Acts 2

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 2

Սուրբ Հոգիին գալուստը

1Երբ Պենտէկոստէի օրըհասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին։ 2Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին։ 3Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։ 4Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներովխօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար։

5Այն օրը Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ Հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին։ 6Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի։ 7Ամէնքն ալ սքանչացումով եւ զարմանքով կ՚ըսէին իրարու. – Այս խօսողները բոլորն ալ Գալիլեացիներ չե՞ն միթէ. 8ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք։ 9Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ Պարթեւներ, Մարեր, Ելամացիներ, Միջագետացիներ, Հրէաստանցիներ, Կապադովկիացիներ, Պոնտացիներ, Ասիացիներ, 10Փռիգիացիներ եւ Պամփիլիացիներ, Եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն Լիպիացիներ, 11Հռոմէն եկած Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբիացիներ։ Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին։

12Ապշահար, եւ շփոթի մատնուած՝ կը հարցնէին իրարու.

–Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել ասիկա։

13Իսկ ոմանք ծաղրանքով կ՚ըսէին.

–Նոր գինիով գինովցած են։

Պետրոսի պատգամը

14Այն ատեն Պետրոս տասնըմէկ առաքեալներուն հետ ոտքի ելաւ եւ բարձրաձայն սկսաւ անոնց խօսիլ.

–Ո՜վ Հրէաստանցիներ եւ դուք բոլորդ որ հիմա Երուսաղէմ կը գտնուիք. իրականութիւնը գիտնալու համար՝ լսեցէք ինչ որ պիտի ըսեմ։ 15Դուք կը կարծէք թէ ասոնք գինով են. բայց այդպէս չէ, որովհետեւ առտուան ժամը ինն է դեռ։ 16Մինչդեռ ասիկա կատարումն է Յովէլի մարգարէութեան, որ կ՚ըսէ.–

17«Այնուհետեւ երբ վերջին օրերը գան,–

կ՚ըսէ Աստուած,–

իմ Հոգիս պիտի թափեմ բոլոր մարդոց վրայ.

ձեր տղաքն ու աղջիկները

իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի,

ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան

եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։

18Այն օրերուն իմ Հոգիս պիտի թափեմ նաեւ

իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ,

եւ անոնք եւս

իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի։

19Երկինքի բարձունքին վրայ

հրաշքներ պիտի ցոյց տամ,

եւ նշաններ՝ վարը երկրի վրայ.

աշխարհ արիւնով, կրակով եւ թանձր ծուխով

պիտի լեցուի

20արեւը պիտի խաւարի,

եւ լուսինը արիւնի գոյն պիտի առնէ,

նախքան Տիրոջ մեծ եւ փառահեղ օրուան գալը։

21Այն ատեն ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝ պիտի փրկուի»։

22Ո՜վ Իսրայէլացիներ, մտի՛կ ըրէք ինչ որ կ՚ըսեմ։ Աստուած ինք ձեզի ցոյց տուաւ, թէ իր ընտրեալը Նազովրեցի Յիսուսն էր, որուն ձեռքով Աստուած ձեր մէջ կատարեց իր սքանչելի գործերը, հրաշքները եւ նշանները, ինչպէս դուք ալ գիտէք։ 23Անիկա Աստուծոյ սահմանած ծրագրին եւ կանխագիտութեան համաձայն ձեր ձեռքը յանձնուեցաւ, եւ դուք անօրէններու ձեռքով զայն խաչի վրայ գամելով՝ սպաննեցիք։ 24Սակայն Աստուած զայն յարուցանեց, մահուան կապանքները փշրելով, որով ցոյց տուաւ՝ թէ մահը չէր կրնար իշխել անոր վրայ։ 25Արդ, Դաւիթ նոյնինքն Յիսուսի մասին է, որ կ՚ըսէ.–

