Matthew 11
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
Յովհաննէս Մկրտիչի պատգամաւորները
(Ղկ 7.18-35)
1Յիսուս այս պատուէրները իր տասներկու աշակերտներուն տալէ ետք մեկնեցաւ հոնկէ՝ քարոզելու եւ ուսուցանելու համար շրջակայ քաղաքներուն մէջ։
2Երբ Յովհաննէս բանտին մէջ լսեց Քրիստոսի կատարած գործերուն մասին, իր աշակերտներէն ոմանք ղրկեց Յիսուսի, 3հարցնելու համար.
– Դո՞ւն ես ան որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք։
4Յիսուս պատասխանեց.
– Գացէք եւ Յովհաննէսի պատմեցէք ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. 5ահա կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ Աւետարանը աղքատներուն կը քարոզուի։ 6Երանի՜ անոր որ իմ պատճառովս իր հաւատքը չի կորսնցներ։
7Երբ Յովհաննէսի աշակերտները մեկնեցան, Յիսուս սկսաւ Յովհաննէսի մասին խօսիլ ժողովուրդին, ըսելով.
– Ի՞նչ տեսնելու գացիք անապատ։ Հովէն շարժող եղէ՞գ մը։ 8Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք։ Փառաւոր զգեստներ հագած մա՞րդ մը։ Բայց անոնք որ փառաւոր զգեստ կը հագնին՝ թագաւորական պալատներու մէջ են։ 9Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք։ Մարգարէ՞ մը։ Այո՛, վստահ եղէք, նոյնիսկ աւելի քան մարգարէ մը։ 10Որովհետեւ Յովհաննէսի մասին է որ մարգարէութեան մէջ Տէրը կ՚ըսէ. «Ահա պատգամաբերս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»։ 11Վստահ եղէք, թէ մարդոց մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը չէ ծնած. սակայն երկինքի արքայութեան մէջ յետին եղողը Յովհաննէսէն աւելի մեծ է։ 12Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան օրերէն մինչեւ այսօր մարդիկ երկինքի արքայութիւնը ձեռք ձգելու համար ոյժ կը բանեցնեն, եւ զօրաւորները ձեռք կը ձգեն զայն։ 13Մովսէսի Օրէնքը եւ բոլոր մարգարէները մինչեւ Յովհաննէսի ժամանակը մարգարէացան երկինքի արքայութեան մասին. 14եւ եթէ կ՚ուզէք ընդունիլ՝ Յովհաննէսն է Եղիան, որ պիտի գար։ 15Ականջ ունեցողը թող լսէ։
16Որո՞ւ նմանցնեմ այս սերունդի մարդիկը։ Կը նմանին այն փոքրիկներուն, որոնք շուկայի հրապարակներուն վրայ կը նստին եւ իրարու ձայն կու տան, 17ըսելով. «Նուագեցինք ձեզի, բայց դուք չպարեցիք. ողբի երգեր երգեցինք, բայց դուք չլացիք»։ 18Յովհաննէսը եկաւ, ո՛չ կ՚ուտէր, ո՛չ կը խմէր, եւ կ՚ըսեն. «Դիւահար է»։ 19Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ ու կը խմէ, եւ կ՚ըսեն. «Ուտող ու խմող է այս մարդը, մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն՝ բարեկամ»։ Բայց արդարութեան հետեւորդները կրնան հասկնալ Աստուծոյ իմաստութիւնը։
Անհաւատ քաղաքներ
(Մտ 10.15, Ղկ 10.13-15)
20Ապա Յիսուս սկսաւ մեղադրել այն քաղաքները, ուր ինք բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր, քանի անոնք դարձի չէին եկած.
– 21Վա՜ յ քեզի, Քորազի՛ն, վա՜ յ քեզի, Բեթսայիդա՛, եթէ այն հրաշքները որոնք ձեր մէջ գործուեցան՝ կատարուէին Տիւրոսի եւ Սիդոնի մէջ, անոնց բնակիչները շատոնց քուրձ հագնելով եւ մոխիրի վրայ նստելով ապաշխարած պիտի ըլլային։ 22Ուրեմն, կ՚ըսեմ ձեզի.– Դատաստանի օրը Տիւրոսի եւ Սիդոնի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան թէ ձերը։ 23Իսկ դո՛ւն, Կափառնաո՛ւմ, որ մինչեւ երկինք բարձրացեր ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես։ Որովհետեւ այն հրաշքները որ մէջդ գործուեցան՝ եթէ կատարուէին Սոդոմի մէջ, վստահաբար անիկա կանգուն պիտի ըլլար մինչեւ այսօր։ 24Ուրեմն, կ՚ըսեմ ձեզի.– Դատաստանի օրը Սոդոմի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան թէ ձերը։
Գոհութիւն երկնաւոր Հօր
(Ղկ 10.21-22)
25Այն ատեն Յիսուս այսպէս աղօթեց.
– Հա՜ յր, երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ քեզի, որ իմաստուններէն եւ գիտուններէն ծածկեցիր այն՝ ինչ որ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց։ 26Այո՛, Հա՛յր, դուն այսպէս ուզեցիր։
27Հայրս ամէն ինչ տուած է ինծի, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Որդին՝ բացի Հօրմէն, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին։
28Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի։ 29Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։ 30Քանի իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ։