Acts 5
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 5
Անանիայի եւ Սափիրայի խաբեբայութիւնը
1Բայց Անանիա անունով մէկը, որուն կինն էր Սափիրա, իր կալուածը ծախեց, 2եւ իր կնոջ գիտութեամբ դրամին մէկ մասը մէջէն վերցնելով՝ մնացեալ մասը բերաւ յանձնեց առաքեալներուն: 3Պետրոս հարցուց.
–Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանային փորձութեան տեղի տուիր եւ յանդգնեցար Սուրբ Հոգին խաբել՝ արտին դրամին մէջէն մաս մը վերցնելով։ 4Որքան ատեն որ չէիր ծախած՝ քուկդ չէ՞ր. ծախելէդ ետքն ալ կրնայիր զայն քեզի պահել։ Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբեբայութիւնը խորհելու. ո՛չ թէ մարդիկը, այլ զԱստուած փորձեցիր խաբել։
5Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ գետին ինկաւ եւ շունչը փչեց։ Մեծ վախ մը պատեց բոլոր անոնք՝ որոնք ներկայ էին ու լսեցին ասիկա։ 6Քանի մը երիտասարդներ ելան պատանքի մէջ փաթթեցին զայն եւ տարին թաղեցին։
7Մօտ երեք ժամ ետք, Անանիայի կինը, որ պատահածին անտեղեակ էր, ներս մտաւ։ 8Պետրոս անոր հարցուց.
–Ըսէ՛ ինծի, ա՞յս գինով ծախեցիք արտը։
Սափիրա պատասխանեց.
–Այո՛, այդ գինով։
9Այն ատեն Պետրոս ըսաւ.
–Ինչո՞ւ ամուսինդ եւ դուն որոշեր էք Տիրոջ Հոգին փորձել։ Ահա անոնք՝ որոնք ամուսինդ տարին թաղեցին՝ դրան քով կեցեր են. քեզ ալ պիտի տանին։
10Վայրկեանին, Սափիրա անոր ոտքերուն առջեւ ինկաւ եւ շունչը փչեց։ Երիտասարդները երբ ներս եկան, զայն մեռած գտնելով՝ տարին եւ իր ամուսինին քովթաղեցին։ 11Մեծ վախ մը պատեց ամբողջ եկեղեցին եւ բոլոր անոնք՝ որ լսեցին այս դէպքը։
Հրաշքներ եւ նոր հաւատացողներ
12-14Երբհաւատացեալներըբոլորըմէկկըխմբուէին
Սողոմոնի սիւնագաւիթին մէջ, ուրիշ ոեւէ մէկը չէր համարձակեր իրենց մօտենալ։ Բայց եւ այնպէս, ամբողջ ժողովուրդը կը յարգէր զիրենք, եւ հետզհետէ կ՚աւելնար անոնց թիւը, որովհետեւ բազմաթիւ այրեր ու կիներ կը հաւատային Տիրոջ։ Առաքեալներուն ձեռքով բազմաթիւ նշաններ ու հրաշքներ կը կատարուէին ժողովուրդին մէջ. 15այնպէս որ, Պետրոսի անցած ատեն՝ մարդիկ պատգարակներով ու մահիճներով հիւանդներ կը բերէին եւ հրապարակներու վրայ կը դնէին, որպէսզի գոնէ անոր շուքը իյնայ անոնցմէ մէկուն վրայ։ 16Շրջակայ գիւղերէն բազմաթիւ մարդիկ Երուսաղէմ կը հաւաքուէին՝ իրենց հետ բերելով հիւանդներ եւ պիղծ ոգիներէ տանջուողներ, որոնք բոլորն ալ կը բժշկուէին։
Պետրոս եւ Յովհաննէս դարձեալ Ատեանին առջեւ
17Քահանայապետը եւ իր մարդիկը, որոնք Սադուկեցիներու կրօնական կուսակցութեան անդամներ էին, առաքեալներուն դէմ նախանձով լեցուեցան։ 18Ուստի ձերբակալեցին եւ հասարակաց բանտը դնել տուին զանոնք։ 19Բայց Տիրոջ հրեշտակը գիշեր ատեն բանտին դռները բացաւ եւ զանոնք դուրս հանելով՝ ըսաւ.
– 20Գացէք տաճար եւ այս նոր կեանքի պատգամը տուէք ժողովուրդին։
21Հրեշտակին խօսքին հնազանդելով, առաքեալները առաւօտ կանուխ տաճար մտան եւ սկսան ուսուցանել։ Միւս կողմէ, քահանայապետն ու իր մարդիկը իրարու քով գալով՝ ժողովի հրաւիրեցին Ատեանը եւ Իսրայէլի ժողովուրդին բոլոր ծերերը։ Ապա մարդ ղրկեցին բանտ, որպէսզի առաքեալները Ատեան բերեն։ 22Երբ սպասաւորները բանտ եկան եւ զանոնք չգտան, վերադարձան եւ ժողովին պատմեցին, 23ըսելով.
