Matthew 25

1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28

Տասը կոյսերուն առակը

1Այն ատեն երկինքի թագաւորութիւնը պիտի նմանի հետեւեալին.–
Տասը կոյսեր կային, որոնք իրենց լապտերները առած՝ դիմաւորելու ելան փեսան: 2Անոնցմէ հինգը յիմար էին, իսկ միւս հինգը՝ իմաստուն։ 3Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ պահեստի ձէթ չառին, 4մինչդեռ իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ սրուակով ձէթ առին։ 5Եւ երբ փեսան ուշացաւ գալու, բոլորն ալ թմրեցան ու քնացան։
6Կէս գիշերին կանչ մը լսուեցաւ. «Ահա փեսան կու գայ, զայն դիմաւորելու ելէք»։ 7Կոյսերը արթնցան եւ սկսան իրենց լապտերները կարգի դնել։ 8Յիմար կոյսերը իմաս տուններուն ըսին. «Ձեր ձէթէն քիչ մը մեզի տուէք, որովհետեւ մեր լապտերները ահա կը մարին»։ 9Իմաստուն կոյսերը պատասխանեցին. «Ո՛չ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ մեզի եւ ձեզի չբաւէ. աւելի լաւ կ՚ըլլայ որ երթաք խանութպաններուն եւ ձեզի համար ձէթ գնէք»։
10Երբ անոնք ձէթ գնելու գացին, փեսան եկաւ, եւ պատրաստ եղողները փեսային հետ հարսանիքի մտան, եւ դուռը գոցուեցաւ։ 11Քիչ ետք եկան միւս կոյսերը եւ ըսին. «Տէ՛ր, Տէ՜ր, դուռը բա՛ց մեզի»։ 12Փեսան պատաս խանեց. «Իսկապէս որ չեմ ճանչնար ձեզ»։
13Ապա Յիսուս եզրակացուց.
– Ուրեմն՝ արթո՛ւն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու Որդիին գալուն ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը։

Ինչպէ՞ս շահարկել դրամը
(Ղկ 19.11-27)

– 14Դարձեալ, երկինքի արքայութիւնը պիտի նմանի հետեւեալին.–
Մարդ մը կար, որ երբ ուրիշ երկիր պիտի երթար, կանչեց իր ծառաները եւ անոնց յանձնեց իր ստացուածքը, որ շահարկեն։ 15Եւ համաձայն անոնց կարողութիւններուն, մէկուն տուաւ հինգ հարիւր ոսկի դրամ, միւսին՝ երկու հարիւր եւ ուրիշի մը՝ հարիւր։ Եւ ապա ճամբորդեց։
16Ծառաներէն ան որ հինգ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, անմիջապէս գնաց, շահարկութեան դրաւ եւ հինգ հարիւր եւս շահեցաւ։ 17Նոյն ձեւով, ան որ երկու հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, երկու հարիւր ալ շահեցաւ։ 18Բայց ան որ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, գնաց հողը փորեց եւ իր տիրոջ դրամը հոն պահեց։
19Բաւական ժամանակ ետք, այդ ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ պահանջեց։ ԽՔ 6 (20Ան որ հինգ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, հինգ հարիւր եւս բերաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինծի հինգ հարիւր ոսկի դրամ տուիր, ահաւասիկ հինգ հարիւր եւս շահեցայ»։ 21Տէրը ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ, եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան»։ 22Ան որ երկու հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինծի երկու հարիւր ոսկի դրամ տուիր, ահաւասիկ երկու հարիւր ալ շահեցայ»։ 23Տէրը ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ։ Դո՛ւն ալ եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան»։
24Յետոյ մօտեցաւ ան որ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, գիտէի որ խիստ մարդ ես, կը հնձես ինչ որ չես սերմանած եւ կը հաւաքես ինչ որ չես ցանած։ 25Վախցայ, ուստի գացի եւ տուած հարիւր ոսկի դրամդ հողին մէջ պահեցի։ Ահա տուածդ քեզի»։ 26Տէրը պատասխանեց. «Չար ու ծո՛յլ ծառայ, եթէ գիտէիր որ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած եւ կը հաւաքեմ ինչ որ չեմ ցանած, 27պէտք էր որ քեզի յանձնած դրամս շահարկողներուն տայիր, որպէսզի վերադարձիս տոկոսով միասին ետ առնէի զայն։ 28Հիմա առէ՛ք անկէ հարիւր ոսկի դրամը եւ տուէք անոր՝ որ հազար ունի։ 29Որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի՝ նոյնիսկ աւելիով, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն ալ։ 30Իսկ այս անպիտան ծառան դուրսը մութին հանեցէք։ Թող հոն լայ եւ ակռաները կրճտէ»։

Վերջին դատաստանը

– 31Եւ երբ Մարդու Որդին իր փառքով գայ՝ բոլոր հրեշտակներուն հետ, պիտի նստի իր թագաւորական գահին վրայ։ 32Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին իր դիմաց եւ ինք մարդիկը իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս որ հովիւը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ 33Ոչխարները պիտի կանգնեցնէ իր աջ կողմը, իսկ այծերը՝ ձախ կողմը։ 34Յետոյ թագաւորը իր աջ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է։ 35Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, 36մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի»։
37Այն ատեն արդարները պիտի հարցնեն. «Տէ՛ր, քեզ ե՞րբ անօթի տեսանք եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւ տեսանք եւ ջուր տուինք։ 38Քեզ ե՞րբ օտարական տեսանք եւ ընդունեցինք կամ մերկ՝ եւ հագցուցինք։ 39Քեզ ե՞րբ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք եւ այցի եկանք քեզի»։ 40Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. «Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք»։
41Ապա իր ձախ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. «Անիծեալնե՛ր, հեռացէ՛ք ինձմէ, գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ, որ Սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է։ 42Որովհետեւ անօթի էի՝ եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի՝ եւ ջուր չտուիք, 43օտարական էի՝ եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ եւ չհագցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ՝ եւ սակայն այցի չեկաք ինծի»։
44Այն ատեն անոնք պիտի հարցնեն. «Տէ՛ր, քեզ ե՞րբ անօթի, ծարաւ, օտարական, մերկ, հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք եւ քեզի չօգնեցինք»։ 45Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. «Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն չօգնեցիք, ինծի օգնած չեղաք»։ 46Եւ այսպէս, անոնք պիտի երթան յաւիտենական պատիժի, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքի։