Acts 11

Chapters: 1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Պետրոս կը զեկուցէ Երուսաղէմի եկեղեցիին

¹ Հրէաստան մնացող առաքեալներն ու հաւատացեալները լսեցին որ հեթանոսներ ալ Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են։ ² Երբ Պետրոս Երուսաղէմ գնաց, հրէութենէ դարձող հաւատացեալները սկսան զինք մեղադրել, ³ ըսելով.
–Ինչո՞ւ անթլփատ մարդոց տունը մտար եւ անոնց հետ հաց կերար։
⁴ Պետրոս սկսաւ կարգով պատմել անոնց, ըսելով.
– ⁵ Յոպպէքաղաքըկըգտնուէի։ Երբաղօթքկ՚ընէի, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկայ եւ տեսիլք մը ունեցայ։ Տեսայ մեծ սփռոցի նմանող բան մը, չորս ծայրերը երկինքէն կախուած, որ իջաւ եւ ինծի հասաւ։ ⁶ Մինչ ապշած անոր կը նայէի, անոր մէջ տեսայ չորքոտանիներ, գազաններ, սողուններ եւ թռչուններ։ ⁷ Լսեցի ձայն մը, որ ինծի կ՚ըսէր. «Պետրո՛ս, ե՛լ, մորթէ՛ եւ կե՛ր»։ ⁸ Ես ըսի. «Քա՛ւ լիցի, Տէ՜ր. մինչեւ հիմա չէ պատահած որ պիղծկամ անմաքուր բան մը մտնէ բերանս»։ ⁹ Երկինքէն ձայնը կրկին հնչեց եւ ինծի ըսաւ. «Ինչ որ Աստուած իբրեւ մաքուր կ՚ընծայէ՝ դուն պիղծ մի՛ համարեր»։ ¹⁰ Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ. ապա սփռոցն ու կենդանիները միասին երկինք քաշուեցան։ ¹¹ Եւ ահա նոյն պահուն երեք հոգիներ, որոնք Կեսարիայէն քովս ղրկուած էին, եկան կեցան այն տան առջեւ, ուր ես կը գտնուէի։ ¹² Սուրբ Հոգին ինծի ըսաւ, որ իրենց հետ երթամ առանց վարանելու։ Այս վեց եղբայրներն ալ հետս եկան, եւ գացինք մտանք Կոռնելիոսի տունը։ ¹³ Անիկա մեզի պատմեց թէ ի՛նչպէս իր տան մէջ տեսեր էր հրեշտակ մը, որ իր դիմաց կանգնելով՝ ըսեր էր. «Մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոնը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի. ¹⁴ անիկա Աստուծոյ կողմէ պատգամ մը պիտի բերէ քեզի, որով դուն եւ ամբողջ տունդ պիտի փրկուիք»։ ¹⁵ Հազիւ սկսեր էի խօսիլ՝ Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, ինչպէս որ նախապէս մեր վրայ իջաւ։ ¹⁶ Այն ատեն յիշեցի Տիրոջ սա խօսքը, թէ՝ «Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց Աստուած ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»։ ¹⁷ Արդ, եթէ Աստուած միեւնոյն պարգեւը, որ մեզի տուած էր, անոնց ալ տուաւ՝ երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին, ես ինչպէ՞ս կրնայի արգելք ըլլալ Աստուծոյ։
¹⁸ Այս բացատրութիւնը լսելով՝ անոնք դադրեցան զինք մեղադրելէ, եւ զԱստուած փառաւորեցին, ըսելով.
–Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ առիթ տուաւ, որ ապաշխարեն եւ կեանք ունենան։

Անտիոքի եկեղեցին

¹⁹ Այն հաւատացեալները, որոնք Ստեփանոսի սպանութեան յաջորդած հալածանքին պատճառով զանազան կողմեր ցրուած էին, հասան մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք, եւ Հրեաներէն դուրս ուրիշ ոչ ոքի կը խօսէին Քրիստոսի մասին։ ²⁰ Սակայն անոնցմէ ոմանք, որոնք Կիպրացի եւ Կիրենացի էին, երբ Անտիոք հասան՝ սկսան հեթանոսներուն ալ խօսիլ, Տէր Յիսուսը աւետարանելով։ ²¹ Եւ Տէրը կ՚օգնէր անոնց։ Բազմաթիւ մարդիկ հաւատացին եւ Տիրոջ դարձան։
²² Այս մասին լուրը հասաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին, եւ Բառնաբասը ղրկեցին Անտիոք։ ²³ Սա երբ որ եկաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորը, որ ամբողջանուէր սրտով կապուած մնան Տիրոջ։ ²⁴ Եւ որովհետեւ Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն բարի մարդ մըն էր, մեծ բազմութիւն մը հաւատաց Տիրոջ։ ²⁵ Ապա Բառնաբաս Տարսոն գնաց Սօղոսը փնտռելու, եւ երբ գտաւ՝ զայն բերաւ Անտիոք, ²⁶ ուր երկուքով լման տարի մը եղան այնտեղի եկեղեցիին հետ, մեծ թիւով ժողովուրդի ուսուցանելով։ Եւ առաջին անգամ այստեղ՝ Անտիոքի մէջ էր, որ Քրիստոսի հետեւորդները «քրիստոնեայ» կոչուեցան։
²⁷ Այն օրերուն Երուսաղէմէն քանի մը մարգարէներ Անտիոք եկան։ ²⁸ Անոնցմէ մէկը, որ Ագաբոս կը կոչուէր, Սուրբ Հոգիէն թելադրուած՝ ելաւ յայտնեց թէ աշխարհի մէջ մեծ սով մը պիտի տիրէ. ինչ որ կատարուեցաւ Կլաւդիոս կայսրին օրով։ ²⁹ Անտիոքի հաւատացեալները որոշեցին՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով օգնութիւն ղրկել Հրէաստան բնակող եղբայրներուն. ³⁰ եւ այդ օգնութիւնը արդարեւ կատարեցին, զայն Բառնաբասի եւ Սօղոսի ձեռքով եկեղեցւոյ երէցներուն ղրկելով։

 
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019