Acts 6
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 6
Եօթը օգնականները
1Ժամանակ մը ետք, երբ Յիսուսի հետեւորդները շատցան, յունախօս Հրեաները սկսան տրտնջալ եբրայախօս Հրեաներուն դէմ, որովհետեւ ամենօրեայ նպաստի բաշխումին մէջ իրենց այրիները կ՚անտեսուէին։ 2Այն ատեն, տասներկու առաքեալները կանչեցին բոլոր հաւատացեալները եւ ըսին.
–Մենք չենք ուզեր Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը ձգել եւ ուտելիք մատակարարելով զբաղիլ։ 3Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի ընտրեցէք, որոնք Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան։ Զանոնք այս անհրաժեշտ գործին համար կարգենք, 4իսկ մենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մատակարարման նուիրուինք։
5Հաւատացեալները ուղիղ գտան առաջարկը եւ հետեւեալները ընտրեցին.– Ստեփանոսը, որ հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մըն էր, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանորը, Տիմոնը, Պարմենասը եւ Նիկողայոսը, որ հրէութեան դարձած Անտիոքացի մըն էր։ 6Ապա զանոնք բերին առաքեալներուն առջեւ, որոնք աղօթեցին եւ իրենց ձեռքը դրին անոնց վրայ։
7Ահա այսպէս, Աստուծոյ խօսքը կը տարածուէր եւ Երուսաղէմի մէջ հաւատացեալներու թիւը մեծապէս կը շատնար։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատ–շատեր հաւատքը կ՚ընդունէին։
Ստեփանոսի ձերբակալութիւնը
8Ստեփանոս Աստուծոյ շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ մըն էր, որ ժողովուրդին մէջ մեծամեծ հրաշքներ եւ նշաններ կը կատարէրցոյց կու տար։ 9Այդ իսկ պատճառով, Լիպիացիներու, Կիրենացիներու, Աղեքսանդրացիներու, Կիլիկեցիներու եւ Ասիացիներու ժողովարանէն կարգ մը Հրեաներ եկան Ստեփանոսի հետ վիճաբանելու։ 10Սակայն չէին կրնար դէմ դնել անոր իմաստուն եւ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած խօսքերուն։ 11Այն ատեն քանի մը հոգի կաշառեցին, որպէսզի անոնք վկայութիւն տան, ըսելով.
–Անձամբ լսեցինք, որ այս մարդը Մովսէսի եւ Աստուծոյ դէմ հայհոյալից խօսքեր կ՚ընէր։ 12Այս ձեւով գրգռեցին ժողովուրդը, երէցները եւ Օրէնքի ուսուցիչները, եւ Ստեփանոսի վրայ յարձակելով՝ զայն բռնեցին Ատեան բերին։ 13Ապա մէջտեղ բերին սուտ վկաները, որոնք կ՚ըսէին.
–Այս մարդը անդադար հայհոյալից խօսքեր կ՚ընէ այս սրբավայրին եւ Աստուծոյ Օրէնքին դէմ։ 14Անձամբ լսեցինք որ կ՚ըսէր՝ թէ Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քանդէ այս տաճարը եւ պիտի փոխէ այն աւանդութիւնները որ Մովսէս մեզի տուաւ։
15Ատեանին մէջ նստողները իրենց հայեացքը Ստեփանոսի դարձուցին եւ տեսան անոր դէմքը, որ հրեշտակի դէմքի կը նմանէր։