Acts 7

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 7

Ստեփանոսի խօսքը

1Քահանայապետը հարցուց Ստեփանոսի.

–Իրա՞ւ են ըսուածները։

2Եւ անիկա պատասխանեց.

–Եղբայրներ եւ հայրեր, մտի՛կ ըրէք ինծի։ Երբ Աբրահամ, մեր հայրը, տակաւին Միջագետք կ՚ապրէր նախքան Խառան բնակիլը, Աստուած, որուն կը պատկանի փառքը, երեւցաւ անոր եւ ըսաւ. 3«Ե՛լ քու երկրէդ, ձգէ՛ քու ազգականներդ եւ եկուր բնակէ այնտեղ՝ որ ցոյց պիտի տամ քեզի»։ 4Այն ատեն Աբրահամ Քաղդէացիներու երկրէն ելաւ եւ եկաւ Խառան բնակեցաւ. իսկ Աբրահամի հօր մահուընէն ետք, Աստուած զայն հոնկէ ալ հանեց եւ փոխադրեց այս երկիրը, ուր հիմա դուք կը բնակիք։ 5Այս երկրին մէջ թիզ մը հող իսկ ժառանգութիւն չտուաւ Աբրահամի. սակայն այս երկիրը որպէս բնակավայր խոստացաւ տալ իրեն եւ իրմէ ետք իր սերունդին, երբ դեռ Աբրահամ զաւակ չունէր։ 6Աստուած այսպէս ըսաւ. «Քու սերունդդ պանդուխտ պիտի ըլլայ օտար երկրի մը մէջ. պիտի ստրկացնեն եւ պիտի չարչարեն զայն, չորս հարիւր տարի։ 7Բայց ես ինքս պիտի դատեմ այն ազգը, որուն ստրուկ պիտի ըլլան անոնք,– կ՚ըսէ Աստուած,– որմէ ետք պիտի ելլեն հոնկէ եւ այստեղ պիտի գան զիս պաշտելու համար»։ 8Աստուած թլփատութեան պատուէրը տուաւ Աբրահամին, որպէս ուխտի նշան։ Այնուհետեւ Աբրահամ Իսահակը ծնաւ եւ ութերորդ օրը զայն թլփատեց։ Իսահակ Յակոբը ծնաւ ու թլփատեց, եւ Յակոբ՝ տասներկու նահապետները։

9Յովսէփի եղբայրները իրեն նախանձելով՝ զայն Եգիպտոս գացող կարաւանին ծախեցին։ Սակայն Աստուած անոր հետ էր. 10զայն փրկեց բոլոր նեղութիւններէն, Եգիպտոսի թագաւորին՝ փարաւոնի աչքին զայն բարձրացուց իր իմաստութեամբ, եւ Եգիպտոսի ու փարաւոնի տան վրայ իշխան կարգեց։ 11Ապա երաշտ եղաւ ամբողջ Եգիպտոսի եւ Քանաանի մէջ. սաստիկ սով տիրեց եւ մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ։ 12Յակոբ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ուտելիք կարելի է ճարել, հոն ղրկեց իր զաւակները. ասիկա մեր հայրերուն առաջին այցելութիւնն էր Եգիպտոս։ 13Երկրորդ անգամին, Յովսէփ ինքզինք յայտնեց իր եղբայրներուն, եւ փարաւոնը ճանչցաւ անոր ազգատոհմը։ 14Յովսէփ մարդ ղրկեց եւ բերել տուաւ իր հայրը՝ Յակոբը եւ ամբողջ գերդաստանը, ընդամէնը եօթանասուն հինգ հոգի։ 15Յակոբ Եգիպտոս իջաւ եւ հոն ալ վախճանեցաւ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ մեր հայրերը, 16եւ բոլորին ալ մարմինները Սիւքեմ փոխադրուեցան եւ դրուեցան այն քարայրին մէջ, որ Աբրահամ Սիւքեմի մէջ դրամով գնեց Համորի որդիներէն։