«Սկիզբէն իսկ միշտ կը տեսնէի Տէրը՝ դիմացս կանգնած,

անիկա իմ կողքիս է, որպէսզի չսասանիմ։

26Ահա թէ ինչու՝ սիրտս ուրախ է,

լեզուս ցնծութեամբ կ՚արտայայտուի,

եւ մարմինս կեանքի յոյսով պիտի հանգչի,

27որովհետեւ գիտեմ թէ իմ անձս

մեռելներու աշխարհին մէջ պիտիչձգես,

եւ պիտի չթողուս որ քու սուրբիդ մարմինը

փտութիւն տեսնէ։

28Կեանքի ճամբան ցոյց տուիր ինծի

եւ զիս քու քաղցր ներկայութեանդ

ուրախութեամբը պիտի լեցնես»։

29Եղբայրնե՛ր, Դաւիթ նահապետին համար վստահօրէն կրնանք ըսել՝ թէ մեռաւ եւ թաղուեցաւ, եւ իր գերեզմանը մինչեւ այսօր ալ հոս է տակաւին։ 30Բայց մարգարէ ըլլալով՝ գիտէր, թէ Աստուած երդումով իրեն խոստացաւ՝ որ իր շառաւիղէն պիտի ծնի Քրիստոսը եւ Աստուած զայն թագաւոր պիտի ընէ իր աթոռին վրայ։ 31Ուստի կանխագիտութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսի յարութեան մասին, ըսելով՝ թէ «Անոր անձը մեռելներու աշխարհին մէջ չմնաց, եւ անոր մարմինը փտութիւն չտեսաւ»։ 32Նոյն այս Յիսուսն էր որ Աստուած յարուցանեց, եւ մենք բոլորս ատոր վկայ ենք։ 33Աստուած իր աջով զայն իր մօտ բարձրացուց, եւ Յիսուս իր Հօրմէն առնելով Սուրբ Հոգին, որ ան տալ խոստացեր էր, զայն մեր վրայ սփռեց, ինչ որ ահա դուք անձամբ կը տեսնէք ու կը լսէք։ 34Որովհետեւ Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինքն էր ըսողը.–

«Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ.–

Աջ կողմս նստէ,

35մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ

որպէս պատուանդան»։

36Հետեւաբար վստահ եղէք բոլորդ, ո՜վ Իսրայէլացիներ, Աստուած Տէր եւ Օծեալ կարգեց այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք։

Առաջին դարձի եկողները

37Այս խօսքերը լսելով, ներկաները խորապէս ցնցուեցան եւ հարցուցին Պետրոսի եւ միւս առաքեալներուն.

–Ի՞նչ պէտք է ընենք, ո՛վ եղբայրներ։

38Պետրոս պատասխանեց.

–Ձեր ընթացքը փոխեցէք եւ իւրաքանչիւրդ մկրտուեցէք Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, որպէսզի ձեր մեղքերը ներուին։ Եւ երբ մկրտուիք, խոստացուած պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին պիտի ընդունիք։ 39Որովհետեւ Աստուած իր խոստումը ըրաւ թէ՛ ձեզի ու ձեր զաւակներուն եւ թէ՛ բոլոր անոնց՝ որոնք իրմէ հեռու են. մեր Տէր Աստուածը զանոնք իրեն պիտի կանչէ։

40Եւ Պետրոս խօսքը շարունակելով՝ բազմաթիւ վկայութիւններ կը բերէր եւ զանոնք կը յորդորէր, ըսելով.

–Դուք ձեզ փրկեցէք ներկայ մոլորած սերունդին վրայ գալիք դատապարտութենէն։

41Ոմանք Պետրոսի ըսածներուն համոզուեցան եւ մկրտուեցան։ Այդ օր հաւատացեալներուն թիւը շուրջ երեք հազար հոգիով աւելցաւ։ 42Յարատեւ կերպով անոնք Քրիստոսի վարդապետութիւնը կը սորվէին առաքեալներէն եւ կը մասնակցէին հաւաքական ճաշերուն, հաց բեկանելու արարողութեան եւ աղօթքներուն։

Առաջին հաւատացեալներուն կեանքը

43Երուսաղէմի մէջ ամէն մարդ վախով լեցուած էր, որովհետեւ առաքեալներուն ձեռքով բազմաթիւ հրաշքներ ու նշաններ կը կատարուէին։ 44Իսկ հաւատացեալները բոլորը միասին էին միշտ, եւ ինչ որ ունէին՝ իրենց միջեւ հասարակաց էր։ 45Կալուածներն ու ինչքերը կը ծախէին եւ եկամուտը կը բաշխէին բոլորին, նայած թէ ո՛վ ինչ բանի պէտք ունէր։ 46Կանոնաւոր կերպով ամէն օր միասնաբար տաճար կ՚երթային, իսկ իրենց տուներէն ներս կը կատարէին հացի բեկումը, որմէ ետք ուրախութեամբ ու մաքուր սրտով իրենց կերակուրը կ՚ուտէին 47եւ զԱստուած կ՚օրհնէին։ Իրենց այս կենցաղով անոնք ամբողջ ժողովուրդին համակրանքը շահած էին։ Իսկ Տէրը օրէ օր եկեղեցիին մէջ փրկուածներուն թիւը կ՚աւելցնէր։