Matthew 27
1 I 2 I 3 I 4 I 5 I 6 I 7 I 8 I 9 I 10 I 11 I 12 I 13 I 14 I 15 I 16 I 17 I 18 I 19 I 20 I 21 I 22 I 23 I 24 I 25 I 26 I 27 I 28
Յիսուս Պիղատոսի կը տարուի
(Մր 1ջ.1, Ղկ 22.66, 23,1, Յհ 18,28)
1Առաւօտ կանուխ, բոլոր աւագ քահանաները եւ ժողովուրդի երէցները որոշում առին՝ սպաննելու Յիսուսը։ 2Կապեցին զայն եւ տարին յանձնեցին կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին։
Յուդայի մահը
(Գրծ 1.18-19)
3Այն ատեն Յուդա, որ մատնած էր Յիսուսը, երբ տեսաւ որ Յիսուս դատապարտուեցաւ, զղջաց եւ իր ստացած երեսուն արծաթ դրամը աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդի երէցներուն վերադարձնելով՝ ըսաւ.
– 4Մեղք գործեցի արդար մէկը մատնելուս համար։
Անոնք ըսին.
– Մեզի ի՞նչ, ատիկա քու գիտնալիքդ է։
5Յուդա դրամը նետեց տաճարին մէջ եւ հեռացաւ։ Ապա գնաց եւ ինքզինք կախեց։
6Աւագ քահանաները առին դրամը եւ ըսին.
– Մեր Օրէնքը թոյլ չի տար որ այդ դրամը ձգենք տաճարի գանձանակին մէջ, որովհետեւ արեան գին է։
7Եւ խորհրդակցելէ ետք՝ այդ դրամով Բրուտի արտը գնեցին, իբրեւ օտարներու գերեզման գործածելու համար։ 8Այս պատճառով մինչեւ այսօր այդ արտը Արեան Արտ կը կոչուի։ 9Այս ձեւով ահա իրականացաւ Տիրոջ խօսքը Երեմիա մարգարէի բերնով ըսուած. «Առին երեսուն արծաթ դահեկանը, գինը վաճառուածին, որուն գին տուին Իսրայէլի ժողովուրդէն ոմանք, 10եւ զայն տուին Բրուտի արտին համար, ինչպէս որ Տէրը հրամայեց ինծի»։
Պիղատոս կը հարցաքննէ Յիսուսը
(Մր 15.2-5, Ղկ 23.2-5, Յհ 18.29-38)
11Երբ Յիսուս կառավարիչին դիմաց կանգնեցաւ, կառավարիչը հարցուց իրեն.
– Դո՞ւն ես Հրեաներու թագաւորը։
Յիսուս պատասխանեց.
– Ահա դո՛ւն կ՚ըսես։
12Եւ երբ աւագ քահանաներն ու երէցները զինք կ՚ամբաստանէին, ինք պատասխան չէր տար։ 13Ուստի Պիղատոս ըսաւ.
– Չե՞ս լսեր ասոնց ըրած ամբաստանութիւնները քեզի դէմ։
14Սակայն Յիսուս պատասխան չտուաւ, ոչ իսկ բառ մը, ինչ որ մեծ զարմանք պատճառեց կառավարիչին։
Յիսուս մահուան կը դատապարտուի
(Մր 15.6-15, Ղկ 23.13-25, Յհ 18.39—19.16)
15Կառավարիչը սովորութիւն ունէր ամէն Զատիկի տօնին ազատ արձակել բանտարկեալ մը, նայած թէ ժողովուրդը ո՛վ կ՚ուզէր։ 16Այդ ժամանակ նշանաւոր բանտարկեալ մը կար, որուն անունը Յեսու Բարաբբա էր։ 17Երբ ամբոխը հաւաքուեցաւ, Պիղատոս հարցուց.
– Այս երկուքէն ո՞ր մէկը կ՚ուզէք որ ազատ արձակեմ. Յեսու Բարաբբա՞ն թէ Քրիստոս կոչուած Յիսուսը։
18Որովհետեւ Պիղատոս գիտէր, որ նախանձի պատճառով մատնած էին զայն։ 19Եւ մինչ Պիղատոս ատեան նստած էր, կինը լուր ղրկեց իրեն, ըսելով.
– Այդ արդար մարդուն հետ գործ մի՛ ունենար, որովհետեւ գիշերը երազիս մէջ իր պատճառով գլուխէս շատ բաներ անցան։
20Սակայն աւագ քահանաները եւ երէցները ժողովուրդը համոզեցին որ խնդրեն Բարաբբան ազատ արձակել եւ Յիսուսը՝ մահուան դատապարտել։
21Եւ երբ կառավարիչը հարցուց անոնց՝ «Այս երկուքէն ո՞ր մէկը կ՚ուզէք որ ազատ արձակեմ», անոնք պատասխանեցին.
