Matthew 13

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Սերմնացանին առակը
(Մր 4.1-9Ղկ 8.4-8)

1Նոյն օրը Յիսուս տունէն ելաւ եւ գնաց նստաւ լիճին եզերքը։ 2Շուրջը ա՛յնքան մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ, որ ինք նաւակ մտաւ եւ հոն նստաւ, իսկ ամբողջ բազմութիւնը լիճին եզերքը կանգնած մնաց։ 3Եւ առակներով շատ բան կը սորվեցնէր անոնց ու կ՚ըսէր.
– 4Սերմանող մը սերմ ցանելու ելաւ։ Սերմանած ատեն հատիկներէն ոմանք ինկան ճամբուն եզերքը եւ թռչունները եկան եւ կերան զանոնք։ 5Ուրիշներ ժայռոտ տեղ ինկան, ուր շատ հող չկար, եւ քանի հողը խորունկ չէր՝ անմիջապէս բուսան. 6բայց երբ արեւը ելաւ՝ այրեցան, եւ որովհետեւ արմատ չունէին՝ չորցան։ 7Ոմանք ինկան փուշերու մէջ, եւ փուշերը ելան եւ խեղդեցին զանոնք։ 8Իսկ ուրիշներ ալ ինկան լաւ հողի մէջ եւ պտուղ տուին, ոմանք մէկի տեղ հարիւր, ուրիշներ՝ վաթսուն եւ կամ երեսուն։ 9Ականջ ունեցողը թող լսէ։

Առակներուն նպատակը
(Մր 4.10-12Ղկ 8.9-10)

10Յետոյ աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ հարցուցին.
– Ինչո՞ւ առակներով կը խօսիս անոնց։
11Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Դուք պէտք է գիտնաք Աստուծոյ արքայութեան գաղտնիքները, բայց ոչ՝ անոնք։ 12Որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի նոյնիսկ աւելիով, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն իսկ։ 13Այս պատճառով առակներով կը խօսիմ անոնց, որովհետեւ կը նային՝ բայց չեն տեսներ, մտիկ կ՚ընեն՝ բայց չեն լսեր ու չեն հասկնար։ 14Այսպէս կ՚իրականանայ անոնց նկատմամբ Եսայիի մարգարէութիւնը, որ կ՚ըսէ.–
«Անդադար պիտի լսեն, բայց պիտի չհասկնան.
շարունակ պիտի նային, բայց պիտի չտեսնեն,
15որովհետեւ այս ժողովուրդին միտքը թանձրացած է.
իրենց ականջները խցած են,
եւ իրենց աչքերը փակած,
որպէսզի չըլլայ որ իրենց աչքերը տեսնեն
ու ականջները լսեն
եւ միտքերը հասկնան ու դարձի գան,
եւ ես զանոնք բժշկեմ»։
16Բայց երանի՜ ձեր աչքերուն, որովհետեւ կը տեսնեն եւ երանի՜ ձեր ականջներուն, որովհետեւ կը լսեն։ 17Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ արդարներ փափաքեցան ձեր տեսածները տեսնել՝ բայց չտեսան, եւ ձեր լսածները լսել՝ բայց չլսեցին։

Յիսուս կը մեկնէ սերմնացանին առակը
(Մր 4.13-20Ղկ 8.11-15)

– 18Դուք, ուրեմն, լսեցէք թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէ սերմնացանին առակը19Ճամբուն եզերքը գտնուող հողը, ուր կ՚իյնայ սերմը, կը նմանի այն մարդուն՝ որ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութիւնը կը լսէ եւ սակայն չի հասկնար. չարը կու գայ եւ կը յափշտակէ անոր սիրտին մէջ ցանուածը։ 20Ժայռոտ հողը կը նմանի այն մարդուն, որ հազիւ Աստուծոյ խօսքը լսած՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունի զայն։ 21Սակայն սերմը արմատ չունի իր մէջ, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատայ, եւ երբ նեղութեան եւ Աստուծոյ խօսքին համար հալածանքի ենթարկուի՝ անմիջապէս իր հաւատքը կը կորսնցնէ։ 22Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդուն, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսէ, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը եւ հարստութեան հրապոյրը կը խեղդեն Աստուծոյ խօսքը, որ անպտուղ կը դառնայ իր մէջ։ 23Իսկ լաւ հողը կը նմանի այն մարդուն, որ կը լսէ Աստուծոյ խօսքը եւ կը հասկնայ ու պտուղ կու տայ, մէկի փոխարէն հարիւր, ուրիշ մը՝ վաթսուն եւ ուրիշ մը՝ երեսուն։

Որոմին առակը

24Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.
– 25Մարդ մը լաւ սերմեր ցանեց իր արտին մէջ։ Գիշեր մը, երբ ամէն մարդ քնացած էր, անոր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց։ 26Երբ սերմերը աճեցան եւ սկսան հասկ կազմել, այն ատեն որոմն լ երեւցաւ։ 27Տանտիրոջ ծառաները եկան եւ ըսին անոր. «Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը»։
28Անիկա պատասխանեց. «Ասիկա թշնամի մարդու գործ է»։ Ծառաները ըսին. «Կ՚ուզե՞ս որ երթանք եւ որոմը քաղենք»։ 29«Ո՛չ»,– պատասխանեց տէրը,– «Որպէսզի չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեն ցորենն ալ միասին արմատախիլ ընէք։ ԽՔ Շ 30Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակ. այն ատեն հնձուորներուն կ՚ըսեմ. Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ»։
Ահաւասիկ ճիշդ ասոր կը նմանի երկինքի արքայութիւնը։

Մանանեխի հատիկին օրինակը
(Մր 4.30-32Ղկ 13.18-19)

31Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.
– Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի մանանեխի հատիկին, որ մարդ մը առնելով կը ցանէ իր արտին մէջ։ 32Անիկա սերմերէն ամենէն փոքրն է, բայց երբ աճի՝ բոլոր տունկերէն աւելի մեծ կ՚ըլլայ եւ ծառ կը դառնայ, այնպէս որ երկինքի թռչունները կու գան եւ բոյն կը դնեն անոր ճիւղերուն մէջ։

Թթխմորին օրինակը
(Մր 4.33-34Ղկ 13.20-21)

33Յիսուս ուրիշ օրինակ մըն ալ տուաւ անոնց եւ ըսաւ.
– Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն թթխմորին, որ կին մը առնելով՝ պարկ մը ալիւրի հետ խառնեց, մինչեւ որ ամբողջ խմորը թթուեցաւ։
34Յիսուս ժողովուրդին առակներով խօսելով, այս բոլորը անոնց կը սորվեցնէր։ Առանց առակի ոչինչ կը խօսէր, 35որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը կ՚ըսէ մարգարէին բերնով. «Առակներով պիտի խօսիմ անոնց եւ պիտի յայտնեմ ինչ որ ծածուկ մնացած էր աշխարհի սկիզբէն ի վեր»։

Որոմին առակին մեկնութիւնը
36Ապա Յիսուս ձգեց ժողովուրդը եւ տուն եկաւ։ Իր աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին.
– Բացատրէ՛ մեզի արտին մէջ ցանուած որոմներուն առակը։
37Յիսուս պատասխանեց.
– Լաւ սերմեր ցանողը Մարդու Որդին է, 38եւ արտը աշխարհն է։ Լաւ սերմերը այն մարդիկն են, որոնք արքայութեան հետեւորդներն են, իսկ որոմը՝ անոնք որոնք չարին հետեւորդներն են։ 39Թշնամին որ ցանեց որոմը՝ Սատանան է, հունձքը աշխարհի վախճանն է եւ հնձուորները հրեշտակներն են։ 40Արդ, ինչպէս որ որոմը կը հաւաքեն եւ կրակին մէջ կ՚այրեն, այդպէս ալ պիտի պատահի աշխարհի վախճանին։ 41Այսինքն, Մարդու Որդին իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որոնք իր արքայութենէն պիտի հաւաքեն բոլոր անոնք որ գայթակղութեան պատճառ կ՚ըլլան եւ չարիք կը գործեն, 42ու զանոնք պիտի նետեն բոցավառ հնոցին մէջ, ուր պիտի լան եւ կրճտեն իրենց ակռաները։ 43Այն ատեն արդարները արեւու պէս պիտի փայլին երկինքի արքայութեան մէջ։ Ականջ ունեցողը թող լսէ։

Պահուած գանձին օրինակը

44Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի արտի մը մէջ պահուած գանձի։ Երբ մէկը զայն գտնէ՝ կրկին կը ծածկէ հողին մէջ եւ ուրախութենէն կ՚երթայ, իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ ու կը գնէ այդ արտը։

Մարգարիտին օրինակը

45Նմանապէս, երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն վաճառականին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ։ 46Երբ շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնէ՝ կ՚երթայ, իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ եւ կը գնէ այդ մարգարիտը։

Ուռկանին օրինակը

– 47Դարձեալ, երկինքի արքայութիւնը կը նմանի ծովը նետուած ուռկանի մը, ուր ամէն տեսակ ձուկ կը բռնուի։ 48Երբ լեցուի, ձկնորսները ցամաք կը քաշեն եւ նստելով ձուկերը կը զատեն. լաւերը կը հաւաքեն ամաններու մէջ, իսկ անպէտները կը թափեն։ 49Ահա, նոյնպէս պիտի պատահի աշխարհի վախճանին։ Հրեշտակները պիտի ելլեն եւ չարերը զատեն արդարներուն մէջէն 50եւ նետեն բոցավառ հնոցին մէջ, ուր անոնք պիտի լան եւ կրճտեն իրենց ակռաները։
51Ապա Յիսուս հարցուց իր աշակերտներուն.
– Հասկցա՞ք բոլոր ըսածներս։
– Այո՛, Տէ՛ր,– ըսին անոնք։
52Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Այսպէս, ահա, ոեւէ Օրէնքի ուսուցիչ որ երկինքի արքայութեան աշակերտ կը դառնայ՝ կը նմանի տանտիրոջ մը, որ իր գանձէն դուրս կը բերէ նորն ու հինը։

Յիսուս կը մերժուի Նազարէթի մէջ
(Մր 6.1-6Ղկ 4.16-24)

53Երբ Յիսուս վերջացուց այս առակները, մեկնեցաւ հոնկէ 54եւ եկաւ իր հայրենի գաւառը, ուր ժողովարանին մէջ սկսաւ սորվեցնել անոնց։ Լսողները կը զարմանային ու կ՚ըսէին.
– Ուրկէ՞ ձեռք ձգած է այսքան իմաստութիւն եւ հրաշագործ զօրութիւն։
55Ասիկա ատաղձագործին որդին չէ՞. իր մայրը Մարիամը չէ՞ եւ եղբայրները՝ Յակոբոսը, Յոսէսը, Սիմոնը եւ Յուդան։ 56Իր քոյրերը բոլորն ալ մեր մօտ չե՞ն բնակիր։ Այս ամէնը ուրկէ՞ իրեն։
57Եւ այս պատճառով կը դժուարանային հաւատալ իրեն։
Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Մարգարէն իր հայրենի գաւառին եւ ընտանիքին մէջ յարգ չունի։
58Եւ անոնց անհաւատութեան պատճառով հոն շատ հրաշքներ չկատարեց։