Acts 3
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 3
Ի ծնէ կաղին բժշկութիւնը
1Օր մը, Պետրոս եւ Յովհաննէս տաճարկըմտնէին կէսօրէ ետք ժամը երեքի աղօթքին համար։ 2Ի ծնէ կաղ մարդ մը, որ ամէն օր շալկած կը բերէին եւ տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դարպասին քով կը դնէին, որպէսզի տաճար մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ, 3երբ տեսաւ Պետրոսն ու Յովհաննէսը, որոնք տաճար կը մտնէին, աղաչեց որ ողորմութիւն տան։ 4Պետրոս եւ Յովհաննէս անոր նայեցան։ Պետրոս ըսաւ անոր.
–Մեզի՛ նայէ։
5Անիկա առաքեալներուն կողմը դարձաւ, անոնցմէ բան մը առնելու ակնկալութեամբ։ 6Պետրոս ըսաւ.
–Արծաթ կամ ոսկի չունիմ, բայց ինչ որ ունիմ՝ կու տամ քեզի։ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ ե՛լ եւ քալէ։
7Եւ անոր աջ ձեռքէն բռնելով ոտքի հանեց։ Եւ ահա կաղին սրունքներուն ու ոտքերուն վրայ ոյժ եկաւ. 8տեղէն վեր ցատկեց, սկսաւ քալել եւ անոնց հետ տաճար մտաւ։ Կը քալէր, կը վազվզէր եւ զԱստուած կ՚օրհնէր։ 9Ամբողջ ժողովուրդը տեսաւ անոր քալելը եւ զԱստուած օրհնելը։ 10Գիտէին, թէ անիկա նոյն այն մուրացիկն էր, որ տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դարպասին քով կը նստէր, ուստի զարմանքով եւ ապշութեամբ բռնուեցան կատարուած հրաշքին համար։
Պետրոսի պատգամը Սողոմոնի բակին մէջ
11Մինչ բժշկուած կաղը Պետրոսի եւ Յովհաննէսի կը հետեւէր, ներկայ ամբողջ ժողովուրդը զարմացած՝ վազեց անոնց քով, այն սիւնագաւիթը, որ Սողոմոնի անունով կը կոչուէր։ 12Ասիկա տեսնելով, Պետրոս ըսաւ ժողովուրդին.
–Ո՜վ Իսրպյէլպցիներ, ինչո՞ւ եղածին վրայ զարմացեր էք, կամ ինչո՞ւ այդպէս ապշած կը նայիք մեզի։ Կը կարծէք թէ մենք մեր սեփական զօրութեամբ կամ բարեպաշտութեա՞մբ քալել տուինք այս մարդուն։ Ո՛չ։ 13Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի Աստուածն էր, մեր հայրերուն Աստուածը, որ այս հրաշքը կատարելով՝ իր Որդին Յիսուսը փառաւորեց. այն Յիսուսը, որ դուք Պիղատոսի ձեռքը յանձնեցիք, եւ նոյնիսկ երբ Պիղատոս կը խորհէր զայն անպարտ արձակել՝ մերժեցիք։ 14Սուրբը եւ Արդարը մերժեցիք եւ խնդրեցիք որ ձեզի շնորհէ մէկը, որ մարդասպան էր։ 15Սպաննեցիք ձեզ դէպի կեանք առաջնորդողը։ Բայց Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց, եւ մենք ատոր վկայ ենք։ 16Յիսուս ինք բժշկեց այս մարդը, որ կը տեսնէք եւ կը ճանչնաք, որովհետեւ իր անունին հաւատաց։ Եւ հաւատքն էր որ Յիսուսի ձեռքով առողջութիւն տուաւ այս մարդուն, ձեր բոլորին աչքին առջեւ։ 17Արդ, եղբայրնե՛ր, գիտեմ որ թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր իշխանները չանդրադարձաք ձեր ըրածին, 18բայց Աստուած այդպիսով կատարեց այն՝ ինչ որ կանուխէն յայտնած էր բոլոր մարգարէներուն բերնով՝ իր Օծեալին չարչարուելուն մասին։ 19Հետեւաբար ապաշխարեցէք եւ Աստուծոյ դարձէք, որպէսզի ձեր մեղքերը ջնջէ, 20առիթ տայ որ վերանորոգուիք, եւ ձեզի ղրկէ Յիսուսը, կանուխէն ձեզի համար սահմանուած Քրիստոսը, 21որ երկինքի մէջ պիտի մնայ, մինչեւ գայ ժամանակը՝ երբ ամէն ինչ պիտի վերանորոգուի, այնպէս՝ ինչպէս Աստուած սկիզբէն ի վեր յայտնեց իր սուրբ մարգարէներուն բերնով։ 22Արդարեւ, Մովսէս մեր հայրերուն ըսաւ. «Աստուած, ձեր Տէրը, ձեր ազգակիցներուն մէջէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի ղրկէ ձեզի։ Մտի՛կ ըրէք իր բոլոր ըսածներուն, 23որովհետեւ ով որ այն մարգարէին չհնազանդի՝ Աստուծոյ ժողովուրդէն դուրս պիտի ձգուի եւ մեռցուի»։ 24Նոյնպէս, Սամուէլէն սկսեալ բոլոր մարգարէները խօսեցան եւ պատմեցին այս օրերուն պատահելիքներուն մասին։ 25Արդարեւ, դուք մարգարէներուն որդիներն էք եւ ժառանգորդները այն ուխտին, որ Աստուած մեր հայրերուն հետ կնքեց, երբ Աբրահամի ըսաւ. «Քու սերունդիդ ընդմէջէն պիտի օրհնեմ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները»։ 26Աստուած իր Որդին յարուցանելէ ետք նախ ղրկեց ձեզի, որպէսզի անով օրհնէ ձեզ, երբ ձեզմէ իւրաքանչիւրը դառնայ իր գործած չարիքներէն։