–Երբ գացինք, բանտը կղպանքով ամուր մը փակուած գտանք. պահակներն ալ դրան առջեւ կանգնած էին։ Բայց երբ դուռը բացինք, ներսը մարդ չգտանք։
24Տաճարին պահակապետն ու աւագ քահանաները այս զեկոյցը իմանալով՝ ապշած մնացին, որովհետեւ չէին գիտեր թէ ինչպէ՛ս բացատրեն առաքեալներուն անհետացումը։ 25Ճիշդ այդ պահուն վրայ հասաւ մէկը եւ անոնց պատմեց.
–Այն մարդիկը որ դուք բանտ դրիք, ահա տաճարին մէջ կեցեր ժողովուրդին կը քարոզեն։
26Այն ատեն պահակապետը եւ իր մարդիկը գացին եւ զանոնք բերին առանց բռնութեան, որովհետեւ ժողովուրդին կողմէ քարկոծուելէ կը վախնային։ 27Զանոնք բերին եւ Ատեան կանգնեցուցին։ Քահանայապետը հարցուց.
– 28Ձեզի խստօրէն չպատուիրեցի՞նք որ այդ մարդուն անունով չքարոզէք. իսկ դուք ահա ամբողջ Երուսաղէմը ձեր վարդապետութեամբ ողողեցիք, եւ կ՚ուզէք մեզ անոր մահուան պատասխանատու բռնել։
29Պետրոս եւ միւս առաքեալները պատասխանեցին, ըսելով.
–Աստուծոյ պէտք է հնազանդիլ, քան թէ մարդոց։ 30Մեր հայրերուն Աստուածը յարուցանեց Յիսուսը, որ դուք սպաննեցիք՝ խաչափայտէն կախելով։ 31Աստուած իր աջով զայն բարձրացուց, որպէսզի մեր Առաջնորդն ու Փրկիչը ըլլայ, եւ Իսրայէլին ապաշխարութեան առիթ եւ մեղքերուն թողութիւն տայ։ 32Այս իրողութիւններուն վկաներն ենք մենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգին, որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդողներուն։
33Երբ անոնք այս խօսքերը լսեցին՝ կատաղութեամբ լեցուեցան, եւ կ՚ուզէին սպաննել զանոնք։
34Այն ատեն Ատեանին մէջ ոտքի ելաւ Գամաղիէլ անունով մէկը, որ Փարիսեցիներէն էր եւ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ յարգուած Օրէնքի ուսուցիչ մը, եւ հրամայեց որ նախ առաքեալները դուրս տանին, 35եւ ապա ժողովականներուն ըսաւ.
–Ո՛վ Իսրայէլացիներ, լաւ մտածեցէք եւ ապա որոշում առէք այս մարդոց մասին։ 36Կը յիշէք թէ ժամանակ մը առաջ Թեւդաս անունով մէկը ելաւ, որ ինքզինք երեւելի մէկը կը յայտարարէր, եւ շուրջ չորս հարիւր հոգիներ իրեն միացան. բայց ինք սպաննուեցաւ եւ բոլոր իրեն միացածները քայքայուեցան ու ցրուեցան։ 37Իրմէ ետք Գալիլիացի Յուդա մը ելաւ մարդահամարի օրերուն եւ բազմաթիւ ժողովուրդ ապստամբութեան մղեց իրեն հետ. սակայն ան ալ կորսուեցաւ, եւ բոլոր անոնք որ իրեն յարած էին՝ ցրուեցան։ 38Գալով ասոնց, կ՚ըսեմ ձեզի.– Այդ մարդոցմէ ձեռք քաշեցէք եւ ձգեցէք զիրենք։ Որովհետեւ, եթէ անոնց խորհուրդն ու գործը մարդոցմէ է՝ պիտի խափանուի. 39իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար խափանել, եւ թերեւս այդ ձեւով Աստուծոյ դէմ պայքարած կ՚ըլլաք։
40Ժողովականները հաւանեցան Գամաղիէլի խօսքերուն, եւ առաքեալները կանչել տալով՝ ծեծել տուին. ապա պատուիրելով անոնց՝ որ ա՛լ Յիսուսի անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք։ 41Իսկ առաքեալները Ատեանէն հեռացան, ուրախանալով որ Տիրոջ անունին համար անարգանքի արժանացան։ 42Ամէն օր, թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ իրենց տուներուն մէջ, անդադար կը սորվեցնէին՝ Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով։