
Եւ հոն դարձողները արդարութեամբ։
28Բայց անօրէններն ու մեղաւորները մէկտեղ պիտի ջարդուին։
Անոնք որ Տէրը կը թողուն, բնաջինջ պիտի ըլլան։
29Քանզի ձեր ցանկացած բեւեկնիներէն պիտի ամչնաք
Եւ ձեր ընտրած պարտէզներէն ամօթով պիտի մնաք։
30Տերեւները թառամած բեւեկնիի պէս
Եւ ջուր չունեցող պարտէզի պէս պիտի ըլլաք։
31Զօրութիւն ունեցողը՝ խծուծի պէս
Եւ անոր գործը կայծի նման պիտի ըլլայ։
Երկուքն ալ մէկէն պիտի այրին
Եւ մարող պիտի չգտնուի։