Acts 8
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 8
Ստեփանոսի խօսքը
1Ստեփանոսի քարկոծումը պահանջողներէն մէկն ալ Սօղոսն էր։
Հալածանք եւ հաւատքի տարածումը Սամարիայի մէջ
Նոյն օրը Երուսպղէմի եկեղեցւոյ դէմ մեծ հալածանք սկսաւ, որուն հետեւանքով՝ բացի առաքեալներէն բոլոր միւսները ցրուեցան Հրէաստանի եւ Սամարիայի գիւղերը։ 2Իսկ քանի մը բարեպաշտներ Ստեփանոսի մարմինը տարին թաղեցին, մեծ կոծ ընելով անոր վրայ։ 3Սօղոս կ՚աշխատէր ոչնչացնել եկեղեցին։ Տունէ տուն կը մտնէր եւ հաւատացեալ այրերն ու կիները դուրս քաշկռտելով՝ բանտ դնել կու տար։ 4Ասոր վրայ՝ հաւատացեալները ցրուեցան եւ երկրին զանազան կողմերը շրջելով Աւետարանի պատգամը կը քարոզէին։ 5Այսպէս, Փիլիպպոս Սամարիա քաղաքը գնաց եւ խոստացուած Փրկիչը քարոզեց անոնց։ 6Մեծ բազմութիւններ ականջ կու տային անոր քարոզութեան, որովհետեւ թէ՛ կը լսէին եւ թէ՛ կը տեսնէին անոր կատարած հրաշքները։ 7Արդարեւ, պիղծ ոգիներ մեծ աղաղակով դուրս կու գային բազմաթիւ մարդոցմէ, եւ մեծ թիւով անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին։ 8Այնպէս որ, ուրախութիւնը մեծ էր այդ քաղաքին մէջ։
9Նոյն քաղաքին մէջ կար Սիմոն անունով մէկը, որ երկար ատենէ ի վեր այնտեղ էր եւ կախարդութիւն ընելով կ՚ապշեցնէր Սամարացիները. 10պզտիկէն մեծ բոլորն ալ անոր վրայ հիացած, կ՚ըսէին.
–Այս մարդը ինքը՝ Աստուծոյ զօրութիւնն է, որ Մեծ Զօրութիւն կը կոչուի։
11Իսկապէս ալ հիացած էին անով, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր իր կախարդութեամբ կ՚ապշեցնէր զանոնք, ինքզինք իբրեւ կարեւոր մէկը ներկայացնելով։ 12Բայց երբ հաւատացին Փիլիպպոսի, որ Աստուծոյ արքայութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին կը քարոզէր, այր թէ կին բոլորն ալ մկրտուեցան։ 13Սիմոն ինքն ալ հաւատաց, եւ մկրտուելէ ետք՝ Փիլիպպոսի քովէն չէր հեռանար. եւ տեսնելով այն նշաններն ու մեծամեծ հրաշքները որ Փիլիպպոս կը կատարէր, կը զարմանար։
14Առաքեալները, որոնք Երուսաղէմ կը մնային, երբ լսեցին թէ Սամարացիներ Աստուծոյ խօսքը ընդունեցին, անոնց քով ղրկեցին Պետրոսն ու Յովհաննէսը, 15որոնք երբ հասան՝ աղօթեցին անոնց վրայ, որպէսզի Սուրբ Հոգին ստանան, 16որովհետեւ մինչ այդ Սուրբ Հոգին անոնցմէ ոեւէ մէկուն վրայ չէր իջած, այլ միայն Տէր Յիսուսի անունով մկրտուած էին։ 17Այն ատեն Պետրոս եւ Յովհաննէս իրենց ձեռքերը դրին անոնց գլխուն եւ անոնք Սուրբ Հոգին ստացան։
18Երբ Սիմոն տեսաւ թէ առաքեալներու ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց դրամ խոստանալով՝ ըսաւ.
– 19Ինծի՛ ալ տուէք այդ կարողութիւնը, որպէսզի որուն վրայ որ ձեռք դնեմ՝ Սուրբ Հոգին ստանայ։
20Ասոր վրայ Պետրոս ըսաւ անոր.
–Կորսուէ՛, դո՛ւն ալ, դրամդ ալ. կարծեցիր որ Աստուծոյ պարգեւը կրնա՞ս դրամով գնել։ 21Այս բոլորին մէջ մաս եւ բաժին պիտի չունենաս, քանի որ ուղիղ չես խորհիր Աստուծոյ մասին։ 22Հետեւաբար դարձի՛ր այդ չար խորհուրդէդ եւ աղաչէ՝ որ Տէրը ներէ քու մտքիդ այս նենգ խորհուրդը։ 23Որովհետեւ կը տեսնեմ թէ դառն նախանձով լեցուն ես եւ մեղքի կապանքներուն մէջ բռնուած։
24Սիմոն ըսաւ.
–Ինծի համար աղաչեցէք Տիրոջ, որ ձեր ըսածներէն ոեւէ մէկը չպատահի ինծի։
25Իսկ առաքեալները իրենց վկայութիւնը տալէ եւ Տիրոջ խօսքը քարոզելէ ետք՝ վերադարձան Երուսաղէմ, ճամբու վրայ Սամարիայի բազմաթիւ գիւղերու մէջ Աւետարանը քարոզելով։
Եթովպիացի ներքինիին դարձը Փիլիպպոսի ձեռքով
26Տիրոջ հրեշտակը Փիլիպպոսի խօսեցաւ, ըսելով.
–Ե՛լ, հարաւ գնա, այն ճամբան՝ որ Երուսաղէմէն Կազա կ՚իջնէ եւ ամայի է։
27Փիլիպպոս ելաւ գնաց։ Եւ ահաւասիկ Եթովպիացի ներքինի մը, որ Եթովպիացիներու Կանդակին, այսինքն՝ թագուհիին բարձրաստիճան մէկ պաշտօնեան էր, անոր ընդհանուր գանձապետը, եւ Երուսաղէմ եկած էր Աստուծոյ երկրպագելու, 28այնտեղէն դարձին՝ իր կառքին մէջ նստած՝ Եսայի մարգարէի գիրքը կը կարդար։ 29Սուրբ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսի.
–Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քովէն քալէ։
30Երբ Փիլիպպոս վազելով հասաւ կառքին, լսեց որ անիկա Եսայի մարգարէն կը կարդար բարձրաձայն։ Հարցուց.
–Կը հասկնա՞ս ինչ որ կը կարդաս։
31Իսկ անիկա պատասխանեց.
–Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չբացատրէ։
Ապա խնդրեց որ Փիլիպպոս ելլէ իր քով նստի։ 32Իր կարդացած հատուածը հետեւեալն էր.–
«Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ.
եւ ինչպէս գառնուկ մը անմռունչ կը կենայ
զինք խուզողին դիմաց,
այնպէս՝ իր բերանը չբացաւ։
33Անիկա նուաստացաւ
եւ չունեցաւ մէկը որ զինք պաշտպանէր.
ո՞վ պիտի պատմէ իր սերունդին մասին,
որովհետեւահաիրկեանքըկըվերցուիայսաշխարհէն»։
34Ներքինին հարցուց Փիլիպպոսի.
–Կ՚աղաչեմ, ըսէ՛, որո՞ւ համար կ՚ըսէ մարգարէն այս բաները. իրե՞ն թէ ուրիշի մը համար։
35Այն ատեն Փիլիպպոս Սուրբ գիրքի այդ հատուածէն սկսելով՝ անոր աւետարանեց Յիսուսը։ 36Մինչ անոնք կ՚երթային, ճամբուն վրայ հանդիպեցան տեղ մը, ուր ջուր կար։
Ներքինին ըսաւ.
–Ահա այստեղ ջուր կայ. ոեւէ արգելք կա՞յ որ մկրտուիմ։
37Փիլիպպոս պատասխանեց.
–Եթէ ամբողջ սրտովդ կը հաւատաս, կրնաս մկրտուիլ։
–Կը հաւատամ՝ թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է,– պատասխանեց ներքինին, 38եւ կառապանին հրամայեց որ կառքը կեցնէ։ Փիլիպպոս եւ ներքինին երկուքը միասին ջուր մտան, եւ Փիլիպպոս մկրտեց զայն։ 39Երբ ջուրէն դուրս ելան, Սուրբ Հոգին իջաւ ներքինիին վրայ, եւ Տիրոջ հրեշտակը յափշտակեց տարաւ Փիլիպպոսը. այնպէս որ ներքինին այլեւս չտեսաւ զայն, եւ իր ճամբան շարունակեց ուրախութեամբ։
40Իսկ Փիլիպպոս ինքզինք Ազոտոսի մէջ գտաւ։ Կը շրջէր ու կ՚աւետարանէր բոլոր քաղաքներուն մէջ, մինչեւ եկաւ Կեսարիա։