Matthew 12

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Շաբաթ օրը յարգելու հարցը
(Մր 2.23-28Ղկ 6.1-5)

1Շաբաթ օր մը Յիսուս ցորենի արտերուն մէջէն կ՚անցնէր։ Աշակերտները անօթեցած ըլլալով՝ սկսան հասկ փրցնել եւ ուտել։ 2Երբ Փարիսեցիները ասիկա տեսան, ըսին Յիսուսի.
– Տե՛ս, աշակերտներդ ի՛նչ կ՚ընեն. բան մը՝ որ մեր Օրէնքը կ՚արգիլէ Շաբաթ օրով ընել։
3Յիսուս պատասխանեց.
– Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան։ 4Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ եւ առաջաւորութեան հացերը չկերա՞ւ, բան մը՝ որ Օրէնքին համաձայն արտօնուած չէր իրեն եւ ոչ ալ իրեն հետ եղողներուն, այլ միայն քահանաներուն5Կամ չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրերը քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց։ 6Ահա կ՚ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։ 7Եթէ իրապէս հասկնայիք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ», այն ատեն չէիք դատապարտեր անմեղները, 8որովհետեւ Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին։

Գօսացած ձեռքով մարդուն բժշկութիւնը
(Մր 3.1-6Ղկ 6.6-11)

9Յիսուս այդտեղէն մեկնելով՝ գնաց անոնց ժողովարանը10Հոն մարդ մը կար, որուն ձեռքը գօսացած էր։ Ներկաները Յիսուսը ամբաստանելու մտքով հարցուցին.
– Մեր Օրէնքը կը թոյլատրէ՞ Շաբաթ օրով բժշկել։
11Յիսուս պատասխանեց.
– Եթէ ձեզմէ մէկուն մէկ հատիկ ոչխարը Շաբաթ օրով փոսը իյնայ, ի՞նչ կ՚ընէ։ Չի՞ բռներ ու չի՞ հաներ զայն։ 12Իսկ մարդը ոչխարէն որքա՜ ն աւելի կ՚արժէ։ Ուրեմն Օրէնքը կը թոյլատրէ Շաբաթ օրով բարիք գործելը։
13Այն ատեն ըսաւ մարդուն.
– Ձեռքդ երկարէ։
Անիկա ձեռքը երկարեց, եւ ահա գօսացած ձեռքը միւս ձեռքին նման առողջացաւ։ 14Ասոր վրայ Փարիսեցիները դուրս ելլելով՝ սկսան իրարու հետ խորհդակցիլ, թէ ի՛նչպէս սպաննեն Յիսուսը։

Աստուծոյ ընտրեալ ծառան

15Յիսուս գիտցաւ ասիկա եւ հոնկէ մեկնեցաւ։ Բազմաթիւ մարդիկ գացին իր ետեւէն, եւ ինք բոլոր հիւանդները ղ բժշկեց՝ 16խստիւ պատուիրելով անոնց, որ ուրիշներուն իր մասին բան չըսեն։ 17Այսպիսով իրականացաւ ինչ որ Տէրը կ՚ըսէ Եսայի մարգարէին բերնով.–
18«Ահաւասիկ ծառաս, որ ընտրեցի,
սիրելիս, որուն հաճեցայ։
Իմ Հոգիս անոր վրայ պիտի դնեմ,
եւ անիկա բոլոր ազգերուն
արդարութիւն պիտի հռչակէ։
19Անիկա ո՛չ պիտի հակառակի
եւ ո՛չ ալ պիտի աղաղակէ,
ո՛չ ալ հրապարակներու վրայ
անոր ձայնը պիտի լսուի։
20Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ
եւ առկայծ ճրագը պիտի չմարէ,
մինչեւ որ արդարութիւնը յաղթանակէ։
21Եւ բոլոր ազգերը իրենց յոյսը
անոր վրայ պիտի դնեն»։

Յիսուս եւ Բէեղզեբուղ
(Մր 3.20-30Ղկ 11.14-2312.10)

22Ապա Յիսուսի բերին կոյր եւ համր դիւահար մը, եւ Յիսուս բժշկեց զայն, այնպէս որ համր եւ կոյր մարդը սկսաւ խօսիլ ու տեսնել։ 23Բոլոր ներկաները զարմացան եւ կը հարցնէին.
– Արդեօք ասիկա՞ է ՔրիստոսըԴաւիթի Որդին։
24Բայց Փարիսեցիները երբ լսեցին, ըսին.
– Անիկա դեւերու իշխանին՝ Բէեղզեբուղի զօրութեամբ է որ դեւերը դուրս կը հանէ։

