Acts 4
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 4
Պետրոս եւ Յովհաննէս Հրեաներու Ատեանին առջեւ
1Մինչ անոնքժողովուրդին կըխօսէին, քահանաներ, տաճարին զօրապետը եւ Սադուկեցիներ վրայ հասան։ 2Անոնք զայրացած էին որ առաքեալները ժողովուրդին կը քարոզէին, յայտարարելով՝ թէ Յիսուսի օրինակով մեռելները յարութիւն պիտի առնեն։ 3Ուստի ձերբակալեցին զանոնք եւ բանտ դրին՝ յաջորդ օրը դատելու համար, որովհետեւ արդէն իրիկուն էր։ 4Բայց առաքեալներու քարոզութիւնը լսողներէն շատեր հաւատացին, որով հաւատացեալներու թիւը շուրջ հինգ հազարի հասաւ։
5Յաջորդ օրը, Հրեաներու իշխանները, երէցներն ու Օրէնքի ուսուցիչները Երուսաղէմ հաւաքուեցան։ 6Եկան նաեւ Հաննա եւ Կայիափա քահանայապետները, Յովհաննէսն ու Աղեքսանդրոսը եւ քահանայապետական ընտանիքի միւս անդամները։ 7Ապա առաքեալները Ատեանին դիմաց կանգնեցուցին եւ սկսան հարցնել.
–Ի՞նչ զօրութեամբ կամ որո՞ւ անունով ըրիք այս բժշկութիւնը։
8Այն ատեն Պետրոս Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ եւ պատասխանեց.
–Դուք որ այս ժողովուրդին իշխաններն էք եւ Իսրայէլի երէցները, ըսէք՝ թէ ինչո՛ւ կը դատէք մեզ այսօր. 9որովհետեւ հիւանդ մարդու մը բարիք ըրինք եւ զինք բժշկեցի՞նք։ 10Ահա կը յայտարարենք ձեր բոլորին եւ Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդին, թէ այս մարդը, որ ահաւասիկ ձեր բոլորին դիմաց կանգնած է, առողջացաւ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ դուք խաչեցիք. բայց Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց։ 11Անիկա՛ է Սաղմոսին մէջ ակնարկուած այն քարը, որ դուք՝ շինողներդ արհամարհելով անտեսեցիք, բայց որ անկիւնաքար եղաւ։ 12Միայն անո՛վ կրնաք փրկուիլ։ Աշխարհի մէջ միակն է անիկա, որ Աստուած մարդոց տուաւ, որպէսզի անոր անունով կարենանք փրկուիլ։
13Ատեանի անդամները Պետրոսի եւ Յովհաննէսի համարձակութիւնը տեսնելով, եւ հասկնալով՝ թէ պարզ եւ անուս մարդիկ են, կը զարմանային։ Եւ համոզուեցան թէ Յիսուսի ընկերակիցներէն էին։ 14Միաժամանակ կը տեսնէին բժշկուած մարդը, որ անոնց կողքին կանգնած էր, եւ չէին կրնար բան մը ըսել։ 15Ուստի հրամայեցին որ առաքեալներն ու բժշկուած մարդը Ատեանէն դուրս ելլեն, իսկ իրենք իրարու միջեւ խորհրդակցեցան, 16ըսելով.
–Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. բացայայտ հրաշք մըն է որ կատարուեցաւ անոնց ձեռքով, եւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները գիտեն այդ մասին. ատիկա չենք կրնար ուրանալ։ 17Բայց որպէսզի ասիկա չտարածուի ժողովուրդին մէջ, սպառնանք իրենց՝ որ այլեւս ոեւէ մէկուն չխօսին Յիսուսի մասին։
18Ապա ներս կանչեցին զանոնք եւ ազդարարեցին, որ բնաւ Յիսուսի մասին չխօսին ու չքարոզեն։
19Իսկ Պետրոս եւ Յովհաննէս պատասխանեցին.
–Դո՛ւք դատեցէք, թէ Աստուծոյ աչքին ո՛րն է ուղիղը. ձեզի՞ հնազանդիլ, թէ՝ Աստուծոյ։ 20Որովհետեւ մենք չենք կրնար մեր տեսածին ու լսածին մասին չխօսիլ։
21Ժողովականները սպառնալիք ըրին եւ արձակեցին զանոնք, թէ՛ անոր համար որ պատժելու պատրուակ չգտան եւ թէ՛ ժողովուրդէն զգուշանալով, քանի ամէն մարդ զԱստուած կը փառաւորէր կատարուածին համար. 22որովհետեւ այն մարդը, որուն վրայ բժշկութեան հրաշքը կատարուեցաւ, քառասուն տարեկանէն վեր էր։
Եկեղեցին կ՚աղօթէ զօրանալու համար
23Արձակուելէ ետք, Պետրոս եւ Յովհաննէս եկան միացան հաւատացեալներու խումբին եւ պատմեցին այն՝ ինչ որ քահանայապետներն ու երէցները իրենց ըսին։ 24Իսկ անոնք բոլորը միասին աղօթեցին Աստուծոյ, ըսելով.
–Տէ՛ր Աստուած, դուն որ երկինքը, երկիրն ու ծովը եւ ասոնց մէջ բնակող բոլոր արարածները ստեղծեցիր, 25դուն ինքդ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ մեր հօրը՝ քու ծառադ եղող Դաւիթի բերնով ըսիր.
«Ինչո՞ւ հեթանոսները զայրացեր են,
ինչո՞ւ ժողովուրդները զուր տեղ նենգութիւն
խորհեցան։
26Աշխարհի թագաւորներն ու իշխանները
պատրաստուեցան եւ միաբանեցան՝
Տիրոջ եւ անոր Օծեալին դէմ պայքարելու համար»։
27Արդարեւ, այս քաղաքին մէջ էր որ Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներ եւ Իսրայէլի ժողովուրդը միասին՝ միաբանեցան քու Սուրբ Որդիիդ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր, 28կատարելու համար այն՝ ինչ որ դուն քու զօրութեամբդ եւ կամքովդ սկիզբէն իսկ սահմանած էիր։ 29Արդ, Տէ՛ր, տե՛ս անոնց ըրած սպառնալիքները, եւ քաջութիւն տուր քու ծառաներուդ, որպէսզի ազատ համարձակ քարոզեն քու խօսքդ։ 30Զօրութիւն տուր մեզի, որպէսզի բժշկութիւններ, նշաններ ու հրաշքներ կատարուին քու Սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի անունով։
31Երբ անոնք աղօթեցին, հաւաքատեղին շարժեցաւ. բոլորը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան համարձակ կերպով Աստուծոյ խօսքը քարոզել։
Համայնական կեանք
32Հաւատացեալներու ամբողջ բազմութիւնը մէկ սիրտ մէկ հոգի էր։ Ոեւէ մէկը իր ինչքերուն համար չէր ըսեր թէ իրն են, այլ՝ ամէն ինչ հասարակաց էր իրենց միջեւ։ 33Առաքեալները զօրաւոր կերպով կը վկայէին Տէր Յիսուսի յարութեան, իսկ հաւատացեալները բոլորն ալ Աստուծմէ մեծ շնորհք կը վայելէին։ 34Անոնց մէջ կարօտեալ չկար, որովհետեւ արտ կամ տուն ունեցողները զանոնք կը ծախէին 35եւ ծախուածներուն դրամը կը յանձնէին առաքեալներուն, որոնք բաշխումը կը կատարէին՝ նայած թէ ով ի՛նչ բանի պէտք ունէր։ 36Այդպիսիներէն մէկն էր, օրինակ, այն Յովսէփը որ առաքեալներուն կողմէ կոչուեցաւ Բառնաբաս, որ կը նշանակէ՝ մէկը որ կը քաջալերէ։ Ասիկա Կիպրոս ծնած Ղեւտացի մըն էր, 37որ իր ունեցած արտը ծախեց եւ դրամը բերաւ առաքեալներուն յանձնեց։