17Մեր ժողովուրդը աճեցաւ եւ բազմացաւ Եգիպտոսի մէջ, մինչեւ մօտեցաւ այն ժամանակը, երբ Աստուած Աբրահամին տուած իր խոստումը պիտի կատարէր։ 18Ապա Եգիպտոսի վրայ իշխեց արքայական ուրիշ տուն մը, որ Յովսէփի տան վայելած իրաւունքները չճանչցաւ։ 19Նոր փարաւոնը մեր ազգին դէմ չարացաւ եւ մեր հայրերը չարչարեց՝ անոնց մանուկները գետը նետել տալով, որպէսզի մեռնին։ 20Այդ ժամանակ էր որ ծնաւ Մովսէս, Աստուծոյ աչքին շնորհալի մանուկ մը, որ նախ երեք ամիս իր հօրը տունը մեծցաւ, 21իսկ երբ գետը նետեցին՝ փարաւոնին աղջիկը զայն գտաւ, որդեգրեց եւ մեծցուց։ 22Մովսէս եգիպտական ամբողջ իմաստութեամբ կրթուեցաւ եւ ազդեցիկ եղաւ թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով։ 23Երբ քառասուն տարիքը բոլորեց, որոշեց իր ազգակից Իսրայէլացիներուն վիճակով հետաքրքրուիլ։ 24Եւ տեսնելով որ անոնցմէ մին կ՚անիրաւուի, զայրացաւ եւ անիրաւուածին վրէժը առաւ՝ սպաննելով Եգիպտացին։ 25Կը խորհէր թէ իր ազգակիցները ասիկա իմանալով՝ պիտի հասկնան, թէ իր ձեռքով Աստուած պիտի փրկէ զիրենք. բայց անոնք չհասկցան։ 26Յաջորդ օրը հանդիպեցաւ երկու ազգակիցներու, որոնք կը կռուէին, եւ փորձեց զանոնք հաշտեցնել, ըսելով. «Ո՛վ մարդիկ, իրարու եղբայրներ էք, ինչո՞ւ զիրար կ՚անիրաւէք»։ 27Իսկ ան որ իր ընկերը կ՚անիրաւէր՝ մէկ կողմ հրեց զինք, պատասխանելով. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան եւ դատաւոր կարգեց։ 28Զի՞ս ալ սպաննել կ՚ուզես, ինչպէս երէկ սպաննեցիր Եգիպտացին»։ 29Այս պատասխանին վրայ Մովսէս փախաւ եւ որպէս պանդուխտ ապրեցաւ Մադիամ կոչուած երկրին մէջ, ուր երկու մանչ զաւակ ունեցաւ։

30Քառասուն տարիներ ետք, ահա Տիրոջ հրեշտակը իրեն երեւցաւ անապատին մէջ, Սինա լերան մօտիկը, բոցավառ մորենիի մը մէջէն։ 31Մովսէս նախ զարմացաւ իր տեսածին վրայ. ապա երբ մօտեցաւ աւելի լաւ տեսնելու համար, Տիրոջ ձայնը ըսաւ. 32«Ես քու հայրերուդ Աստուածն եմ. Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի Աստուածը»։ Մովսէս զարհուրած՝ չէր համարձակեր նայիլ։ 33Տէրը անոր հրամայեց. «Կօշիկներդ ոտքերէդ հանէ՛, որովհետեւ այն հողը՝ որուն վրայ կը կանգնիս՝ սուրբ է։ 34Տեսայ Եգիպտոսի մէջ իմ ժողովուրդիս չարչարանքները, լսեցի անոնց հեծութեան ձայնը եւ ահա իջայ որ փրկեմ զանոնք։ Արդ, եկո՛ւր, քեզ Եգիպտոս պիտի ղրկեմ»։

35Այսպէս, այն Մովսէսը որ մերժեցին, ըսելով՝ «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան եւ դատաւոր կարգեց», Աստուած զայն որպէս իշխան եւ փրկիչ ղրկեց այն հրեշտակին միջոցաւ, որ Մովսէսի երեւցաւ մորենիին մէջէն։ 36Մովսէս Եգիպտոսէն հանեց մեր ժողովուրդը, նշաններ եւ հրաշքներ կատարելով թէ՛ Եգիպտոսի մէջ, թէ՛ Կարմիր Ծովէն անցքին եւ թէ՛ անապատին մէջ քառասուն տարիներու ընթացքին։ 37Նոյն Մովսէսն էր որ Իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ձեր մէջէն Աստուած ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ, անոր մտիկ ըրէք»։ 38Մովսէսն էր որ անապատին մէջ հաւաքուած մեր ժողովուրդին համար միջնորդութիւն կ՚ընէր մեր հայրերուն եւ հրեշտակին միջեւ, որ Սինա լերան վրայ անոր հետ խօսեցաւ։ Ան էր որ Աստուծոյ կենսատու պատգամները տուաւ մեզի։ 39Սակայն մեր հայրերը չուզեցին Մովսէսի հնազանդիլ, այլ՝ անտեսեցին զինք եւ սկսան Եգիպտոսը փնտռել։ 40Ահարոնին ըսին. «Մեզի աստուածներ շինէ, որպէսզի մեզ առաջնորդեն. որովհետեւ չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղաւ այդ Մովսէսը, որ մեզ Եգիպտոսէն հանեց»։ 41Նոյն այդ օրերուն հորթի կերպարանքով կուռք մը շինեցին, անոր զոհ մատուցանեցին եւ իրենց ձեռքով շինուած այդ կուռքով կ՚ուրախանային։ 42Աստուած ալ երես դարձուց իրենցմէ եւ ձգեց որ երկնային մարմինները պաշտեն։ Այդ է պատճառը, որ մարգարէական գիրքը կ՚ըսէ.–

