Matthew 22

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Հարսանիքի հրաւիլեալներուն առակը
(Ղկ 14.15-24)

1Իբր պատասխան, Յիսուս դարձեալ առակներով ըսաւ ժողովուրդին.
– 2Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.– Թագաւոր մը իր որդիին համար հարսանիք սարքեց։ 3Անիկա իր ծառաները ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալները հարսանիքի կանչեն, սակայն հրաւիրեալները մերժեցին գալ։ 4Դարձեալ ուրիշ ծառաներ ալ ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով. «Ըսէք հրաւիրեալներուն.– Ճաշկերոյթը պատրաստ է, զուարակներս եւ պարարտ կենդանիները մորթուած են, ու ամէն ինչ կազմ ու պատրաստ է. հրամմեցէ՛ք հարսանիքի»։ 5Բայց հրաւիրեալները կարեւորութիւն չտուին. մէկը իր ագարակը գնաց, միւսը իր առեւտուրին, 6իսկ ուրիշներ ալ ծառաները բռնեցին ծեծեցին եւ սպաննեցին։ 7Թագաւորը երբ ասիկա լսեց, բարկացաւ եւ իր զինուորները ղրկեց, որոնք ոճրագործները սպաննեցին եւ անոնց քաղաքն ալ այրեցին։ 8Յետոյ թագաւորը ըսաւ իր ծառաներուն. «Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրեալները արժանի չէին։ 9Հիմա հրապարակ գացէք եւ ո՛վ որ գտնէք՝ հրաւիրեցէ՛ք հարսանիքի»։ 10Ծառաները ճամբաները ելլելով՝ հաւաքեցին բոլոր անոնք որ գտան, թէ՛ չարերը եւ թէ՛ բարիները, եւ հարսանիքի սրահը լեցուեցաւ հրաւիրեալներով։
11Երբ թագաւորը ներս մտաւ դիտելու համար հրաւիրեալները, տեսաւ մէկը որ հարսանիքի պատշաճ հագուստ չէր հագած 12ու ըսաւ անոր. «Բարեկա՛մ, ի՞նչպէս հոս մտար առանց հարսանիքի հագուստ ունենալու»։ Մարդը պապանձեցաւ։ 13Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. «Կապեցէ՛ք անոր ոտքերն ու ձեռքերը եւ դուրսը խաւարին մէջ նետեցէք. հոն անիկա թող լայ եւ ակռաները կրճտէ»։ 14Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ։

Տուրք վճարելու հարցը
(Մր 12.13-17Ղկ 20.20-26)

15Ասոր վրայ Փարիսեցիները գացին եւ խորհրդակցեցան թէ ի՛նչպէս կրնան Յիսուսը իր խօսքերով ծուղակը ձգել։ 16Եւ Յիսուսի ղրկեցին իրենց աշակերտներէն ոմանք, Հերովդէսի կողմնակիցներուն հետ միասին։ Ասոնք ըսին Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ կամքը կ՚ուսուցանես՝ առանց հոգ ընելու թէ ուրիշներ ինչ կ՚ըսեն, որովհետեւ աչառութիւն չես ըներ։ 17Ուրեմն ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ կը կարծես, մեր Օրէնքին համաձայն պէ՞տք է կայսրին տուրք տանք, թէ ոչ։
18Յիսուս հասկցաւ անոնց չարամտութիւնը եւ ըսաւ.
– Կեղծաւորնե՛ր, ինչո՞ւ կը փորձէք զիս։ 19Ցոյց տուէք ինծի տուրքի արծաթ դրամը։
Եւ անոնք ալ բերին դրամը։ 20Ապա հարցուց.
– Ասիկա որո՞ւն պատկերն ու արձանագրութիւնն է։
21Անոնք պատասխանեցին.
– Կայսրին։
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Գացէք եւ ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք, եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք։
22Ասիկա լսելով զարմացան եւ ձգեցին ու գացին։

Յարութեան հարցը
(Մր 12.18-27Ղկ 20.27-40)

23Նոյն օրը Սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ։ Սադուկեցիները կ՚ըսեն թէ մեռելներու յարութիւն չկայ։ 24Անոնք ըսին Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, Մովսէս մեզի հետեւեալը սորվեցուց.– «Եթէ մէկը մեռնի առանց զաւակ ունենալու, մարդուն եղբայրը պէտք է ամուսնանայ այրիին հետ, որպէսզի իր եղբօրը զաւակ տայ»։ 25Արդ, ժամանակին մեր մօտ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը ամուսնացաւ եւ մեռաւ առանց զաւակ ունենալու, ուստի իր կինը ձգեց իր եղբօր։ 26Նոյնը պատահեցաւ երկրորդին, երրորդին, մինչեւ եօթներորդին։ 27Բոլորէն վերջ կինն ալ մեռաւ։
28Արդ, մեռելներու յարութեան օրը, կինը այդ եօթէն որո՞ւն պիտի պատկանի, քանի բոլորն ալ ամուսնացան անոր հետ։
29Յիսուս պատասխանեց.
– Մոլորածներ էք, որովհետեւ չէք հասկնար ո՛չ Սուրբ գիրքերը եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը։ 30Երբ մեռելները յարութիւն առնեն, այլեւս պիտի չամուսնանան, այլ՝ երկինքի հրեշտակներուն նման պիտի ըլլան։ 31Իսկ մեռելներու յարութեան մասին չէ՞ք կարդացած ինչ որ Աստուած ըսաւ ձեզի. 32«Ես եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը»։ Կը նշանակէ թէ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, այլ՝ ողջերուն։
33Երբ ժողովուրդը լսեց ասիկա, զարմացաւ անոր ուսուցումին վրայ։

Մեծագոյն պատուիրանը
(Մր 12.28-34Ղկ 10.25-28)

34Երբ Փարիսեցիները լսեցին թէ Յիսուս Սադուկեցիները պապանձեցուց, իրարու քով եկան։ 35Անոնցմէ մէկը, Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտ մը, Յիսուսը փորձելու համար հարցուց.
– 36Վարդապե՛տ, Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը։
37Յիսուս ըսաւ անոր.
– «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ»։ 38Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ 39Երկրորդը ատոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ 40Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները։

Որո՞ւն որդին է Քրիստոս
(Մր 12.35-37Ղկ 20.41-44)

41Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց.
– 42Ի՞նչ կը խորհիք Քրիստոսին մասին։ Որո՞ւն Որդին է ան։
Անոնք պատասխանեցին.
– Դաւիթի։
43Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ուրեմն ինչպէ՞ս Դաւիթ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ զայն Տէր կը կոչէ ու կ՚ըսէ.–
44«Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ.–
Աջ կողմս նստէ,
մինչեւ որ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ
որպէս պատուանդան»։
45Արդ, եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս անոր որդին կ՚ըլլայ։
46Ոչ ոք կրցաւ պատասխան տալ Յիսուսի, եւ այդ օրուընէ սկսեալ ոեւէ մէկը չէր համարձակեր իրեն հարցում ուղղել։