Matthew 16

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Հրաշքի մը խնդրանքը
(Մտ 10.38-39Մր 8.11-13Ղկ 11.29-30Ղկ 12.54-56)

1Փարիսեցիներ ու Սադուկեցիներ մօտեցան Յիսուսի եւ զինք փորձելու համար՝ իրմէ նշան մը կ՚ուզէին, Աստուծմէ վկայուած ըլլալը հաստատելու համար։ 2Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Արեւնամուտին, երբ տեսնէք որ հորիզոնը կարմրած է, կ՚ըսէք. «Վաղը օդը լաւ պիտի ըլլայ»։ 3Իսկ առաւօտուն երբ երկինքը կարմրի եւ մթագնի, կ՚ըսէք. «Այսօր փոթորկոտ պիտի ըլլայ»։ Երկինքը դիտելով երբ կրնաք նախատեսել գալիք օդը, չէ՞ք կրնար ներկայ ժամանակներու նշանները տեսնելով հասկնալ անոնց իմաստը։ 4Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար այս սերունդը նշան կը խնդրէ, բայց Յովնան մարգարէին պատահած հրաշքէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր։
Եւ ձգեց զանոնք ու գնաց։

Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու խմորը
(Մր 8.14-21Ղկ 12.1)

5Աշակերտներն ալ լիճին դիմացի կողմը անցան, բայց մոռցան հաց առնել։ 6Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Տեսէք, զգուշացէ՛ք Սադուկեցիներու եւ Փարիսեցիներու խմորէն։
7Աշակերտները իրենք իրենց կը խորհէին ու կ՚ըսէին. «Այսպէս կ՚ըսէ, որովհետեւ հաց չառինք»։ 8Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.
– Թերահաւատնե՛ր, ինչո՞ւ դուք ձեզի կը խորհիք թէ հաց չունիք։ 9Տակաւին չէ՞ք հասկնար։ Չէ՞ք յիշեր, ինչպէս հինգ հացով հինգ հազար հոգի կերակրուեցան, եւ կտորները քանի՞ սակառ լեցուցիք։ 10Կամ երբ եօթը հացով չորս հազար հոգի կերակրուեցան, քանի՞ զամբիւղ լեցուցիք։ 11Արդ, ինչպէ՞ս չէք հասկնար, թէ հացի համար չէր որ ըսի ձեզի՝ զգուշացէք Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու խմորէն։
12Այն ատեն աշակերտները հասկցան, թէ հացի խմորի մասին չէր խօսեր, այլ կը զգուշացնէր Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու ուսուցումներէն։

Պետրոսի յայտարարութիւնը Յիսուսի մասին
(Մր 8.27-30Ղկ 9.18-21)

13Երբ Յիսուս Փիլիպպոսի կառուցած Կեսարիայի կողմերը եկաւ, իր աշակերտներուն հարցուց.
– Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես։
14Անոնք պատասխանեցին.
– Ոմանք քեզ Յովհաննէս Մկրտիչը կը կարծեն, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը։
15Յիսուս հարցուց անոնց.
– Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս։
16Սիմոն Պետրոս պատասխանեց.
– Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին։
17Յիսուս ըսաւ անոր.
– Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի, որովհետեւ ատիկա քեզի յայտնողը մարդ մը չէր, այլ իմ Հայրս, որ երկինքի մէջ է։ 18Քեզի կ՚ըսեմ՝ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել։ 19Քեզի պիտի տամ երկինքի արքայութեան բանալիները, եւ ինչ որ կապես երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։
20Ապա Յիսուս խստիւ պատուիրեց իր աշակերտներուն, որ ոեւէ մէկուն չըսեն թէ ինքն է Քրիստոսը։

Յիսուս կը խօսի իր չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան մասին
(Մր 8.31-33Ղկ 9.22)

21Այս դէպքէն ետք, Յիսուս սկսաւ յայտնել իր աշակերտներուն, թէ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ, ուր շատ պիտի չարչարուի աւագ քահանաներէն, Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ երէցներէն, թէ պէտք է որ սպաննուի, եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ։
22Ասոր վրայ Պետրոս զինք մէկ կողմ տարաւ եւ սկսաւ հակառակելով վիճիլ.
– Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, այդպիսի բան թող չպատահի քեզի։
23Յիսուս Պետրոսի դառնալով ըսաւ.
– Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ, դուն արգելք ես ինծի, որովհետեւ Աստուծոյ ծրագիրը չէ որ կը խորհիս, այլ մարդոց մտահոգութիւնը կ՚արտայայտես։

Յիսուսի հետեւելու պայմանները
(Մր 8.34—9.1Ղկ 9.23-27)

24Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ 25Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն։ 26Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար։ 27Արդարեւ, Մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօր փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ, եւ այն ատեն իւրաքանչիւրին իր գործերուն համաձայն հատուցում պիտի կատարէ։ 28Վստահ եղէք, որ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին՝ մինչեւ տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ իր թագաւորութեամբ։