Matthew
Chapters
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
Աւետարաններու դասաւորումին մէջ առաջինն է Մատթէոսի Աւետարանը։ Հեղինակն է Մատթէոս առաքեալը, (9.9) որ կոչուած է նաեւ Ղեւի (Մր 2.14, Ղկ 5.27)։ Մատթէոս պաշտօնով մաքսաւոր էր, այսինքն հարկահաւաք, երբ Յիսուս զինք առաքելութեան կանչեց։
Մատթէոսի Աւետարանը իր ընթերցողներուն, յատկապէս իր ժամանակի Հրեայ քրիստոնեաներուն կը յայտնէ՝ թէ Յիսուսն է խոստացուած Փրկիչը, որ Աստուած խոստացած էր Հին Կտակարանի մարգարէութիւններուն մէջ։ Յիսուս միայն Եբրայեցի ժողովուրդին Փրկիչը չէ, այլ՝ ամբողջ աշխարհի։
Մատթէոս իր Աւետարանը գրած է ժամանակագրական կարգաւորութեամբ։ Կը սկսի Յիսուսի ազգաբանութեամբ եւ ծնունդով, կը նկարագրէ մկրտութիւնն ու փորձութիւնը եւ ապա անոր քարոզութիւնը եւ բժշկութիւնները։ Վերջապէս, Մատթէոս կը նկարագրէ Յիսուսի վերջին անգամ Երուսաղէմ երթը, վերջին շաբթուան դէպքերը, խաչելութիւնն ու յարութիւնը։
Մատթէոս աւետարանիչ Յիսուսը կը ներկայացնէ որ պէս այն Մեծ Ուսուցիչը, որ իշխանութիւն ունի մեկնաբանելու Աստուծոյ Օրէնքը եւ քարոզելու Աստուծոյ արքայութեան մասին։ Անիկա Աստուծոյ Օրէնքին եւ Ուխտին հաւատարիմ ծառան է, որ կը կատարէ եւ կ՚ամբողջացնէ Աստուծոյ ծրագիրը։ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի ուսուցումները կը տրուին յատուկ խմբաւորումներով եւ ընդհանուր դասաւորումով մը, որ կը ներկայանայ հետեւեալ կարգով.–
1.- Լերան քարոզը, որով մեզի կը յայտնէ մեր պարտաւորութիւնները՝ արժանի ըլլալու համար Աստուծոյ արքայութեան (5–7 գլուխներ)։
2.- Իր աշակերտներուն ցուցմունքներ՝ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզելու իրենց առաքելութեան մասին (10րդ գլուխ)։
3.- Երկինքի արքայութեան խորհուրդը եւ հետագայ մեծ յաղթանակը պատկերացնող եօթը առակներ (13րդ գլուխ)։
4.- Այս աշխարհի վրայ ի՞նչպէս ապրիլ իբրեւ երկինքի արքայութեան զաւակներ (18րդ գլուխ)։
5.- Ուսուցումներ՝ ներկայ ժամանակներու վախճանին եւ Աստուծոյ արքայութեան գալուստին մասին (24–25րդ գլուխներ)։
ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ԱՄՓՈՓ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
– Յիսուսի ազգաբանութիւնը եւ ծնունդը (1.1—2.23)։
– Յովհաննէս Մկրտիչի առաքելութիւնը (3.1-12)։
– Յիսուսի մկրտութիւնը եւ փորձութիւնը (3.13—4.11)։
– Յիսուսի քարոզութիւնը եւ գործերը Գալիլեայի մէջ (4.12—18.35)։
– Գալիլեայէն Երուսաղէմ երթը (19.1—20.34)։
– Վերջին շաբաթը Երուսաղէմի մէջ եւ շրջակայքը (21.1—27.66)։
– Յիսուսի յարութիւնը եւ երեւումը իր աշակերտներուն (28.1-20)։