Matthew 14
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
Յովհաննէս Մկրտիչի մահը
(Մր 6.14-29, Ղկ 3.19-20, 9.7-9)
1Այդ ատենները, Հերովդէս չորրորդապետ լսեց Յիսուսի համբաւը 2եւ ըսաւ իր ծառաներուն.
– Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է. ա՛ն է որ մեռելներէն յարութիւն առած է, եւ այդ պատճառով է որ հրաշքներ կը գործուին իր ձեռքով։
3Քանի Հերովդէս ինքն էր որ ձերբակալել տուած էր Յովհաննէսը, շղթայել եւ բանտ նետել տուած, իր Փիլիպպոս եղբօր կնոջ՝ Հերովդիայի պատճառով։ Շ 4Որովհետեւ Յովհաննէս կ՚ըսէր Հերովդէսի.
– Մեր Օրէնքը չի թոյլատրեր որ անոր հետ ամուսնանաս։
5Այս պատճառով՝ Հերովդէս կ՚ուզէր սպաննել Յովհաննէսը, բայց ժողովուրդէն կը վախնար, քանի մարդիկ զայն իբրեւ մարգարէ կ՚ընդունէին։ 6Արդ, Հերովդէսի ծննդեան տարեդարձը եկաւ։ Եւ երբ Հերովդիայի աղջիկը հրաւիրեալներուն դիմաց պարեց, ասիկա ա՛յնքան հաճելի թուեցաւ Հերովդէսի, 7որ երդում ընելով խոստացաւ անոր տալ ի՛նչ որ ուզէր։ 8Ան ալ նախապէս իր մօրմէն խրատուած ըլլալով, ըսաւ.
– Հիմա հոս, ափսէի մը վրայ, Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը տուր ինծի։
9Թագաւորը շատ տխրեցաւ, բայց հրաւիրեալներուն դիմաց իր ըրած երդումին պատճառով՝ հրամայեց որ աղջկան ուզածը տան։ 10Եւ մարդ ղրկելով՝ գլխատել տուաւ Յովհաննէսը բանտին մէջ։ 11Դահիճը անոր գլուխը ափսէի մը վրայ բերաւ եւ տուաւ աղջկան, իսկ աղջիկն ալ տարաւ իր մօրը։
12Յովհաննէսի աշակերտները եկան, առին մարմինը եւ թաղեցին, ապա եկան պատմեցին Յիսուսի։
Հինգ հազարին կերակրումը
(Մր 6.30-44, Ղկ 9.10-17, Յհ 6.1-13)
13Երբ Յիսուս Յովհաննէսի գլխատումը լսեց, առանձինը նաւակ մտնելով՝ այդտեղէն գնաց ամայի վայր մը։ Շրջանի քաղաքներուն բնակիչները լսելով ասիկա, քալելով հետեւեցան իրեն։ 14Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ մեծ բազմութիւնը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդները բժշկեց։
15Երեկոյեան, իր աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին.
– Ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերը իրենց համար ուտելիք գնելու։
16Յիսուս ըսաւ.
– Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։
17Անոնք ըսին Յիսուսի.
– Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ։
18Յիսուս ըսաւ.
– Հո՛ս բերէք ատոնք։
19Եւ հրամայեց որ ժողովուրդը նստեցնեն խոտին վրայ։ Ապա առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն, որոնք բաժնեցին ժողովուրդին։ 20Բոլորն ալ կերան ու կշտացան. եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։ 21Իսկ ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները չհաշուած։
Յիսուս կը քալէ ջուրին վրայէն
(Մր 6.45-56, Յհ 6.15-21)
22Ապա Յիսուս անմիջապէս ստիպեց որ աշակերտները նաւակ ելլեն եւ իրմէ առաջ երթան լիճին միւս կողմը, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։
23Ժողովուրդը արձակելէ ետք, Յիսուս առանձինը լեռ բարձրացաւ աղօթելու։ Երբ երեկոյ եղաւ, Յիսուս հոն մինակ էր, 24մինչ նաւակը ցամաքէն բաւական հեռու՝ ալեկոծութեան մէջ էր, որովհետեւ հովը իրենց դիմացէն կը փչէր։ 25Գիշերուան չորրորդ պահուն, Յիսուս լիճին վրայէն քալելով աշակերտներուն քով եկաւ։ 26Անոնք երբ տեսան որ ջուրին վրայէն կը քալէր՝ սարսափեցան եւ ըսին.
– Ուրուական մըն է։
Ու վախէն սկսան պոռալ։
27Յիսուս անմիջապէս խօսեցաւ անոնց հետ եւ ըսաւ.
– Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք։
28Պետրոս ըսաւ.
– Տէ՛ր, եթէ դուն ես՝ հրամայէ որ ջուրերուն վրայէն քալելով քովդ գամ։
29Յիսուս ըսաւ.
– Եկո՛ւր։
Պետրոս նաւակէն իջաւ եւ ջուրերուն վրայէն քալելով սկսաւ երթալ Յիսուսի։ 30Բայց տեսնելով հովին սաստկութիւնը՝ վախցաւ, եւ երբ սկսաւ ընկղմիլ, «Տէ՜ ր, ազատէ՛ զիս» պոռաց։ 31Յիսուս անմիջապէս ձեռքը երկարելով բռնեց զայն եւ ըսաւ.
– Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ կասկածեցար։
32Եւ երբ նաւակ բարձրացան, հովը դադրեցաւ։ 33Նաւակին մէջ գտնուող աշակերտները երկրպագեցին Յիսուսի եւ ըսին.
– Իսկապէս դուն Աստուծոյ Որդին ես։
34Ապա անցնելով դիմացի կողմը, ցամաք ելան Գեննեսարէթ։ 35Տեղացիները ճանչցան զինք, եւ ամբողջ գաւառին մէջ մարդ ղրկեցին ու բոլոր հիւանդները Յիսուսի բերին 36եւ կ՚աղաչէին որ գոնէ թոյլ տայ հիւանդներուն, որ իր հագուստի քղանցքին դպչին։ Եւ անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։