– Բարաբբան։
22Պիղատոս հարցուց.
– Բայց ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, Քրիստոս կոչուածը։
– 23Թող խաչուի՛– պատասխանեցին բոլորը։
Անիկա ըսաւ.
– Ի՞նչ չարիք գործած է։
Բայց անոնք աւելի բարձր աղաղակներով կ՚ըսէին.
– Թող խաչուի՜։
24Պիղատոս երբ տեսաւ որ օգուտ չունի շարունակելը, ընդհակառակը, ամբոխը աւելի կը խռովի, ջուր առնելով ժողովուրդին դիմաց ձեռքերը լուաց եւ ըսաւ.
– Անպարտ եմ ես այս արդար մարդուն արիւնէն. ձեր գիտնալիքն է։
25Ամբողջ ամբոխը պատասխանեց.
– Անոր արիւնը թող մեր եւ մեր զաւակներուն վրայ ըլլայ։
26Այն ատեն Պիղատոս ազատ արձակեց Բարաբբան, իսկ Յիսուսը խարազանել տալէ ետք՝ զինուորներուն յանձնեց, որպէսզի խաչեն։
Զինուորները կը ծաղրեն Յիսուսը
(Մր 15.16-20, Ղկ 23.11, Յհ 19.2-3)
27Զինուորները Յիսուսը տարին կառավարիչին պալատը, ուր անոր շուրջ հաւաքուեցաւ զինուորներու ամբողջ գունդը։ 28Ապա մերկացուցին Յիսուսը եւ անոր ուսերուն նետեցին կարմիր քղամիդ մը։ 29Փուշէ պսակ մը հիւսելով դրին անոր գլխուն եւ եղէգ մըն ալ տուին աջ ձեռքին։ Զինուորները ծունկի կու գային անոր առջեւ եւ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Ողջո՛յն, Հրեաներո՛ւ թագաւոր»։ 30Կը թքնէին անոր երեսին, եղէգը ձեռքէն կ՚առնէին եւ գլխուն կը զարնէին։ 31Զայն ծաղրելէ ետք, վրայէն հանեցին քղամիդը եւ հագցուցին իր զգեստները, եւ ապա տարին զայն խաչելու։
Յիսուսի խաչելութիւնը
(Մր 15.21-32, Ղկ 23.26-43, Յհ 19.17-27)
32Երբ դուրս կ՚ելլէին, Սիմոն անունով Կիւրենացի մէկը գտան եւ ստիպեցին որ Յիսուսի խաչը շալկէ։ 33Երբ եկան այն վայրը որ կը կոչուէր Գողգոթա, որ կը նշանակէ գանկի վայր, 34հոն լեղիով խառն գինի տուին որ խմէ. երբ համը առաւ՝ չուզեց խմել։ 35Ապա խաչ հանեցին զինք եւ վիճակ ձգելով՝ հագուստները իրենց միջեւ բաժնեցին։ Ահա այսպէս իրականացաւ Տիրոջ խօսքը, մարգարէին բերնով ըսուած. «Հագուստներս իրենց միջեւ բաժնեցին եւ իմ վերարկուիս վրայ վիճակ ձգեցին»։ 36Զինուորները հոն նստած՝ պահակութիւն կ՚ընէին իր վրայ։ 37Իր գլխուն վրայ դրին նաեւ իր դատապարտութեան արձանագրութիւնը, որ կ՚ըսէր. «Ասիկա է Յիսուսը՝ Հրեաներու թագաւորը»։ 38Այն ատեն իրեն հետ խաչեցին երկու աւազակներ ալ, մէկը իր աջ կողմը, իսկ միւսը՝ ձախ։
39Անոնք որոնք կ՚անցնէին խաչին առջեւէն, կը նախատէին զինք եւ իրենց գլուխը շարժելով 40կ՚ըսէին.
– Դուն տաճարը պիտի քանդէիր եւ երեք օրէն շինէիր, հա՞. եթէ Աստուծոյ Որդի ես՝ դուն քեզ ազատէ եւ վար իջիր խաչէն։
41Նոյնպէս աւագ քահանաները Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ երէցներուն հետ կը ծաղրէին զինք ու կ՚ըսէին.
– 42Ուրիշները ազատեց, բայց ինքզինք չի կրնար ազատել։ Եթէ Իսրայէլի թագաւորն է՝ թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէսզի հաւատանք իրեն։ 43Աստուծոյ վրայ յոյսը դրած էր, չէ՞, եւ կ՚ըսէր՝ թէ Աստուծոյ Որդի եմ։ Շատ աղէկ, Աստուած թող զինք ազատէ հիմա, եթէ զայն կը սիրէ։
44Նմանապէս, իրեն հետ խաչուած աւազակներն ալ կը նախատէին զինք։
Յիսուսի մահը
(Մր 15.33-41, Ղկ 23.44-49, Յհ 19.28-30)
45Կէսօրին խաւարը պատեց ամբողջ երկիրը, մինչեւ ժամը երեք։ 46Ժամը երեքի ատենները Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց, ըսելով.
– «Էլի՛, էլի՛, լա՞մա սաբաքթանի», որ կը նշանակէ. «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս»։
47Հոն գտնուողներէն անոնք որոնք լսեցին, ըսին.
– Եղիան կը կանչէ։
48Անոնցմէ մէկը անմիջապէս գնաց եւ սպունգը քացախին մէջ թաթխելով եղէգին ծայրը անցուց եւ տուաւ Յիսուսի որ խմէ։ 49Ուրիշներ ալ կ՚ըսէին.
– Ձգեցէք տեսնենք, Եղիան պիտի գա՞յ զինք ազատելու։
50Իսկ Յիսուս դարձեալ բարձրաձայն աղաղակեց եւ հոգին աւանդեց։ 51Եւ ահա տաճարին վարագոյրը պատըռուեցաւ եւ վերէն վար երկու մասի բաժնուեցաւ, երկիրը շարժեցաւ եւ ժայռերը ճեղքուեցան, 52գերեզմանները բացուեցան, եւ շատ մը սուրբ ննջեցեալներ յարութիւն առին։ 53Անոնք գերեզմաններէն ելան եւ Յիսուսի յարութենէն ետք Սուրբ Քաղաքը մտան, ուր շատերու երեւցան։
54Երբ հարիւրապետը եւ իր հետ գտնուող զինուորները, որոնք պահակութիւն կ՚ընէին, տեսան երկրաշարժը եւ պատահածները, սաստիկ վախցան եւ ըսին.
– Իրապէս որ ասիկա Աստուծոյ Որդին էր։
55Հոն բազմաթիւ կիներ ալ կային, որոնք հեռուն կեցած կը դիտէին. անոնք Գալիլեայէն հետեւած էին Յիսուսի՝ ծառայելու համար անոր։ 56Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբի եւ Յովսէփի մայրը՝ Մարիամը, ինչպէս նաեւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը։
Յիսուսի թաղումը
(Մր 15.42-47, Ղկ 23.50-56, Յհ 19.38-42)
57Երբ երեկոյ եղաւ, Յովսէփ անունով հարուստ մէկը, որ Արիմաթեայէն էր եւ որ ինք ալ աշակերտած էր Յիսուսի, 58գնաց Պիղատոսի մօտ եւ խնդրեց որ Յիսուսի մարմինը իրեն տրուի։ Պիղատոս հրամայեց որ տան մարմինը։ 59Յովսէփ մարմինը առնելով՝ մաքուր կտաւով պատանքեց եւ դրաւ ժայռափոր նոր բացուած գերեզմանի մը մէջ։ 60Ապա գերեզմանի մուտքին մեծ քար մը գլորեց որպէս կափարիչ, եւ գնաց։ 61Հոն էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը, որոնք նստած էին գերեզմանին դիմացը։
Յիսուսի գերեզմանին պահպանութիւնը
62Յաջորդ առաւօտ, այսինքն Ուրբաթին յաջորդող օրը, աւագ քահանաները եւ Փարիսեցիները հաւաքուեցան Պիղատոսի մօտ 63եւ ըսին.
– Տէ՛ր, յիշեցինք որ այդ մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան կ՚ըսէր. «Երեք օրէն յարութիւն պիտի առնեմ»։ 64Արդ, հրամայէ՛ որ գերեզմանը մինչեւ երրորդ օրը զգուշութեամբ պահեն, որպսզի չըլլայ որ աշակերտները գիշերով գան ու գողնան զայն եւ ժողովուրդին ըսեն, թէ մեռելներէն յարութիւն առաւ։ Այս վերջին մոլորութիւնը առաջինէն աւելի գէշ կ՚ըլլայ։
65Պիղատոս ըսաւ անոնց.
– Զինուորներ ունիք, գացէք եւ զգուշութեամբ պահեցէք, ինչպէս որ գիտէք։
66Անոնք ալ գացին եւ գերեզմանը հսկողութեան տակ առին, քարը կնքեցին եւ զինուորներ պահակ դրին։