Matthew 21

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ
(Մր 11.1-11Ղկ 19.29-40Յհ 12.12-19)

1Երբ Երուսաղէմի մօտեցան եւ հասան Բեթփագէ, Ձիթենեաց լերան կողին, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց՝ 2անոնց պատուիրելով.
– Գացէք սա դիմացի գիւղը եւ անմիջապէս հոն կապուած էշ մը պիտի գտնէք իր աւանակին հետ. քակեցէք եւ ինծի բերէք։ 3Եւ եթէ մէկը առարկէ, ըսէք. «Տէրը պէտք ունի», եւ անմիջապէս թոյլ պիտի տայ ձեզի։
4Ասիկա պատահեցաւ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը ըսած էր մարգարէին բերնով.–
5«Երուսաղէմի ըսէք.–
Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ.
անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ»։
6Աշակերտները գացին եւ կատարեցին ինչ որ Յիսուս պատուիրեց իրենց։ 7Բերին էշն ու աւանակը եւ իրենց վերարկուները անոնց վրայ դրին։ Ապա Յիսուս նստաւ աւանակին վրայ։ 8Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ։ 9Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ՚երթար կամ կը հետեւէր իրեն, կ՚աղաղակէր.–
«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,
օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։
Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին»։
10Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ։
– Ո՞վ է ասիկա,– կը հարցնէին քաղաքի բնակիչները։
11Եւ ամբոխը կը պատասխանէր.
– Ասիկա Յիսուս մարգարէն է, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն։

Յիսուս տաճար կը մտնէ
(Մր 11.15-19Ղկ 19.45-48Յհ 2.13-17)

12Ապա Յիսուս տաճար մտաւ եւ դուրս վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարի շրջափակին մէջ առուծախ կ՚ընէին. լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց 13եւ ըսաւ անոնց.
– Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի», մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք։
14Տաճարին մէջ Յիսուսի մօտեցան կոյրեր ու կաղեր, եւ անիկա բժշկեց զանոնք։ 15Երբ աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները տեսան Յիսուսի կատարած հրաշքները եւ լսեցին աղաղակը մանուկներուն, որոնք տաճարին մէջ կը գոչէին. «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին», բարկացան 16եւ Յիսուսի ըսին.
– Կը լսե՞ս ինչ կ՚ըսեն ատոնք։
Յիսուս պատասխանեց.
– Այո՛, չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքին սա խօսքը, թէ «Մանուկներու եւ կաթնկեր երեխաներու բերնով գովեստ հիւսեցիր»։
17Ապա Յիսուս զանոնք ձգելով քաղաքէն դուրս ելաւ՝ դէպի Բեթանիա, եւ հոն գիշերեց։

Յիսուս կ՚անիծէ թզենին
(Մր 11.12-14,20-24)

18Յաջորդ առաւօտ, երբ Յիսուս քաղաք կը վերադառնար, անօթեցաւ։ 19Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով՝ մօտեցաւ անոր, բայց տերեւէ զատ ոչինչ գտաւ։ Ուստի ըսաւ.
– Ասկէ ետք յաւիտեան պտուղ չունենաս։
Եւ վայրկեանին թզենին չորցաւ։ 20Աշակերտները երբ տեսան ասիկա՝ զարմացան եւ հարցուցին.
– Ինչպէ՞ս թզենին վայրկեանին չորցաւ։
21Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Վստահ եղէք, որ եթէ հաւատք ունենաք եւ չկասկածիք, ո՛չ միայն պիտի կարենաք կատարել թզենիին պատահածը, այլ նոյնիսկ եթէ այս լերան ըսէք՝ «Ել եւ ծով ինկիր», պիտի կատարուի։ 22Եւ աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք։

Յիսուսի իշխանութեան հարցը
(Մր 11.27-33Ղկ 20.1-8Յհ 2.18-22)

23Ապա Յիսուս տաճար եկաւ։ Մինչ կ՚ուսուցանէր, իրեն մօտեցան աւագ քահանաները եւ ժողովուրդի երէցները, ու հարցուցին.
– Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները։ Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ։
24Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Լա՛ւ, ես ալ ձեզի հարցում մը ունիմ. եթէ պատասխանէք ինծի, ես ալ ձեզի կ՚ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ ասոնք։ 25Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը ուրկէ՞ էր. Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն, թէ մարդոցմէ։
Անոնք սկսան իրարու միջեւ խորհիլ եւ ըսել.– 26«Եթէ ըսենք՝ Աստուծմէ տրուած էր, մեզի պիտի ըսէ թէ ինչո՛ւ չհաւատացիք իրեն. իսկ Մարդոցմէ էր չենք կրնար ըսել՝ ժողովուրդէն վախնալով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ Յովհաննէս ճշմարտապէս մարգարէ է»։ 27Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի.
– Չենք գիտեր։
Յիսուս ալ անոնց ըսաւ.
– Այն ատեն ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այս բաները։

