Acts 24

Chapters: 1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Հրեաներ Պօղոսը կ՚ամբաստանեն

¹ Հինգ օր ետք, Անանիա քահանայապետ քանի մը երէցներու եւ Տերտուղոս անունով փաստաբանի մը հետ միասին եկաւ Կեսարիա, եւ Պօղոսի դէմ իրենց ամբաստանութիւնը ներկայացուցին կառավարիչին։ ² Երբ Պօղոս կանչուեցաւ, Տերտուղոս սկսաւ իր ամբաստանութիւնը ընել, ըսելով.
–Ձերդ գերազանցութիւն Ֆելիքս։ Այս ազգը քու ձեռքովդ երկար խաղաղութիւն վայելած եւ քու խնամքներովդ բարեկարգ վիճակի հասած է։ ³ Ասոր համար ամէն ձեւով եւ ամէն տեղ երախտապարտ եւ խորապէս շնորհակալ ենք քեզի։ ⁴ Բայց որպէսզի շատ չձանձրացնեմ քեզ, կը խնդրեմ որ քու ազնուութեամբդ լսես ինչ որ համառօտ կերպով պիտի ըսենք։ ⁵ Մեզի համար այս մարդը աղէտ մըն է։ Ապստամբութիւն կը հրահրէ ամբողջ աշխարհի Հրեաներուն մէջ եւ Նազովրեցիներու աղանդին պարագլուխն է։ ⁶ Սա փորձեց նաեւ տաճարը պղծել։ Ուստի բռնեցինք զինք եւ մեր Օրէնքին համաձայն դատել ուզեցինք. ⁷ բայց Լիսիաս հազարապետը վրայ հասնելով՝ մեծ բռնութեամբ զայն մեր ձեռքէն խլեց, ⁸ հրամայելով՝ որ զայն ամբաստանողները քեզի գան։ Այս բոլորին մասին կրնաս զինք ալ հարցաքննել եւ վերահասու ըլլալ այն բոլորին՝ որոնց համար զինք կ՚ամբաստանենք։
⁹ Հրեաները միաբերան հաստատեցին, ըսելով.
–Ըսածները բոլորը ճիշդ են։

Պօղոսի պաշտպանողականը Ֆելիքսի առջեւ

¹⁰ Երբ կառավարիչը գլուխով նշան ըրաւ, Պօղոս հետեւեալ ձեւով պատասխանեց.
–Գիտեմ որ երկար տարիներէ ի վեր դատաւոր եղած ես այս ազգին, ատոր համար ալ յօժարութեամբ կը պատասխանեմ ինծի դէմ եղած ամբաստանութիւններուն։
¹¹ Կրնաս ստուգել, որ հազիւ տասներկու օր կ՚ընէ Երուսաղէմ գալս՝ Աստուծոյ երկրպագելու համար։ ¹² Եւ ոեւէ մէկը չէ տեսած մէկու մը հետ վիճիլս կամ ամբոխավարութիւն ընելս՝ ո՛չ տաճարին մէջ, ո՛չ ժողովարաններուն մէջ եւ ո՛չ ալ քաղաքին մէջ. ¹³ ոչ ալ կրնան ոեւէ ապացոյց բերել այն ամբաստանութիւններուն համար՝ որ ինծի դէմ կ՚ընեն հիմա։ ¹⁴ Կը վստահեցնեմ քեզ, որ ես ալ մեր հայրենի Աստուածը կը պաշտեմ, բայց նոր ուղղութեամբ մը՝ որ իրենք «աղանդ» կը կոչեն։ Կը հաւատամ այն բոլորին որ գրուած են Օրէնքին եւ մարգարէութեանց մէջ, ¹⁵ եւ Աստուծմով այն յոյսը ունիմ՝ ինչպէս ասոնք իրենք ալ կ՚ընդունին՝ թէ բոլոր մեռելները, թէ՛ արդարներ եւ թէ՛ մեղաւորներ, յարութիւն պիտի առնեն։ ¹⁶ Ատոր համար ալ կ՚աշխատիմ որ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մարդոց հանդէպ խիղճս միշտ մաքուր ըլլայ։ ¹⁷ Երկար տարիներ Երուսաղէմէն հեռու մնալէ ետք, եկայ իմ ազգիս դրամական օգնութիւն բերելու եւ զոհեր մատուցանելու։ ¹⁸ Եւ զիս տաճարին մէջ տեսան, երբ ծիսական արարողութեամբ սրբուելէ ետք զոհերս կը մատուցանէի։ Ո՛չ ամբոխ կար քովս, ո՛չ ալ իրարանցում, ¹⁹ բացի Ասիա նահանգէն եկած քանի մը Հրեաներէ, որոնք պէտք էր իրենք գային ներկայանային քեզի եւ ամբաստանէին զիս, եթէ ինծի դէմ բան մը ունէին։ ²⁰ Կամ ասոնք իրենք թող ըսեն՝ ի՞նչ յանցանք գտան վրաս, երբ իրենց Ատեանին դիմաց կանգնած էի, ²¹ բացի այն միակ յայտարարութենէն որ բարձրաղաղակ կատարեցի իրենց դիմաց, ըսելով՝ «Մեռելներու յարութեան յոյսը ունենալուս համար է որ այսօր ձեր կողմէ կը դատուիմ»։
²² Ֆելիքս, որ քրիստոնէական վարդապետութեան մասին շատ ստոյգ տեղեկութիւններ ունէր, յետաձգեց ունկնդրութիւնը, ըսելով.
–Երբ Լիսիաս հազարապետը հասնի՝ կը վճռեմ ձեր հարցը։
²³ Իսկ հարիւրապետին հրամայեց, որ Պօղոսը հսկողութեան տակ պահէ՝ որոշ ազատութիւն տալով, եւ արգելք չըլլայ որ բարեկամներ ու ծանօթներ անոր պէտքերը հոգան։
Երկու տարի բանտին մէջ
²⁴ Կարճ ժամանակ մը ետք, Ֆելիքս եկաւ իր կնոջ՝ Դրուսիլլայի հետ, որ Հրեայ էր, եւ կանչել տալով Պօղոսը, ուզեց անկէ լսել Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին մասին։ ²⁵ Բայց երբ Պօղոս սկսաւ արդարութեան, ժուժկալութեան եւ գալիք դատաստանին մասին խօսիլ, Ֆելիքս վախով բռնուած՝ ըսաւ.
–Առայժմ գնա՛, ուրիշ առիթով դարձեալ կը կանչեմ քեզ։
²⁶ Նոյն ատեն յոյս ունէր, որ Պօղոս դրամ կու տայ իրեն։ Ատոր համար ալ շատ յաճախ կանչել կու տար զայն եւ կը խօսէր անոր հետ։
²⁷ Լման երկու տարի անցնելէն ետք, Ֆելիքսի յաջորդեց Պորկիոս Ֆեստոս։ Ֆելիքս Հրեաներուն վերջին շնորհք մը ընելու համար՝ Պօղոսը բանտարկուած թողուց։

 

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019