«Ո՜վ Իսրայէլացիներ,

միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի

ձեր զոհերն ու նուէրները ինծի՞ մատուցանեցիք։

43Մողոքի վրանը եւ Ռեմֆանի՝

աստղ–աստուծոյն պատկերները շինեցիք

եւ անոնց երկրպագութիւն ըրիք։

Այդ իսկ պատճառով

ձեզ Բաբելոնէն ալ անդին պիտի աքսորեմ»։

44Գալով Վկայութեան Խորանին, մեր հայրերը զայն անապատին մէջ շինեցին այնպէս՝ ինչպէս Մովսէսի հետ խօսող հրեշտակը պատուիրեց, եւ այն օրինակով՝ որ Մովսէսի ցոյց տրուեցաւ։ 45Մեր հայրերը իրենց կարգին զայն ստացան իրենց հայրերէն եւ Յեսուի օրով իրենց հետ բերին այս երկիրը, որ գրաւեցին այն ազգերէն՝ որոնք Աստուծոյ օգնութեամբ դուրս քշուեցան մեր հայրերուն առջեւէն։ Այսպէս, Վկայութեան Խորանը հասաւ մինչեւ Դաւիթի օրերը։ 46Դաւիթ Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցաւ եւ ուզեց յարմար վայր մը գտնել՝ Յակոբի Աստուծոյն տուն մը կանգնելու, 47Եւ Սողոմոն այս տաճարը շինեց Աստուծոյ համար։ 48Սակայն բարձրեալն Աստուած ձեռագործ տաճարներու մէջ չէ որ կը բնակի, ինչ որ մարգարէն ալ կ՚ըսէ.–

49«Երկինքն է իմ աթոռս,

իսկ երկիրը՝ ոտքերուս պատուանդանը։

Ի՞նչպիսի տուն պիտի շինէք ինծի համար,–

կ՚ըսէ Տէրը,–

կամ ո՞ւր պիտի ըլլայ իմ հանգստավայրս.

50Չէ՞ որ այս բոլորը իմ ստեղծածներս են»։

51Ի՜նչքան յամառ էք դուք, որ բնաւ չէք զղջար եւ Աստուծոյ կանչը չէք լսեր, եւ այսպէս միշտ Սուրբ Հոգիին կը հակառակիք, ինչպէս ձեր հայրերը կ՚ընէին անցեալին։ 52Եղա՞ւ մարգարէ մը որ ձեր հայրերը չհալածեցին։ Անոնք սպաննեցին բոլոր այն մարգարէները, որոնք կանուխէն պատմեցին Արդարին գալուն մասին. այն Արդարին, որ դուք ձեր ձեռքով մահուան դատապարտեցիք եւ սպաննեցիք։ 53Կը պարծենաք որ հրեշտակներու ձեռքով ստացաք Օրէնքը, եւ սակայն բնաւ չկատարեցիք զայն։

Ստեփանոսի քարկոծումը

54Այս խօսքերը լսելով, ներկաները ներքնապէս զայրացան եւ սկսան իրենց ակռաները կրճտել անոր դէմ։ 55Մինչ Ստեփանոս, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը երկինք բարձրացուց եւ տեսաւ զԱստուած իր ամբողջ փառքով, ինչպէս նաեւ Յիսուսը՝ Աստուծոյ աջին կանգնած, 56եւ ըսաւ.

–Ահա բացուած է երկինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին որ Աստուծոյ աջին կանգնած է։ 57Ատեան գտնուողները մեծ աղաղակ բարձրացուցին, գոցեցին իրենց ականջները եւ բոլորը միասին անոր վրայ յարձակեցան։ 58Յետոյ զայն քաղաքէն դուրս հանելով՝ սկսան քարկոծել։ Վկաները իրենց թիկնոցները կը յանձնէին երիտասարդի մը, որ Սօղոս կը կոչուէր։ 59Մինչ անոնք կը քարկոծէին, Ստեփանոս այսպէս կ՚աղօթէր.

–Տէ՜ր Յիսուս, ընդունէ՛ իմ հոգիս։

60Յետոյ ծունկի եկաւ եւ բարձրաձայն աղաղակեց.

–Տէ՜ր, ներէ՛ իրենց այս մեղքը։

Եւ հազիւ ըսած՝ մահուամբ աչքերը փակեց։