Matthew 23

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Զգուշացում Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն
(Մր 12.38-39Ղկ 11.43,4620.45-47)

1Ապա Յիսուս ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն ըսաւ.
– 2Մովսէսի աթոռը նստան Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները։ 3Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէք զանոնք. սակայն մի՛ ընէք ինչ որ իրենք կ՚ընեն. որովհետեւ անոնք կը սորվեցնեն, բայց չեն կատարեր։ 4Անոնք ծանր եւ դժուարակիր բեռներ կը դնեն մարդոց ուսերուն, մինչ իրենք նոյն բեռները կրելու նուազագոյն ճիգն իսկ չեն ըներ։ 5Ինչ որ կ՚ընեն, մարդոց երեւելու համար կ՚ընեն։ Իրենց գրապանակները կը լայնցնեն եւ իրենց հագուստներուն ծոպերը կ՚երկնցնեն։ 6Ընթրիքներու ընթացքին պատուոյ տեղերը գրաւել կը սիրեն եւ ժողովարաններու մէջ՝ առաջին աթոռները։ 7Կը սիրեն հրապարակներու վրայ մարդոցմէ բարեւներ ընդունիլ եւ «վարդապետ», այսինքն «ուսուցիչ» կոչուիլ։ 8Բայց դուք ոեւէ մէկը «վարդապետ» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք բոլորդ եղբայրներ էք եւ մէկ ուսուցիչ ունիք։ 9Երկրի վրայ ոեւէ մէկը «հայր» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է։ 10«Առաջնորդ» մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է։ 11Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ 12Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։

Յիսուս կը դատապարտէ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները
(Մր 12.40Ղկ 11.39-42)

– 13Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ երկինքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ. դուք չէք մտներ եւ թոյլ չէք տար նաեւ անոնց՝ որ կ՚ուզեն մտնել։
14Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ այրիներուն տուները իրենց ձեռքէն կը յափշտակէք, միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ ձեր աղօթքը կ՚երկարէք. ասոր համար աւելի խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունիք։
15Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ ծով ու ցամաք կը շրջիք մէկը նորահաւատ ընելու համար, իսկ երբ յաջողիք՝ զայն ձեզմէ կրկնապատիկ աւելի դժոխքի արժանի կ՚ընէք։
16Վա՜յ ձեզի, կո՛յր առաջնորդներ։ Կ՚ըսէք. «Ան որ տաճարին վրայ կ՚երդնու՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ տաճարին ոսկիին վրայ կ՚երդնու՝ պարտաւոր է կատարելու»։ 17Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը կարեւոր է, ոսկի՞ն թէ տաճարը, որ կը սրբագործէ ոսկին։ 18Կամ կ՚ըսէք. «Ան որ զոհարանին վրայ երդում կ՚ընէ՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ կ՚երդնու զոհարանին դրուած զոհին վրայ՝ պարտաւոր է կատարելու»։ 19Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է. զո՞հը թէ զոհարանը, որ կը սրբագործէ զոհը։ 20Հետեւաբար, ով որ կ՚երդնու զոհարանին վրայ, կ՚երդնու թէ՛ զոհարանին եւ թէ՛ հոն եղածներուն վրայ։ 21Ով որ կ՚երդնու տաճարին վրայ, կ՚երդնու թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը բնակի։ 22Նոյնպէս, ով որ կ՚երդնու երկինքին վրայ, կ՚երդնու թէ՛ Աստուծոյ գահին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը նստի։
23Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ անանուխին, սամիթին ու չամանին տասանորդը կու տաք եւ կ՚անտեսէք Օրէնքին կարեւոր պարտաւորութիւնները, այսինքն՝ արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը։ Ասոնք պէտք էր գործադրել, առանց միւսները անտեսելու։ 24Կո՛յր առաջնորդներ, մէկ կողմէ մժղուկը կը քամէք, միւս կողմէ սակայն ուղտը կը կլլէք։
25Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ պնակին եւ գաւաթին արտաքինը կը մաքրէք, մինչ գիտէք թէ ներսիդին եղող ուտելիքն ու խմելիքը ի՜նչ յափշտակութեամբ եւ աղտեղութեամբ ձեռք բերած էք։ 26Կո՛յր Փարիսեցի, նախ գաւաթին եւ պնակին ներսը մաքրէ. այսպիսով դուրսն ալ մաքուր կ՚ըլլայ։
27Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը նմանիք կիրով ճերմկցուած գերեզմաններու, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ կ՚երեւին, բայց ներքնապէս լեցուն են մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակի պղծութեամբ։ 28Նոյնպէս էք դուք. արտաքնապէս մարդոց արդար կ՚երեւիք, բայց ներքնապէս լեցուն էք կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ։
29Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մարգարէներու շիրիմները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք 30ու կ՚ըսէք. «Եթէ մենք մեր հայրերուն ժամանակը ապրած ըլլայինք, մարգարէներու սպանութեան մասնակից պիտի չըլլայինք»։ 31Ահաւասիկ դուք արդէն իսկ կը վկայէք թէ որդիներն էք անոնց, որոնք մարգարէները կոտորեցին։ 32Գացէք ամբողջացուցէ՛ք ձեր հայրերուն կիսատ ձգած գործը։ 33Օձե՛ր, իժերո՛ւ ծնունդներ, ինչպէ՞ս պիտի կարենաք փախուստ տալ դժոխքի դատապարտութենէն։ 34Ահա ես ձեզի մարգարէներ, իմաստուններ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ պիտի ղրկեմ, դուք անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննէք, ոմանք խաչէք, ուրիշներ ժողովարաններու մէջ պիտի գանակոծէք եւ հալածէք քաղաքէ քաղաք։ 35Այսպիսով՝ բոլոր արդարներուն սպանութեան մասնակից եղած պիտի ըլլաք, սկսեալ անմեղ Աբէլի արիւնէն մինչեւ արիւնը Բարաքիայի որդիին՝ Զաքարիայի, որ սպաննեցիք տաճարին եւ զոհարանին մէջտեղ։ 36Հաստատ գիտցէք, թէ այս բոլոր ոճիրներուն պատիժը պիտի կրէք։

Յիսուսի սէրը Երուսաղէմի հանդէպ
(Ղկ 13.34-35)

– 37Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր Աստուծոյ քեզի ղրկած մարդիկը. քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ, բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի բնակիչներ, չուզեցիք։ 38Ահա «աւերակ պիտի ըլլայ ձեր տունը»։ 39Բայց կ՚ըսեմ նաեւ, ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ որ ըսէք. «Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»։