Matthew 9

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Յիսուս անդամալոյծ մը կը բժշկէ
(Մր 2.1-12Ղկ 5.17-26)

1Յիսուս նաւակ մտաւ եւ լիճին միւս կողմը անցնելով եկաւ իր քաղաքը։ 2Եւ ահա մարդիկ իրեն բերին անդամալոյծ մը, մահիճին մէջ պառկած։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.
– Քաջալերուէ՛, ո՛րդեակ, մեղքերդ ներուած են քեզի։
3Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք իրենց մտքէն ըսին.
– Այս մարդուն ըրածը հայհոյութիւն է։
4Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.
– Ինչո՞ւ դուք ձեզի չար բաներ կը մտածէք։ 5Ո՞ր մէկը աւելի դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել եւ քալէ՛» ըսելը։ 6Բայց պէտք է գիտնաք թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու։
Ապա անդամալոյծին դառնալով ըսաւ.
– Ե՛լ, մահիճդ ա՛ռ եւ տունդ գնա։
7Անդամալոյծը ոտքի ելաւ եւ տուն գնաց։ 8Ժողովուրդը երբ ասիկա տեսաւ՝ զարմացաւ ու կը փառաւորէր զԱստուած, որ մարդոց այսպիսի կարողութիւն կու տայ։

Յիսուս կը կանչէ Մատթէոսը
(Մր 2.13-17Ղկ 5.27-32)

9Յիսուս այդտեղէն քիչ մը առաջ երթալով՝ տեսաւ մաքսաւոր մը, Մատթէոս անունով, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր.
– Հետեւէ՛ ինծի։
Մատթէոս ոտքի ելաւ եւ հետեւեցաւ Յիսուսի։ 10Եւ մինչ անոր տան մէջ սեղան բազմած էր, շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ ալ եկան եւ նստան Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն հետ։ 11Երբ Փարիսեցիները տեսան ասիկա, ըսին Յիսուսի աշակերտներուն.
– Ինչո՞ւ ձեր Վարդապետը մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ՚ուտէ։
12Յիսուս երբ լսեց ասիկա, ըսաւ անոնց.
– Առողջները չեն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ՝ հիւանդները։ 13Գացէք եւ սորվեցէք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ»։ Որովհետեւ չեկայ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները։

Ծոմապահութեան հարցը
(Մր 2.18-22Ղկ 5.33-39)

14Առիթով մը Յովհաննէսի աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին.
– Ինչո՞ւ մենք եւ Փարիսեցիները յաճախ ծոմ կը պահենք, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր։
15Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Կարելի՞ է հարսանիքի հրաւիրեալներուն ըսել որ սուգ պահեն, երբ տակաւին փեսան իրենց հետ է։ Ժամանակ պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ, եւ այն ատեն իրենք ալ ծոմ պիտի պահեն։
16Ոչ ոք չլուացուած նոր կտոր մը կը գործածէ հին հագուստի մը համար կարկտան ընելու։ Որովհետեւ նոր կտորը քաշուելով՝ հագուստը կը պատռտէ, եւ աւելի մեծ կ՚ըլլայ պատռուածքը։ 17Նմանապէս, ոչ ոք նոր գինին հին տիկերու մէջ կը լեցնէ, այլապէս տիկերը կը պայթին, գինին կը թափի, եւ տիկերը կը փճանան։ Ընդհակառակը, նոր գինին նոր տիկերու մէջ կը դնեն եւ երկուքն ալ կը պահուին։

Իշխանաւորին աղջիկը եւ հիւանդ կինը
(Մր 5.21-43Ղկ 8.40-56)

18Մինչ Յիսուս անոնց այս ուսուցումները կ՚ընէր, Հրեայ իշխանաւոր մը մօտեցաւ եւ ծունկի գալով՝ ըսաւ անոր.
– Աղջիկս նոր մեռաւ, բայց եկուր եւ ձեռքդ անոր վրայ դիր ու անիկա պիտի ողջննայ։
19Յիսուս ելաւ եւ իր աշակերտներուն հետ գնաց անոր ետեւէն։
20Եւ ահա կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր, Յիսուսի ետեւէն մօտեցաւ եւ դպաւ անոր հագուստի քղանցքին։
21Անիկա ինքնիրեն կը խորհէր ու կ՚ըսէր. «Միայն դպնամ անոր հագուստին եւ պիտի բժշկուիմ»։
22Յիսուս ետեւ դարձաւ եւ կինը տեսնելով ըսաւ.
– Աղջի՛կս, քաջալերուէ՛, հաւատքդ քեզ բժշկեց։
Նոյն վայրկեանին կինը բժշկուեցաւ։
23Երբ Յիսուս իշխանաւորին տունը եկաւ եւ տեսաւ փողահարները եւ խռոված ամբոխը, 24ըսաւ անոնց.
– Մէկդի՛ կեցէք, որովհետեւ աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ։
Բոլորն ալ սկսան ծաղրել զինք։ 25Երբ բազմութիւնը դուրս ելաւ, Յիսուս մտաւ աղջկան սենեակը, բռնեց անոր ձեռքէն, եւ աղջիկը ոտքի ելաւ։
26Այս լուրը ամբողջ շրջանին մէջ տարածուեցաւ։

Երկու կոյրերուն բժշկութիւնը

27Եւ մինչ Յիսուս այդտեղէն կը մեկնէր, երկու կոյրեր սկսան իր ետեւէն երթալ, աղաղակելով.
– Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՛ մեզի։
28Երբ Յիսուս տուն մտաւ, կոյրերը մօտեցան իրեն. եւ Յիսուս հարցուց անոնց.
– Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ բժշկել ձեզ։
Անոնք ըսին.
– Այո՛, Տէ՛ր։
29Այն ատեն Յիսուս դպաւ անոնց աչքերուն եւ ըսաւ.
– Ինչպէս որ կը հաւատաք՝ թող այդպէս ըլլայ ձեզի։
30Եւ անոնց աչքերը բացուեցան։ Յիսուս խստիւ պատուիրեց անոնց, ըսելով.
– Զգոյշ եղէք, որ մարդ չիմանայ։
31Իսկ անոնք ելան եւ Յիսուսի համբաւը տարածեցին ամբողջ շրջանին մէջ։

Համր մարդուն բժշկութիւնը
(Ղկ 11.14-15)

32Կոյրերուն մեկնելէն ետք, Յիսուսի բերին համր դիւահար մը։ 33Յիսուս չար ոգին դուրս հանելուն պէս՝ համրը սկսաւ խօսիլ։ Բոլորն ալ հիացան եւ ըսին.
– Այսպիսի բան տակաւին չէինք տեսած Իսրայէլի մէջ։
34Իսկ Փարիսեցիները կ՚ըսէին.
– Դեւերու իշխանին միջոցաւ է որ կը հանէ չար ոգիները։

Յիսուս Գալիլեայի մէջ կը քարոզէ
(Մր 6.34Ղկ 10.2)

35Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, կ՚ուսուցանէր ժողովարաններուն մէջ, Աստուծոյ արքայութեան աւետիսը կու տար եւ կը բժշկէր ժողովուրդին բոլոր ախտերն ու հիւանդութիւնները։ 36Եւ տեսնելով ժողովուրդի բազմութիւնը, գթաց անոնց, որովհետեւ յոգնած էին եւ ցրուած՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։ 37Այն ատեն իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ։ 38Հետեւաբար խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն, որ իր հունձքին համար մշակներ ղրկէ։