Matthew 20

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Այգիի մշակներուն վարձքը

1Արդարեւ, երկինքի արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.–
Կալուածատէր մարդ մը կար, որ առաւօտ կանուխ գնաց մշակներ վարձելու՝ որպէսզի իր այգիին մէջ աշխատին։ 2Եւ մշակներուն հետ օրական մէկ արծաթ դահեկանի համաձայնելէ ետք, զանոնք ղրկեց իր այգին։ 3Ժամը իննի ատենները դարձեալ գնաց եւ հրապարակին վրայ ուրիշներ ալ տեսաւ, որոնք անգործ կեցած էին։ 4Ասոնց ալ ըսաւ. «Դուք ալ այգիս գացէք եւ ինչ որ է ձեր իրաւունքը պիտի տամ ձեզի»։ 5Անոնք ալ գացին։ Յետոյ կէսօրուան դէմ եւ կէսօրէ ետք ժամը երեքի ատենները կրկին գնաց եւ նոյնը ըրաւ։ 6Ժամը հինգի ատենները երբ հրապարակ գնաց, դարձեալ պարապ կեցած մշակներ տեսաւ։ Ասոնց հարցուց. «Ինչո՞ւ ամբողջ օրը պարապ կեցեր էք հոս»։ 7«Որովհետեւ մէկը չվարձեց մեզ»,– պատասխանեցին անոնք։ Անոնց ըսաւ. «Դուք ալ այգի գացէք եւ ինչ որ է ձեր իրաւունքը՝ պիտի ստանաք»։
8Երբ իրիկուն եղաւ, այգիին տէրը գործավարին ըսաւ. «Կանչէ մշակները եւ իրենց օրականը տուր, վերջին եկողներէն սկսելով մինչեւ առաջինները»։ 9Անոնք որոնք ժամը հինգի ատենները վարձուած էին, մէկական արծաթ դահեկան ստացան։ 10Առաւօտեան վարձուածներուն կարգը որ եկաւ, կը կարծէին թէ աւելի պիտի ստանան, բայց անոնք ալ մէկական արծաթ դահեկան ստացան։ 11Երբ օրականը առին, սկսան տիրոջ դէմ տրտնջալ, 12ըսելով. «Վերջին եկողները միայն մէկ ժամ աշխատեցան, մինչ մենք ամբողջ օրը արեւուն տակ աշխատեցանք. հակառակ ասոր, դուն մեզ անոնց հաւասար նկատեցիր»։ 13Կալուածատէրը անոնցմէ մէկուն պատասխանեց, ըսելով. «Բարեկա՛մ, ես քեզ չզրկեցի, դուն մէկ արծաթ դահեկանով չհամաձայնեցա՞ր ինծի հետ. 14ա՛ռ օրականդ ու գնա՛։ Ես վերջին եկողներուն ալ քու առածիդ չափ կ՚ուզեմ տալ. 15ես իրաւունք չունի՞մ դրամս ուզածիս պէս գործածելու. կամ կը նախանձի՞ս որ ես այսպէս առատաձեռն եմ»։
16Եւ Յիսուս եզրակացուց.
– Այսպէս ալ, անոնք որոնք հիմա վերջին են՝ առաջին պիտի ըլլան, եւ առաջին եղողները՝ վերջին։ Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ։

Յիսուս երրորդ անգամ կը խօսի իր մահուան եւ յարութեան մասին
(Մր 10.32-34Ղկ 18.31-34)

17Եւ մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կ՚երթար, մէկ կողմ առաւ տասներկու աշակերտները եւ ճամբու ընթացքին ըսաւ անոնց.
– 18Ահա Երուսաղէմ կ՚երթանք, ուր Մարդու Որդին պիտի մատնուի աւագ քահանաներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ձեռքը, որոնք զինք մահուան պիտի դատապարտեն 19եւ ապա յանձնեն հեթանոսներուն, որոնք պիտի ծաղրեն զինք, ծեծեն եւ խաչը հանեն. բայց երրորդ օրը անիկա յարութիւն պիտի առնէ։

Զեբեդէոսի որդիներուն մօր խնդրանքը
(Մր 10.35-45Ղկ 22.25-27)

20Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը իր զաւակներուն հետ մօտեցաւ Յիսուսի եւ ծունկի գալով անկէ բան մը կը խնդրէր։
– 21Ի՞նչ կ՚ուզես,– հարցուց Յիսուս։
Անիկա պատասխանեց.
– Խոստացիր, որ իմ այս երկու զաւակներս քու արքայութեանդ մէջ մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ պիտի նստին։
22Յիսուս պատասխանեց.
– Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ուզէք։ Կրնա՞ք խմել տառապանքի այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ, կամ կրնա՞ք յանձն առնել այն մկրտութիւնը, որով ես պիտի մկրտուիմ։
– Կրնանք,– պատասխանեցին անոնք։
23Յիսուս ըսաւ անոնց.
–Արդարեւ դուք պիտի խմէք այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ եւ մկրտուիք այն մկրտութեամբ, որով ես պիտի մկրտուիմ, բայց իմ աջ եւ ձախ կողմս նստեցնելու իրաւունքը իմս չէ, այլ այդ տեղերը Հայրս պիտի տայ անոնց՝ որոնց համար պատրաստած է։
24Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին ասիկա, բարկացան երկու եղբայրներուն վրայ։ 25Յիսուս բոլորն ալ իր մօտ կանչեց եւ ըսաւ.
– Գիտէք որ ազգերու իշխանները կը տիրեն իրենց հպատակներուն վրայ եւ ղեկավարները կ՚իշխեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ։ 26Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր սպասաւորը ըլլայ, 27եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է ձեր ծառան ըլլայ, 28որովհետեւ Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու։

Երկու կոյրերուն բժշկութիւնը
(Մր 10.46-52Ղկ 18.35-43)

29Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Երիքովէն դուրս կ՚ելլէին, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն։ 30Ճամբու եզերքին նստած երկու կոյրեր, երբ լսեցին որ Յիսուս կ՚անցնի, սկսան աղաղակել.
– Ողորմէ՛ մեզի, Յիսո՜ւս, Դաւիթի՛ Որդի։
– 31Ժողովուրդը սաստեց զանոնք որ լռեն, բայց անոնք աւելի բարձր ձայնով շարունակեցին աղաղակել.
– Ողորմէ՛ մեզի, Տէ՜ր, Դաւիթի՛ Որդի։
32Յիսուս կանգ առաւ, իր մօտ կանչեց կոյրերը եւ հարցուց.
– Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ ձեզի։
33Անոնք պատասխանեցին.
– Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին։
34Յիսուս գթաց եւ անոնց աչքերուն դպաւ։ Կոյրերը անմիջապէս սկսան տեսնել եւ հետեւեցան Յիսուսի։