Matthew 17

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Յիսուսի այլակերպութիւնը
(Մր 9.2-13Ղկ 9.28-36)

1Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ 2Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան։ 3Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ։ 4Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.
– Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ՚ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ՚ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար։
5Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՚ըսէր.
– Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք։
6Երբ աշակերտները լսեցին ասիկա, սարսափահար՝ երեսի վրայ գետին ինկան։ 7Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ.
– Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք։
8Աշակերտները իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան։
9Եւ մինչ լեռնէն վար կ՚իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց, ըսելով.
– Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք։
10Այն ատեն աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.
– Հապա ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ՚ըսեն թէ նախ Եղիան պէտք է գայ։
11Յիսուս պատասխանեց.
– Ճիշդ է, Եղիան նախ գալով՝ պիտի պատրաստէ ամէն ինչ. 12բայց գիտցէք որ Եղիան արդէն իսկ եկած է, սակայն մարդիկ զայն չճանչցան եւ անոր հետ վարուեցան ինչպէս որ ուզեցին։ Նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնց կողմէ։
13Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կը խօսէր ան։

Յիսուս կը բժշկէ չար ոգի ունեցող տղան
(Մր 9.14-29Ղկ 9.37-43)

14Երբ ժողովուրդին քով եկան, մարդ մը մօտեցաւ, ծունկի եկաւ Յիսուսի առջեւ 15եւ ըսաւ.
– Տէ՜ր, ողորմէ՛ զաւակիս, լուսնոտ է եւ սաստիկ կը տանջուի. շատ անգամ կրակի մէջ կ՚իյնայ եւ երբեմն ալ՝ ջուրի մէջ։ 16Աշակերտներուդ բերի զինք, բայց չկրցան բժշկել։
17Յիսուս պատասխանեց.
– Ո՜վ անհաւատ եւ մոլորեալ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժեմ ձեզի։ Հո՛ս բերէք զայն։
18Ապա Յիսուս սաստեց չար ոգին, որ դուրս ելաւ փոքրիկին մէջէն, եւ նոյն վայրկեանին փոքրիկը բժշկուեցաւ։
19Ապա, երբ առանձին մնացին, աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ հարցուցին.
– Մե՞նք ինչու չկրցանք դուրս հանել չար ոգին։
20Յիսուս պատասխանեց.
– Ձեր թերահաւատութեան պատճառով։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք, պիտի կարենաք ըսել այս լերան. «Հոսկէ հոն տեղափոխուէ», եւ պիտի տեղափոխուի։ Ո՛չ մէկ բան անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի համար։ 21Բայց այս տեսակ չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել։

Յիսուս դարձեալ կը խօսի իր մահուան եւ յարութեան մասին
(Մր 9.30-32Ղկ 9.44-45)

22Եւ մինչ տակաւին Գալիլեայի մէջ կը շրջէին, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն.
– Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, 23որոնք պիտի սպաննեն զայն, բայց երրորդ օրը անիկա յարութիւն պիտի առնէ։
Այս խօսքին վրայ աշակերտները շատ տրտմեցան։

Տաճարին տուրքին վճարումը

24Երբ Կափառնաում եկան, տաճարին տուրքը գանձողները մօտեցան Պետրոսի եւ հարցուցին.
– Ձեր Վարդապետը տաճարին տուրքը չի՞ տար։
– Անշուշտ կու տայ,– ըսաւ Պետրոս։
25Եւ երբ տուն մտան, Յիսուս կանխելով Պետրոսի ըսելիքը, հարցուց.
– Սիմո՛ն, ի՞նչ է կարծիքդ, աշխարհի թագաւորները հարկերը եւ տուրքերը որմէ՞ կ՚առնեն, քաղաքացիներէ՞ն թէ օտարներէն։ 26Եւ երբ Պետրոս ըսաւ՝ «Օտարներէն», Յիսուս աւելցուց.
– Ուստի քաղաքացիները այդ տուրքէն զերծ են։ 27Բայց որպէսզի այդ մարդիկը չգայթակղեցնենք, ծով գնա ու կարթ նետէ, եւ առաջին ձուկը որ բռնես՝ անոր բերանը բաց եւ հոն արծաթ դրամ մը պիտի գտնես։ Տար դրամը անոնց տուր, իմ եւ քու տեղդ։