Երկու որդիներուն առակը

– 28Արդ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ Մարդ մը երկու զաւակներ ունէր։ Առաջին զաւակին գնաց ու ըսաւ. «Տղա՛ս, այսօր այգի գնա աշխատելու»։ 29Անիկա պատասխանեց, ըսելով. «Կ՚երթամ, հայրիկ». բայց չգնաց։ 30Ապա հայրը միւս զաւակին գնաց եւ նոյնը ըսաւ։ Երկրորդ զաւակը պատասխանեց. «Չեմ երթար». բայց յետոյ զղջաց ու գնաց։ 31Արդ, այս երկուքէն ո՞ր մէկը իր հօրը կամքը կատարած եղաւ։
– Երկրորդը,– պատասխանեցին։ Եւ Յիսուս ըսաւ.
– Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները պիտի կանխեն ձեզ եւ ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ արքայութիւնը։ 32Որովհետեւ Յովհաննէս եկաւ եւ ձեզի արդար կեանքի մը ճամբան ցոյց տուաւ, բայց դուք չհաւատացիք անոր, մինչ մաքսաւորներն ու պոռնիկները հաւատացին։ Նոյնիսկ ասիկա տեսնելէ ետք չզղջացիք ու չհաւատացիք իրեն։

Չար մշակներուն առակը
(Մր 12.1-12Ղկ 20.9-19)

– 33Այս առակն ալ լսեցէք։ Կալուածատէր մարդ մը կար, որ այգի մը տնկեց, չորս կողմէն ցանկապատեց, հնձանի համար փոսը փորեց, աշտարակ մըն ալ շինեց եւ զայն վարձու տուաւ մշակներու, իսկ ինք ուրիշ երկիր մեկնեցաւ։ 34Երբ այգեկութքի ժամանակը եկաւ, իր ծառաները ղրկեց մշակներուն մօտ՝ բերքէն իր բաժինը առնելու համար։ 35Մշակները ծառաները բռնեցին, մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մըն ալ քարկոծեցին։ 36Այգիին տէրը դարձեալ ծառաներ ղրկեց, նախկինէն շատ աւելի թիւով, բայց ասոնց ալ նոյնը ըրին։ 37Ամենէն վերջը իր որդին ղրկեց անոնց՝ մտածելով. «Թերեւս իմ որդիէս պատկառին»։ 38Բայց մշակները երբ տեսան որդին՝ իրենք իրենց ըսին. «Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք սպաննենք զայն, որպէս զի անոր ժառանգութեան տիրանանք»։ 39Ուստի այգիէն դուրս հանեցին զայն եւ սպաննեցին։
40Եւ Յիսուս հարցուց.
– Արդ, երբ այգիին տէրը գայ, ի՞նչ պիտի ընէ այդ մշակներուն։
41Անոնք պատասխանեցին.
– Վստահաբար այդ չար մարդիկը չարաչար պիտի սպաննէ եւ այգին վարձու տայ ուրիշ մշակներու, որոնք բերքի իր բաժինը ժամանակին պիտի տան իրեն։
42Ապա Յիսուս ըսաւ.
– Սուրբ գիրքերուն մէջ չէ՞ք կարդացած.–
«Այն քարը որ շինողները մերժեցին գործածել,
ինք անկիւնաքարը եղաւ։
Ասիկա Տէրը կատարեց,
ու մեր աչքերուն սքանչելի է»։
44Ով որ այդ քարին զարնուի՝ պիտի խորտակուի, եւ որուն վրայ որ անիկա իյնայ՝ պիտի ճզմէ զայն։ 43Ասոր համար կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի եւ տրուի ժողովուրդի մը, որ պտղաբեր կը դարձընէ զայն։
45Երբ աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչները եւ Փարիսեցիները լսեցին այս առակները, հասկցան որ իրենց համար ըսաւ։ 46Կ՚ուզէին ձերբակալել Յիսուսը, բայց վախցան ժողովուրդէն, որ զայն իբրեւ մարգարէ կ՚ընդունէր։