25Յիսուս երբ գիտցաւ անոնց մտածումը, ըսաւ.
–Ոեւէ թագաւորութիւն որ ինքն իր մէջ բաժան–բաժան կ՚ըլլայ՝ կը կործանի, եւ ոեւէ քաղաք կամ ընտանիք որ ինքն իր մէջ բաժնուած է՝ կանգուն չի մնար։ 26Եթէ Սատանան իր գործակալներուն դէմ կ՚ելլէ, ուրեմն ինքն իր մէջ բաժան–բաժան եղած է. արդ, անոր թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ կանգուն մնալ։ 27Եթէ ես Բէեղզեբուղի զօրութեամբ է որ դեւերը կը հանեմ, ձեր հետեւորդնե՞րը որուն զօրութեամբ դուրս կը հանեն զանոնք։ Ուրեմն ձեր իսկ հետեւորդները ձեզ պիտի դատապարտեն։ 28Իսկ եթէ Աստուծոյ Հոգիին զօրութեամբ չար ոգիները կը հանեմ, կը նշանակէ թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը արդէն հասած է ձեզի։
29Ո՛չ ոք կրնայ զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր ստացուածքը կողոպտել, եթէ նախապէս այդ զօրաւոր մարդը չկապէ։ Անկէ ետք է որ անոր տունը կը կողոպտէ։
30Ով որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է. ով որ ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ։ 31Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի.– Մարդիկ որքան ալ մեղք գործեն կամ հայհոյութիւն ընեն, Աստուած պիտի ներէ անոնց այդ բոլորը. բայց պիտի չներէ անոր, որ Սուրբ Հոգիին կը հայհոյէ, այսինքն՝ կը նախատէ զայն։ 32Ոեւէ մէկը որ Մարդու Որդիին դէմ խօսի՝ Աստուած պիտի ներէ անոր, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ խօսողին պիտի չներէ, ո՛չ այս աշխարհի մէջ եւ ո՛չ ալ հանդերձեալին։

Ծառը եւ իր պտուղը
(Մտ 7.16-17Ղկ 6.43-45)

33Եթէ կ՚ուզէք լաւ պտուղ ունենալ՝ ծառը առողջ պահեցէք, իսկ եթէ ծառը լաւ չպահէք՝ պտուղն ալ գէշ կ՚ըլլայ։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։ 34Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք լաւ բաներ խօսիլ, երբ դուք չար էք, քանի բերանը սրտին մէջ եղածն է որ կը խօսի։ 35Բարի մարդը իր սրտի բարի գանձէն բարիք կը հանէ, իսկ չար մարդը իր սրտի չար գանձէն՝ չարիք։ 36Կ՚ըսեմ ձեզի.– Դատաստանի օրը մարդ իր բոլոր դատարկ խօսքերուն համար հաշիւ պիտի տայ։ 37Որովհետեւ քու խօսքերովդ պիտի դատեն քեզ, կա՛մ արդարացնելու համար քեզ եւ կա՛մ՝ դատապարտելու։

Հրաշքի մը խնդրանքը
(Մտ 16.1-4Մր 8.11-12Ղկ 11.29-32)

38Այն ատեն Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, կ՚ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք։
39Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ՚ուզէք. բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի։ 40Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ։ 41Դատաստանի օրը Նինուէացիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար։ Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։ 42Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար։ Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։

Չար ոգիին վերադարձը
(Ղկ 11.24-26)

– 43Երբ չար ոգին դուրս կ՚ելլէ մարդու մը մէջէն, կ՚երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար։ Եւ երբ չի գտներ, 44ինքնիրեն կ՚ըսէ. «Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»։ Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ պարապ, մաքուր եւ յարդարուած։ ԽՔ 6 Շ 45Ապա կ՚երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ՚ըլայ։ Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին։

Յիսուսի մայրն ու եղբայրները
(Մր 3.31-35Ղկ 8.19-21)

46Յիսուս ժողովուրդին տակաւին կը խօսէր, երբ իր մայրն ու եղբայրները եկան եւ դուրսը կեցած՝ կ՚ուզէին իրեն հետ խօսիլ։ 47Հոն գտնուողներէն մէկը ըսաւ իրեն.
– Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ՚ուզեն հետդ խօսիլ։
48Յիսուս անոր պատասխանեց.
– Ո՞վ է մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս։
49Եւ իր աշակերտները ցոյց տալով՝ աւելցուց.
– Ահաւասիկ մայրս ու եղբայրներս։ 50Որովհետեւ ո՛վ որ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ՝ անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս։